Ա­մա­ռո­ւան ե­ղա­նա­կը յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին-կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քին մէջ յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ե­րի­տա­սար­դա­կան բազ­մա­թիւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով։ ­Տար­բեր միու­թիւն­նե­րու կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած բա­նա­կում­նե­րը, ա­մա­ռա­նոց­ներն ու հա­մա­հայ­կա­կան հա­ւաք­նե­րը՝ անց­նե­լով սոսկ ար­ձա­կուր­դի ու ժա­ման­ցի ա­ռիթ­նե­րու շրջա­գի­ծէն, հան­դի­սա­ցան ազ­գա­յին ինք­նու­թեան, գա­ղա­փա­րա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ հա­ւա­քա­կան պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը վե­րա­նո­րո­գե­լու կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւան­ներ։ Ա­նոնք ան­գամ մը եւս ցոյց տո­ւին, թէ երբ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պո­ւած մի­ջա­վայ­րի մը մէջ կը հա­մախմ­բո­ւի, հա­ւա­քա­կան կեան­քը կը ստա­նայ նոր շունչ եւ վստա­հու­թիւն ա­պա­գա­յի նկատ­մամբ։
Ա­մա­ռո­ւան ա­ռա­ջին հանգ­րո­ւան­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան բա­նա­կու­մը Ատ­տի­կէի մէջ։ Բ­նու­թեան հետ կա­պը, կար­գա­պա­հու­թիւ­նը, ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը, անձ­նա­կան ու հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ սկաու­տա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը պա­տա­նի­նե­րուն եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն փո­խան­ցե­ցին այն­պի­սի ար­ժէք­ներ, ո­րոնք կը գե­րա­զան­ցեն սո­վո­րա­կան ա­մառ­նա­յին հա­ւա­քի մը սահ­ման­նե­րը։
­Մարմ­նակր­թա­կան մեր մեծ ­Միու­թեան ո­գին իր ա­ռա­ւել ամ­բող­ջա­կան դրսե­ւո­րու­մը ու­նե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հա­մա­հայ­կա­կան բա­նա­կու­մին ըն­թաց­քին՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ուր աշ­խար­հի տար­բեր գա­ղութ­նե­րէն շուրջ 900 ե­րի­տա­սարդ­ներ հա­մախմ­բո­ւե­ցան հայ­րե­նի եր­կին­քին տակ։ ­Յու­նա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւս ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին այս մեծ հա­մախմ­բու­մին։ ­Զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ ապ­րող հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հան­դի­պու­մը կը փաս­տէ, որ աշ­խար­հագ­րա­կան հե­ռա­ւո­րու­թիւն­նե­րը չեն վե­րաց­ներ ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը, երբ գո­յու­թիւն ու­նի զայն ապ­րեց­նող կազ­մա­կեր­պո­ւած կամք, ո­րուն կեն­դա­նի ար­տա­յայ­տու­թիւնն է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի՝ սե­րունդ­ներ կեր­տող «­Բարձ­րա­ցիր-բարձ­րա­ցուր» նշա­նա­բա­նը։
Այս ա­մա­ռո­ւան մէկ այլ ու­շագ­րաւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն Հ.Գթ.­Խա­չի ­Խալ­քի­տի­քիի ա­մա­ռա­նոցն էր, որ այս տա­րի կրկին բա­ցաւ իր դռնե­րը եր­կար տա­րի­նե­րու ա­կա­մայ ընդ­հա­տու­մէ ետք։ Ա­մա­ռա­նո­ցի վե­րա­բա­ցու­մը պէտք է նկա­տել որ­պէս ա­պա­գա­յին հա­մար յոյս ներշն­չող նշան, թէ նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կրնան աս­տի­ճա­նա­բար ընդ­լայ­նո­ւիլ՝ այլ գա­ղութ­նե­րէ պա­տա­նի­ներ եւս հա­մախմ­բե­լով, եւ նոր սե­րունդ­նե­րուն հա­մար վե­րա­ծո­ւիլ ազ­գա­յին ու ըն­կե­րա­յին կեան­քի մնա­յուն օ­ճախ­նե­րու։
­Խալ­քի­տի­քիի մէջ իր ա­մառ­նա­յին ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նա­ցուց նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւ­նը։ Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մախմ­բու­մը, ըն­կե­րա­յին կա­պե­րու ամ­րապն­դու­մը եւ գա­ղա­փա­րա­կան շփում­նե­րը այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը վե­րա­ծե­ցին այն­պի­սի մի­ջա­վայ­րի, ուր ե­րի­տա­սար­դը կը վե­րա­նո­րո­գէ իր կա­պը ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն հետ, օ­ղակ մը եւս ա­ւելց­նե­լով այն շղթա­յին, որ կը զօ­րաց­նէ գա­ղա­փա­րա­կան պատ­րաս­տու­թիւ­նը՝ ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին նո­ւի­րա­բեր­ման հա­մար։
Իսկ, ա­մա­ռո­ւան ե­րի­տա­սար­դա­կան շրջա­գի­ծը իր յատ­կան­շա­կան վեր­ջա­կէ­տին կը հաս­նի Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան 45-րդ ­բա­նա­կու­մով՝ ­Քէ­րա­թէա­յի բա­նա­կա­վայ­րին մէջ։ ­Բա­նա­կու­մին քա­ռա­սուն­հին­գե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պո­ւի­լը ինք­նին կը վկա­յէ տաս­նա­մեակ­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի, շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան եւ սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցո­ւող դաս­տիա­րա­կու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին, հայ պա­տա­նի­նե­րու հո­գեմ­տա­յին կազ­մա­ւոր­ման ու ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծի կերտ­ման ջան­քե­րուն մէջ։
Այս բո­լոր հա­ւաք­նե­րը, տար­բեր ձե­ւե­րով եւ տար­բեր ըն­կե­րա­յին խում­բե­րով հան­դերձ, կը միա­ւո­րո­ւին մէկ հիմ­նա­կան գա­ղա­փա­րի շուրջ. կազ­մա­կեր­պո­ւած ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ու­նի իր ա­մուր յե­նա­րան­նե­րը, ո­րոնց մի­ջո­ցով ան կրնայ կառ­չած մնալ ազ­գա­յին եւ գա­ղա­փա­րա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան ա­կունք­նե­րուն։ Այդ յե­նա­րան­նե­րը պա­տա­հա­կա­նօ­րէն չեն ստեղ­ծո­ւած։ Ս­փիւռ­քի եւ հայ­րե­նի­քի մէջ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ կա­տա­րո­ւած հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի, նո­ւի­րու­մի ու ազ­գա­շէն գոր­ծու­նէու­թեան ար­դիւնքն են՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ա­նոր ուղ­ղե­կից միու­թիւն­նե­րուն։
­Գա­ղա­փա­րա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թեան պատ­րաս­տու­թիւ­նը եւ ա­նոր կա­պը հայ­րե­նի­քի ու հա­յու­թեան բարձ­րա­գոյն ար­ժէք­նե­րուն հետ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ե­ղած են կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քի գլխա­ւոր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։ Այ­սօր, սա­կայն, մէջ­տեղ ե­կած են տհաճ ձայ­ներ, ո­րոնք ան­տե­սե­լով սփիւռ­քի մէջ ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծի պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րո­ւած կա­րե­ւո­րա­գոյն աշ­խա­տան­քը, ­Հա­յաս­տա­նի բարձր բե­մե­րէն ար­հես­տա­կան բա­ժա­նա­րար գի­ծեր կը փոր­ձեն ստեղ­ծել հա­յու­թեան տար­բեր հա­տո­ւած­նե­րուն մի­ջեւ։
Ուղ­ղոր­դո­ւած նման ձայ­նե­րուն դէմ ա­մե­նէն հա­մո­զիչ պա­տաս­խա­նը վի­ճա­բա­նու­թիւ­նը չէ, այլ՝ կազ­մա­կեր­պո­ւած գոր­ծը։ Ե­րի­տա­սար­դա­կան բազ­մա­թիւ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը այդ գոր­ծին կեն­դա­նի վկա­յու­թիւնն են։ Երբ հայ պա­տա­նին ու ե­րի­տա­սար­դը կը մաս­նակ­ցի բա­նա­կու­մի, երբ կը հան­դի­պի աշ­խար­հի տար­բեր գա­ղութ­նե­րէն ե­կած իր հա­սա­կա­կից­նե­րուն, կը վե­րա­դառ­նայ հայ­րե­նի­քէն իր հետ տա­նե­լով ապ­րում­ներ եւ փոր­ձա­ռու­թիւն­ներ, կը կա­պո­ւի ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն եւ հա­սակ կը նե­տէ հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ, ան կը դառ­նայ ազ­գա­յին շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան կեն­դա­նի օ­ղա­կը։
­Պէտք է ան­վե­րա­պա­հօ­րէն հաս­տա­տել, թէ գա­ղու­թա­յին ու հա­մա­հայ­կա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­մախմ­բում­նե­րը ա­պա­գա­յի կազ­մա­ւոր­ման շա­ղա­խը պատ­րաս­տող հո­գեմ­տա­ւոր աշ­խա­տա­նոց­ներն են։
Եւ քա­նի դեռ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կը հա­մախմ­բո­ւի, կը դաս­տիա­րա­կո­ւի եւ կը գոր­ծէ հա­մազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն շուրջ, բա­ժա­նա­րար գի­ծեր ստեղ­ծե­լու սին փոր­ձե­րը չեն կրնար խզել Ս­փիւռ­քի եւ ­Հայ­րե­նի­քի մի­ջեւ այն կա­պը, որ սե­րունդ­ներ շա­րու­նակ պահ­պա­նո­ւած է հա­ւատ­քով, նո­ւի­րու­մով ու կազ­մա­կեր­պո­ւած ան­թուլ աշ­խա­տան­քով։
Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան եւ գա­ղա­փա­րա­կան մի­ջա­վայ­րը կը շա­րու­նա­կէ մնալ մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան վե­րա­նո­րոգ­ման, հա­յա­կերտ­ման եւ ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն դարբ­նոց­նե­րէն մէ­կը։