«Մի մոռնաք մեզի»
Վահէ Թաշճեան
Արեւմտեան Թրակիա, կամ Յունական Թրակիա։ Անունը արդէն կը յուշէ, թէ հոն այցելութիւնը կրնայ ըլլալ անցեալ ժամանակներու երկրախուզութիւն մը։ Հինգ օրուայ համար եկած էի այս տարածքը յունահայ պատմութեան վերաբերող արխիւային նիւթեր թուայնացնելու ծրագիրի մը շրջարկին մէջ։ Քանի մը տարի առաջ Պերլինի Յուշամատեան կազմակերպութիւնը Աթէնքի «Արմենիքա» միութեան հետ միասնաբար ստացաւ Բրիտանական գրադարանէն դրամաշնորհ մը այս ծրագիրը իրականացնելու համար։ Աթէնք, Գոքինիա, Սելանիկ այս աշխատանքը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, ահաւասիկ մեր խումբը հասած էր Արեւմտեան Թրակիա՝ հոս եւս հայկական գրաւոր հետքեր գտնելու եւ զանոնք թուայնացնելու նպատակով։
Աթէնքի խումբէն Մայքը, Անայիսը եւ Վերապատուելի Վիգէն Չոլագեանը արդէն իսկ մէկ շաբաթէ այստեղ էին եւ սկսած էին թուայնացնել Արեւմտեան Թրակիոյ զանազան քաղաքներուն մէջ գտնուող հայկական համայնքային նիւթերը։
Ասոնց շարքին են յատկապէս տեղական հայկական Թաղական խորհուրդներուն պատրաստած գաղթականական ցանկերը (1920-ականներէն սկսեալ), որոնց մէջ կարելի է գտնել զանազան մանրամասնութիւններ իւրաքանչիւր նոր հասածի մասին։ Կան նաեւ Թաղական խորհուրդներու նիստերու ատենագրութիւնները, Թաղական խորհուրդներու նամակագրութիւնը, որոնք յաճախ ծայր կ՚առնեն 19-րդ դարէն։ Այս բոլորէն զատ կարելի է գտնել նաեւ հայկական այլ կազմակերպութիւններու (բարեգործական, մարզական, մշակութային, դպրոցական) տեղական արխիւները, 1940-ական թուականներուն Խորհրդային Հայաստան ներգաղթող հայերու անուանացանկերը, ներգաղթի վերաբերող թղթակցութիւնը, եւայլն։ Բոլոր այս նիւթերը մեծ մասամբ տեղադրուած են Ալեքսանդրուպոլիսի, Քսանթիի, Գավալայի, Գոմոթինիի մէջ գործող հայկական եկեղեցիներու արխիւներուն մէջ։ Կարելի չէ ըսել որ պատմական այս արխիւները կը պահուին լաւագոյն պայմաններու մէջ. այս պատճառով է, որ Բրիտանական գրադարանին ծրագիրը կը կոչուի «Վտանգուած արխիւներ», մեր ալ ներկայութիւնը այս վայրերուն մէջ կը միտէր բոլոր այս նիւթերը թուայնացնել, գէթ ապագայ փճացումի կամ անհետացումի մը առաջքը առնելու եւ այս ձեւով թուայնացուած օրինակ մը պահպանելու համար։
Իմ եւ Աթէնքէն ժամանած Անիին գործն էր հոս ապրող հայ ընտանիքներու հետ հարցազրոյցներ կատարել, անոնց քով պահուող պատմական նիւթերը (լուսանկար, փաստաթուղթ, յուշ-իրեր) թուայնացնել, իւրաքանչիւր ընտանիքի անցած ուղին գրի առնել։ Այս պատմութիւններէն շատեր այս վայրերուն մէջ ծայր կ՚առնեն նախքան Յունաստան հայ գաղթականներու զանգուածային հոսքը, որ տեղի ունեցած է 1922-էն ետք։
***
Այսպէս, Ալեքսանդրուպոլիսի մէջ կը հանդիպիմ Լուսի Սարգիսեանին։ Ան փոքր երկիւղ մը կ՚ապրի երբ կ՚իմանայ, որ հարցազրոյցը պիտի վարեմ հայերէնով։ Լուսիին հայրը հայ է, մայրը յոյն է։ Բայց անմիջապէս պարզ կը դառնայ, որ մեծ հմտութեամբ կրնայ հայերէնով արտայայտուիլ։ Լուսիին նախնիները Մուշի գիւղերէն են, անոնք Ալեքսանդրուպոլիս եկած են 1870-ականներուն, երբ այս քաղաքը տակաւին նոր կը հիմնուէր, անիկա մաս կը կազմէր Օսմանեան կայսրութեան եւ այդ ժամանակներուն կը կոչուէր Տէտէաղաճ։ Սկիզբը միայն մշեցի տղամարդիկը եկած են իբրեւ այս քաղաքէն անցնող երկաթուղագիծը կառուցող բանուորներ։ Կ՚ենթադրուի, որ մշեցիները եղած են այս քաղաքին առաջին հայերը եւ անոնց հետքերը մինչեւ այսօր ալ նկատելի են. հայկական եկեղեցին կը կոչուի Սուրբ Կարապետ, որ հիմնուած է 1875-ին՝ ի յիշատակ Մշոյ նշանաւոր Սուրբ Կարապետ վանքին։
Տասնամեակներ շարունակ եկեղեցիին կողքին գործած է հայկական տեղական վարժարանը՝ «Տարօնեան»ը, ի յիշատակ մշեցիներու ծծնդավայր Տարօնի շրջանին։ Լուսին լաւ կը յիշէ իրենց ընտանիքին մէջ լսուող Մշոյ բարբառով խօսքեր. «Չըմ գինա» (չեմ գիտեր), չըմ ուզի (չեմ ուզեր)։ Ալեքսանդրուպոլիսը մեր առաջին հանգրուանն էր։ Յաջորդ քանի մը օրերուն մեր խումբը պիտի այցելէր Քսանթի, Օրեսթիատա, Տիտիմօթիքօ, Գոմոթինի. բոլոր վայրերուն մէջ ալ պիտի հանդիպէինք հայ ընտանիքներու եւ հարցազրոյցներ պիտի կատարէինք հետերնին։
Ամբողջ այս տարածքին՝ Արեւմտեան Թրակիոյ մէջ, կը զգաս որ սովորական Յունաստանէն՝ անոր ծովերէն, կղզիներէն եւ ամենուրեք զբօսաշրջիկներէն տարբեր վայրի մը մէջ ես։ Այս շրջանը կարծես թէ աւելի շատ Պալքաններու շարունակութիւնն է, բնակչութիւնն ալ հակառակ վերջին դարու պատերազմներուն եւ հակամարտութիւններուն, կը շարունակէ բազմազան մնալ. քրիստոնեայ պուլկարները եւ հրեաները թէեւ ամբողջովին անհետացած են հոսկէ, բայց եւ այնպէս յոյն-ուղղափառներու կողքին տակաւին կ՚ապրին թուրքեր, փոմաքներ (իսլամ պուլկարներ), իսլամ ռոմանիներ։ Մզկիթները սովորական ներկայութիւններ են տարածքի քաղաքներու եւ գիւղերու համայնապատկերին մէջ։ Բնականաբար կան նաեւ հայեր, որոնց համար ալ մեր խումբը ժամանած է Արեւմտեան Թրակիա։
Ագիս Տանկազեանը ծնած է Գոմոթինի, ներկայիս կ՚ապրի Սելանիկ։ Ան քաջածանօթ է իր ընտանիքի եւ Գոմոթինիի հայութեան պատմութեան։ «Մինչեւ 1912 թուականը Գոմոթինին — որ այդ ժամանակ կը կոչուէր Կիւմիւլճինա — եւ ամբողջ Արեւմտեան Թրակիան մաս կազմած են Օսմանեան կայսրութեան։ Քաղաքին վերջին օսմանեան կառավարիչը հայազգի Մկրտիչ էֆէնտի Թապագեանն էր, որ ծխախոտի յայտնի վաճառական մըն էր։ Այս ընտանիքին պատկանող խանութը մինչեւ այսօր գոյութիւն ունի եւ անոր ճակատին ցուցատախտակի մը վրայ այդ տարիներէն մնացած է հայերէն արձանագրութիւն մը, ուր նշուած է Յակոբ Թապագեան անունը», կը յայտնէ Ագիս։ 1912-ին, Պալքանեան առաջին պատերազմէն ետք այս շրջանը կ՚անցնի Պուլկարիոյ իշխանութեան տակ։ Միայն 1920-ին է, որ Գոմոթինին եւ ամբողջ տարածքը կը միացուին Յունաստանի։
***
Գոմոթինիի հայկական համայնքային կեանքի վկայութիւններ կան 18-րդ դարու կէսերէն։ Հայկական եկեղեցին՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը, կառուցուած է 1834-ին։ Անիկա կը գտնուի պատմականօրէն «Հայոց թաղ» կոչուող վայրին մէջ։ Ագիս կը վկայէ, որ ժամանակին բոլոր հայերը այս թաղին մէջ կ՚ապրէին։
Փողոցներուն ներկայ անունները հայկական երբեմնի ներկայութեան մը վկաներն են քաղաքի այս մասին մէջ. Իօաննու Ցիմիսքի (Յովհաննէս Չմշկիկ)՝ հայկական ծագումով Բիւզանդիոյ կայսր, Λεωφ. Αρμενίου (Հայկական փողոց), Ռուբէն Գէորգեան՝ Գոմոթինիի կառավարական խորհուրդի անդամ, որ 1920-ին իր քուէով վճռական դեր կ՚ունենայ այս տարածքին Յունաստանի միացման ճիգերուն մէջ։ Գոմոթինիի մէջ կ՚ապրի եւ կը գործէ նաեւ Արեւմտեան Թրակիոյ հայկական եկեղեցիի ներկայ հոգեւոր հովիւը՝ Տէր Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանը, որ մաս կը կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան։
Գոմոթինիի եկեղեցիի յարակից սրահին մէջ էր, որ մօտ երկու շաբթուայ ընթացքին Աթէնքէն ժամանած մեր խումբը հիւրընկալուեցաւ եւ համայնքային մարմինը լաւագոյն պայմանները ստեղծեց, որպէսզի Արեւմտեան Թրակիոյ մէջ հաւաքուած արխիւային նիւթերը — մօտաւորապէս 7 հազար էջ — թուայնացուին։
Ագիս դիտել կու տայ, որ ներկայիս Գոմոթինիի հայոց պատմական թաղին մէջ միայն երկու հայ ընտանիք կը շարունակէ ապրիլ։ Այս քաղաքի եւ ընդհանրապէս Արեւմտեան Թրակիոյ հայկական կեանքը իր ամէնէն բեղուն տարիները կ՚ապրի 1920-1930-ական թուականներուն։ Հայկական ներկայութիւնը իր ծանրագոյն հարուածը կը ստանայ Բ. Աշխարհամարտի յաջորդող տարիներուն։
1941-1944 Արեւմտեան Թրակիան դարձեալ կ՚անցնի նացիական Գերմանիոյ դաշնակից՝ Պուլկարիոյ իշխանութեան տակ։ Ծանրակշիռ տարիներ էին, որոնց ընթացքին հրեաները ամբողջութեամբ կը տեղահանուին, նոր իշխանութիւնները բնակիչներուն կը պարտադրեն հրաժարիլ յունական հպատակութենէն եւ փոխարէնը ընդունիլ պուլկարականը, պուլկարերէնը կը դառնայ տարածքի պաշտօնական լեզուն, եւայլն։ Այս բոլորը անհետեւանք պիտի չանցնէին։ Երբ պուլկարացիները կը քաշուին Արեւմտեան Թրակիայէն եւ յունական իշխանութիւնները կը վերադառնան հոս, անմիջապէս ծայր կ՚առնեն վրէժխնդրական արարքներ։ Այսպիսի պայմաններու մէջ բնականաբար առաջին զոհերէն կ՚ըլլան խոցելի փոքրամասնութիւնները, որոնց շարքին առաջին կարգի վրայ էին հայերը։ Ծայր կ՚առնեն իրենց մեծամասնութեան մէջ անհիմն ամբաստանութիւններով հայերու դէմ դատեր, կը գործադրուին հայերու դէմ ճնշումներ։
***
Քսանթիէն Գոհար Քիւրքճեան (ծնեալ Նազարեան) կը պատմէ, որ այդ օրերուն իր հօրաքոյրը՝ Արաքսին ալ այսպիսի կեղծ ամբաստանութիւններով վեց ամիս բանտարկուած պիտի մնար։ Այս ճնշիչ մթնոլորտը հիմնական պատճառ կը հանդիսանայ Արեւմտեան Թրակիայէն հայերու գաղթին։ Շատեր կը մեկնին դէպի Ֆրանսա, Ա.Մ.Ն., Լատին Ամերիկա։ Բայց մեծամասնութիւնը կը գաղթէ դէպի Խորհրդային Հայաստան, երբ Բ. Աշխարհամարտէն ետք խորհրդային իշխանութիւնները կը նախաձեռնեն Սփիւռքի հայերու գաղթին։ Օրեսթիատայէն Զապէլ Փափազեանը կը վկայէ, որ իր ընտանիքն ալ պիտի մեկնէր Խորհրդային Հայաստան։ Ամէն ինչ պատրաստ էր, կը մնար միայն իրենց կալուածները ծախել։ Զապէլին հայրը ունէր երկու եղբայր, որոնցմէ մէկը նոյնպէս որոշած էր գաղթել Խորհրդային Հայաստան։ Բայց Օրեսթիատա մնացող երրորդ եղբայրը կ՚ընդդիմանայ, համաձայնութիւնը չի տար կալուածները ընտանիքէն դուրս մէկու մը վաճառման, իսկ ինքն ալ միջոցները չունէր զանոնք գնելու։ Այս անհամաձայնութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որ երեք եղբայրները շարունակեն մնալ Օրեսթիատայի մէջ։
Բայց մեկնողներ շատ եղած են այդ տարիներուն։ Արեւմտեան Թրակիայէն զանգուածային գաղթը պատճառ կ՚ըլլայ որ փակուին հայկական վարժարանները եւ համայնքային երբեմնի աշխուժ կեանքը հետըզհետէ մարի։ Տարօրինակօրէն ճակատագիրը նոր անակնկալ մը վերապահած էր այս համայնքներուն։ Այս դէպքերէն մօտ 50 տարի ետք, 1990-ականներու սկզիբը հայ գաղթականներ այս վայրերը կը հասնին Հայաստանէն եւ նախկին խորհրդային այլ երկիրներէ։ Անոնք այս համայնքներուն կը բերեն նոր կենսունակութիւն եւ վերստին կ՚աշխուժանայ համայնքային կեանքը։ Փաստօրէն այս տարիներէն սկսեալ նոր էջ մը բացուած է Արեւմտեան Թրակիոյ հայկական կեանքին մէջ։
Հին եւ նոր համայնք այս համատեղ կեցութեան տպաւորիչ օրինակ մըն էր մեր խումբին Տիտիմոթիքօ (հայկական աղբիւրներուն մէջ Տիմոթիքա) այցելութիւնը։ Կը գտնուինք Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ, մեր Արեւելքին կ՚երեւի բնական սահմանագիծ հանդիսացող Մարիցա գետը (յունարէնով Էվրոս, թրքերէնով Մերիչ), հեռուէն կը պարզուին հսկայական անցարգելները, որոնք վերջին տարիներուն յունական սահմանին վրայ կառուցուեցան գաղթականներու հոսքը արգիլելու համար։ Տիտիմոթիքոյի մէջ բլուրի մը վրայ կառուցուած է Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցին։ Հոն են Զապէլը, Սոնիան, Պորիսը։ Այս վերջինը Ռուսիայէն գաղթած հայ մըն է, որ վերջին տարիներուն Ս. Գէորգ եկեղեցիին պահապան հրեշտակը դարձած է։ Երբ հրաժեշտ պիտի տայինք խումբէն, Զապէլ մեզի կ՚ըսէ. «մի մոռնաք մեզի, մենք ալ հոս հայկական համայնք մըն ենք»։
Մեր վերադարձի ճամբուն վրայ Մայք գեղեցիկ գաղափարը կ՚ունենայ ամէն տարի դէպի այս կողմերը կազմակերպելու Աթէնքէն խմբային այցելութիւն մը, որուն ընթացքին այցելուները պիտի շրջագային բոլոր այն վայրերը ուրկէ մենք անցանք, պիտի վայելեն Արեւմտեան Թրակիոյ գեղեցկութիւնը, ինչպէս նաեւ ծանօթանան անցեալի եւ ներկայի անոր հայկական կեանքին։
***
Մատենագրութիւն
Արեւմտեան Թրակիոյ հայերու պատմութեան մասին տեսնել հետեւեալ գիրքերը՝
Ասատուր Յ. Մակարեան, Յուշագիրք Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ հայ գաղութներու, Սելանիկ, տպ. Հորիզոն օրաթերթի, 1929, 640 էջ (հայերէն)։
Յունարէն թարգմանութիւն՝ «Η Ιστορία των Αρμενικών Κοινοτήτων Θράκης και Μακεδονίας, (Σταμούλης-Θεσσαλονίκη), Αθήνα, 2025։
Ճենի Գասպարեան, Քոնսթանթինոս Խացոփուլոս, Գոմոթինիի հայերը, Գոմոթինի, 2009, 544 էջ (յունարէն, անգլերէն, հայերէն եռալեզու հրատարակութիւն)։
Լէոնիտաս-Լեւոն Տիլսիզեան, Επί τα ίχνη της αρμενικής κοινότητας της Αλεξανδρούπολης–Δεδέαγατς (1875–2025) [Ալեքսանդրուպոլիս-Տէտէաղաճի հայկական համայնքի հետքերով (1875–2025)], «Արմենիքա» միութիւն, Աթէնք, 2025, 136 էջ (յունարէն)։









