Այ­բու­բեն­նե­րու կա­ռու­ցո­ւած­քը՝ յու­նա­կան հիմ­քե­րէն մին­չեւ ­Սուրբ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի հան­ճա­րեղ յօ­րի­նու­մը

0
14

ԱՐԱ ՄԱՆԿՈՅԵԱՆ

­Պատ­մու­թեան մէջ ա­նընդ­հատ յա­ռա­ջըն­թաց մը կայ՝ այն օ­րէն, երբ մարդ­կա­յին մտա­ծու­մը ձեւ ստա­ցաւ եւ ձայ­նին ան­նիւ­թա­կան հնչիւ­նը վե­րա­ծո­ւե­ցաւ տե­սա­նե­լի նշա­նի։ ­Գի­րին ծնուն­դը դար­ձա­կէտ մըն էր. յա­ռաջ­խա­ղացք մը, որ ոչ միայն փո­խեց մար­դոց խօ­սե­լու կեր­պը, այ­լեւ օգ­նեց, որ ա­նոնք ա­ւե­լի խո­րունկ թա­փան­ցեն ու լիո­վին ըն­կա­լեն ի­րենց իսկ սե­փա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը։
Շ­նոր­հիւ այս գիւ­տին՝ մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը թափ ստա­ցաւ. ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին մար­դիկ սոր­վե­ցան ոչ միայն ի­րենց մտքերն ու գա­ղա­փար­նե­րը ար­ձա­նագ­րել, այլ հա­սան նաեւ ա­ւե­լի խոր­քա­յին ձեռք­բե­րու­մի մը։ Ա­նոնք քննե­ցին ի­րենց լե­զո­ւին կա­ռու­ցո­ւած­քը, բաժ­նե­ցին խօս­քի ան­տե­սա­նե­լի հնչիւն­նե­րը եւ գծե­ցին նշան­ներ, ո­րոնք կրնա­յին զա­նոնք ճշգրտու­թեամբ ար­տա­յայ­տել։ ­Պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ —Ք.Ա. 8-րդ ­դա­րուն, երբ յոյ­նե­րը վե­րա­ձե­ւե­ցին փիւ­նի­կեան հա­մա­կար­գը— մար­դը կրցաւ որ­սալ այդ ան­տե­սա­նե­լի հնչիւն­նե­րը, չա­փել զա­նոնք, քան­դա­կել քա­րի, կա­ւի ու պա­պի­րո­սի վրայ եւ ա­նոնց տե­ւա­կա­նու­թիւն ա­պա­հո­վել։ Այդ պա­հէն ի վեր, հնչիւ­նը ու­նե­ցաւ յի­շո­ղու­թիւն, իսկ յի­շո­ղու­թիւ­նը ստա­ցաւ տե­սա­նե­լի ձեւ։
­Մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ այ­բու­բեն­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը կը նմա­նի եր­կու ճամ­բա­նե­րու. մէ­կը՝ դան­դաղ, ինք­նա­բուխ, ա­ռեւ­տու­րի, յի­շո­ղու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին շփում­նե­րու ընդ­մէ­ջէն դա­րե­րով կեր­տո­ւած, միւ­սը՝ գի­տա­կից, ծրագ­րո­ւած, լու­սա­ւոր պա­հու մը ար­գա­սի­քը, երբ մարդ մը կ­’ո­րո­շէ իր լե­զուն քար­տէ­սագ­րել գիտ­նա­կա­նի ճշգրտու­թեամբ։ Ե­թէ դի­տենք մեր աշ­խար­հա­մա­սի չորս մեծ այ­բու­բեն­նե­րը —յու­նա­կա­նը, լա­տի­նա­կա­նը, հայ­կա­կանն ու կիւ­րե­ղեա­նը— կը տես­նենք չորս տար­բեր պա­տաս­խան­ներ միեւ­նոյն հար­ցու­մին. ինչ­պէ՞ս վե­րա­ծել հնչիւ­նը տե­սա­նե­լի մտա­ծու­մի։
­Յու­նա­կան այ­բու­բե­նը պարզ բա­րե­լա­ւում մը չէր՝ իս­կա­կան յայտ­նու­թիւն մըն էր։ ­Յոյ­նե­րը ա­ռին հա­մա­կարգ մը, որ միայն բա­ղա­ձայն­նե­րէ կը բաղ­կա­նար, եւ հա­մար­ձա­կե­ցան ը­նել ան­հա­ւա­տա­լին՝ ձայ­նա­ւոր­նե­րը դարձ­նել գրա­ւոր։ Ա­նոնք այն փիւ­նի­կեան նշան­նե­րը, ո­րոնք յու­նա­կան հնչիւ­նա­բա­նու­թեան մէջ դեր չու­նէին, վե­րա­ծե­ցին ձայ­նա­ւոր տա­ռե­րու՝ ստեղ­ծե­լով պատ­մու­թեան ա­ռա­ջին ամ­բող­ջա­կան այ­բու­բե­նը։ Այդ պա­հէն սկսեալ, լե­զուն ստա­ցաւ նոր խո­րու­թիւն. կրնար ար­ձա­նագ­րո­ւիլ ճշգրտօ­րէն, սոր­վե­ցո­ւիլ եւ տա­րա­ծո­ւիլ։ ­Նոյ­նահն­չիւն տա­ռե­րու հե­տա­գայ յայտ­նո­ւի­լը՝ ար­տա­սա­նու­թեան բնա­կան զար­գաց­ման ար­դիւնք, տկա­րու­թիւն չէ, այլ՝ յի­շո­ղու­թիւն. ա­պա­ցոյցն է, որ յու­նա­րէ­նը չջնջեց իր ար­մատ­նե­րը, այլ պա­հեց զա­նոնք իբ­րեւ պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թիւն։
­Լա­տի­նա­կան այ­բու­բե­նը, յու­նա­կա­նի եւ էտ­րուս­կեա­նի զա­ւա­կը, եր­բեք չպա­հան­ջեց հնչիւ­նա­յին կա­տա­րե­լու­թիւն։ ­Պա­հան­ջեց սա­կայն ու­րիշ բան՝ հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րա­ծում։ Իր պար­զու­թիւ­նը, մա­քուր գծագ­րու­թիւ­նը, բազ­մա­թիւ լե­զու­նե­րու հետ յար­մա­րե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը զայն վե­րա­ծե­ցին աշ­խար­հի ա­մե­նա­տա­րա­ծո­ւած գի­րին։ Այ­բու­բեն մըն է, որ չպար­տադ­րեց իր կա­նոն­նե­րը, այլ ըն­դու­նեց ու­րիշ­նե­րու­նը։
­Լա­տի­նա­կան հա­մա­կար­գին յա­ջոր­դող դա­րե­րուն, մեր տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ կը ծա­գի նոր լոյս մը՝ 405 թո­ւա­կա­նին, երբ պատ­մու­թեան բե­մին վրայ կը յայտ­նո­ւի ­Սուրբ ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց։ Ոչ իբ­րեւ դպիր կամ գրիչ, այլ իբ­րեւ լե­զո­ւա­բան՝ նախ­քան լե­զո­ւա­բա­նու­թեան գի­տու­թիւ­նը։ Ան ու­սում­նա­սի­րեց բար­բառ­նե­րը, ունկնդ­րեց ժո­ղո­վուր­դին խօս­քը, ար­ձա­նագ­րեց հնչիւն­նե­րը, փնտռեց մեր լե­զո­ւին ներ­քին կա­նոն­նե­րը։ ­Մաշ­տոց խո­րա­պէս յե­նե­ցաւ նաեւ յու­նա­կան դպրո­ցի տրա­մա­բա­նու­թեան եւ գրչու­թեան ա­րո­ւես­տին վրայ՝ հա­յե­րէ­նին տա­լով ձա­խէն աջ գրու­թեան ուղ­ղու­թիւնն ու յու­նա­կան գրա­յին մշա­կոյ­թի ճշգրտու­թիւ­նը։ Ան ստեղ­ծեց 36 տա­ռե­րէ կազ­մո­ւած այ­բու­բեն մը, ուր իւ­րա­քան­չիւր նշան կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէր մէկ եւ միայն մէկ հնչիւ­նի։ Ա­ւե­լին՝ ­Մաշ­տո­ցի ստեղ­ծած այ­բու­բե­նը ոչ միայն մեր լե­զո­ւի բո­լոր հնչիւն­նե­րը ճշգրտօ­րէն ար­տա­յայ­տող հա­մա­կարգ մըն էր, այ­լեւ՝ յու­նա­րէ­նի ու լա­տի­նե­րէ­նի նման, տա­ռե­րու մի­ջո­ցով թո­ւա­բա­նա­կան հա­շիւ­ներ ը­նե­լու կա­տա­րեալ կա­ռոյց։ ­Հե­տաքրք­րա­կան է, որ ­Մաշ­տոց հե­տե­ւե­ցաւ յու­նա­կան այ­բու­բե­նի հիմ­նա­կան կար­գին, իսկ ա­ռա­ջին տա­ռե­րու հնչիւ­նա­յին հեր­թա­կա­նու­թեան մէջ (Ա–Բ–Գ–Դ / Ayb–Ben–Gim–Da) պա­հեց մի­ջերկ­րա­կա­նեան ա­ւան­դոյ­թի դա­սա­կան շար­քը։
Ա­հա՛ հոն է հայ­կա­կան հրաշ­քը. հա­յոց այ­բու­բե­նը դա­րե­րու ըն­թաց­քին դան­դաղ չզար­գա­ցաւ, այլ՝ մէկ ան­գա­մէն նա­խագ­ծո­ւե­ցաւ։ Չ­յա­ռա­ջա­ցաւ դա­րա­ւոր գոր­ծա­ծու­թե­նէ, այլ ծնաւ սրբա­զան տե­սիլ­քի եւ մա­քուր հան­ճա­րի պայ­ծառ պա­հուն։ ­Մեր մայ­րե­նին՝ ոս­կե­ղե­նիկ ու ա­ղօ­թա­մա­տոյց հա­յե­րէ­նը, ­Մաշ­տո­ցի սուրբ ձեռ­քով ստա­ցաւ իր յա­ւեր­ժա­կան զրա­հը։ Այդ պա­հուն, երբ հայ գի­րը դրոշ­մո­ւե­ցաւ պատ­մու­թեան վրայ, մեր լե­զուն դար­ձաւ մեր հայ­րե­նի­քը, մեր ինք­նու­թեան ա­նա­ռիկ բեր­դը եւ մեր հո­գիին անս­պառ աղ­բիւ­րը։ Եւ այ­սու­հան­դերձ, ինչ­պէս ա­մէն կեն­դա­նի լե­զու, հա­յե­րէնն ալ զար­գա­ցաւ ժա­մա­նա­կի հետ՝ ստեղ­ծե­լով նոր հա­մահն­չիւ­նու­թիւն­ներ եւ բա­ղա­ձայ­նա­կան փո­փո­խու­թիւն­ներ՝ ոչ թէ ո­րով­հե­տեւ հա­մա­կար­գը թե­րի էր, այլ ո­րով­հե­տեւ լե­զուն ապ­րող էակ մըն է։
­Մաշ­տո­ցէն յե­տոյ, 9-րդ ­դա­րուն, կը ծա­գի նոր այ­բու­բե­նա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թիւն՝ ­Սուրբ ­Կիւ­րե­ղի եւ ­Մե­թո­դիո­սի ա­շա­կերտ­նե­րուն ձեռ­քով։ ­Կիւ­րե­ղեան հա­մա­կար­գը պարզ ըն­դօ­րի­նա­կու­թիւն չէր՝ իս­կա­կան հա­մադ­րու­թիւն էր։ Ա­ւել­ցուց նոր տա­ռեր՝ գրե­լու հա­մար այն հնչիւն­նե­րը, ո­րոնք յու­նա­րէ­նը չու­նէր, իր մէջ առ­նե­լով սլա­ւո­նա­կան լե­զու­նե­րու հնչիւ­նա­յին բար­դու­թիւ­նը։ Այս­պէս, ա­նի­կա դար­ձաւ ամ­բողջ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ըն­տա­նի­քի մը գրա­կան գոր­ծի­քը։
Այ­բու­բեն­նե­րու հաս­տա­տու­մէն ետք գրա­ւոր լե­զուն նոր հո­րի­զոն­ներ բա­ցաւ մարդ­կա­յին կեան­քի ա­մէն մար­զի մէջ։ Գ­րա­կա­նու­թեան մէջ, այն օ­րէն, երբ հո­մե­րա­կան դիւ­ցազ­ներ­գու­թիւն­նե­րը բա­նա­ւոր խօս­քէն ան­ցան գրա­ւո­րի, լե­զուն դար­ձաւ գե­ղե­ցի­կին ու հո­գե­կան ո­րո­նում­նե­րու ար­տա­յայ­տի­չը՝ մար­դուն ար­տօ­նե­լով գրի առ­նել ա­ռաս­պե­լա­կան, ող­բեր­գա­կան ու ան­հա­տա­կան ապ­րում­նե­րը եւ դա­րե­րու ընդ­մէ­ջէն պահ­պա­նել մարդ­կա­յին փոր­ձա­ռու­թիւ­նը։ ­Գի­տու­թեան մէջ, լե­զուն վե­րա­ծո­ւե­ցաւ տրա­մա­բա­նա­կան մտա­ծո­ղու­թեան գլխա­ւոր գոր­ծի­քի՝ ճշդե­լով գա­ղա­փար­նե­րու շրջա­նակ­նե­րը, ար­տօ­նե­լով վար­կած­նե­րու ձե­ւա­կեր­պումն ու գի­տե­լի­քի հա­մա­կար­գու­մը։ Ա­ռանց գի­րի ճշգրտու­թեան, գի­տա­կան յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը չէր կրնար կու­տա­կո­ւիլ եւ փո­խան­ցո­ւիլ սե­րուն­դէ սե­րունդ։
­Թո­ւա­բա­նու­թեան մէջ, ե­թէ թի­ւե­րը ի­րենց ա­ռան­ձին լե­զուն ու­նին, բնա­կան լե­զուն կը դառ­նայ զա­նոնք հասկ­նա­լի դարձ­նող կա­մուրջ՝ բա­ցատ­րե­լով ա­պա­ցոյց­նե­րու տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը, թարգ­մա­նե­լով նշան­նե­րը ի­մաս­տի եւ կա­պե­լով թո­ւա­բա­նա­կան բա­նա­ձե­ւե­րը ի­րա­կան աշ­խար­հին։ ­Տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հան­րա­յին կեան­քի մէջ՝ ա­ռա­ջին տպա­գիր թեր­թե­րէն մին­չեւ ժա­մա­նա­կա­կից թո­ւա­յին հա­մա­ցանցն ու ար­հես­տա­կան բա­նա­կա­նու­թեան հա­մա­կար­գե­րը, գրա­ւոր լե­զուն կը կազ­մէ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան ող­նա­շա­րը՝ ձե­ւա­ւո­րե­լով հան­րա­յին կար­ծի­քը, ար­տօ­նե­լով երկ­խօ­սու­թիւ­նը եւ գի­տե­լի­քը մատ­չե­լի դարձ­նե­լով բո­լո­րին։
­Վեր­ջա­պէս, ազ­գա­յին եւ մշա­կու­թա­յին միաս­նու­թեան մէջ, ընդ­հա­նուր լե­զուն եւ ընդ­հա­նուր այ­բու­բե­նը կը դառ­նան ազ­գի մը զա­ւակ­նե­րուն ա­մէ­նէն զօ­րեղ կա­պը։ ­Գաղ­թաշ­խար­հի դժնդակ պայ­ման­նե­րուն մէջ —ինչ­պէս պա­տա­հե­ցաւ յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն հա­յե­րու եւ յոյ­նե­րու պա­րա­գա­յին— գի­րին պահ­պա­նու­մը ե­ղաւ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան, հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան եւ մեր գո­յա­տեւ­ման հիմ­նա­քա­րը։
Այ­բու­բեն­նե­րը կա­մուրջ­ներ են հնչիւ­նի եւ մտքի մի­ջեւ։ Ա­նոնք եր­բեմն կը ծնին դա­րե­րու պատ­մու­թե­նէն, եր­բեմն ալ՝ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան պայ­ծառ պա­հէ մը։ ­Յու­նա­կան այ­բու­բե­նը մարդ­կու­թեան տո­ւաւ ա­ռա­ջին ամ­բող­ջա­կան հնչիւ­նա­կան քար­տէ­սը։ ­Լա­տի­նա­կա­նը տա­րա­ծեց այդ քար­տէ­սը իր ան­զու­գա­կան յար­մա­րո­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ։ ­Կիւ­րե­ղեա­նը ամ­բող­ջա­ցուց պատ­կե­րը իբ­րեւ ի­մաս­տուն մշա­կու­թա­յին հա­մադ­րու­թիւն։ Իսկ մեր սուրբ տա­ռե­րը՝ հայ­կա­կան այ­բու­բե­նը, ա­պա­ցու­ցե­ցին, որ գի­րը կրնայ ըլ­լալ աս­տո­ւա­ծա­յին ներշն­չու­մով կեր­տո­ւած ճար­տա­րա­պե­տա­կան գլուխ­գոր­ծոց մը։
Եւ այս­պէս, չորս տար­բեր ու­ղի­նե­րու ընդ­մէ­ջէն, մարդ­կու­թիւ­նը սոր­վե­ցաւ ը­նել հրա­շա­լի բան մը՝ ձեւ տալ հնչիւ­նին, տե­ւո­ղու­թիւն տալ յի­շո­ղու­թեան, տե­սա­նե­լիու­թիւն տալ մտքին, եւ յա­ւեր­ժու­թիւն՝ մեր սրտի ա­մե­նա­խո­րունկ զգա­ցում­նե­րուն։