ԱՐԱ ՄԱՆԿՈՅԵԱՆ
Պատմութեան մէջ անընդհատ յառաջընթաց մը կայ՝ այն օրէն, երբ մարդկային մտածումը ձեւ ստացաւ եւ ձայնին աննիւթական հնչիւնը վերածուեցաւ տեսանելի նշանի։ Գիրին ծնունդը դարձակէտ մըն էր. յառաջխաղացք մը, որ ոչ միայն փոխեց մարդոց խօսելու կերպը, այլեւ օգնեց, որ անոնք աւելի խորունկ թափանցեն ու լիովին ընկալեն իրենց իսկ սեփական մտածողութիւնը։
Շնորհիւ այս գիւտին՝ մարդկային քաղաքակրթութիւնը թափ ստացաւ. ժամանակի ընթացքին մարդիկ սորվեցան ոչ միայն իրենց մտքերն ու գաղափարները արձանագրել, այլ հասան նաեւ աւելի խորքային ձեռքբերումի մը։ Անոնք քննեցին իրենց լեզուին կառուցուածքը, բաժնեցին խօսքի անտեսանելի հնչիւնները եւ գծեցին նշաններ, որոնք կրնային զանոնք ճշգրտութեամբ արտայայտել։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ —Ք.Ա. 8-րդ դարուն, երբ յոյները վերաձեւեցին փիւնիկեան համակարգը— մարդը կրցաւ որսալ այդ անտեսանելի հնչիւնները, չափել զանոնք, քանդակել քարի, կաւի ու պապիրոսի վրայ եւ անոնց տեւականութիւն ապահովել։ Այդ պահէն ի վեր, հնչիւնը ունեցաւ յիշողութիւն, իսկ յիշողութիւնը ստացաւ տեսանելի ձեւ։
Մեր տարածաշրջանին մէջ այբուբեններու պատմութիւնը կը նմանի երկու ճամբաներու. մէկը՝ դանդաղ, ինքնաբուխ, առեւտուրի, յիշողութեան եւ մշակութային շփումներու ընդմէջէն դարերով կերտուած, միւսը՝ գիտակից, ծրագրուած, լուսաւոր պահու մը արգասիքը, երբ մարդ մը կ’որոշէ իր լեզուն քարտէսագրել գիտնականի ճշգրտութեամբ։ Եթէ դիտենք մեր աշխարհամասի չորս մեծ այբուբենները —յունականը, լատինականը, հայկականն ու կիւրեղեանը— կը տեսնենք չորս տարբեր պատասխաններ միեւնոյն հարցումին. ինչպէ՞ս վերածել հնչիւնը տեսանելի մտածումի։
Յունական այբուբենը պարզ բարելաւում մը չէր՝ իսկական յայտնութիւն մըն էր։ Յոյները առին համակարգ մը, որ միայն բաղաձայններէ կը բաղկանար, եւ համարձակեցան ընել անհաւատալին՝ ձայնաւորները դարձնել գրաւոր։ Անոնք այն փիւնիկեան նշանները, որոնք յունական հնչիւնաբանութեան մէջ դեր չունէին, վերածեցին ձայնաւոր տառերու՝ ստեղծելով պատմութեան առաջին ամբողջական այբուբենը։ Այդ պահէն սկսեալ, լեզուն ստացաւ նոր խորութիւն. կրնար արձանագրուիլ ճշգրտօրէն, սորվեցուիլ եւ տարածուիլ։ Նոյնահնչիւն տառերու հետագայ յայտնուիլը՝ արտասանութեան բնական զարգացման արդիւնք, տկարութիւն չէ, այլ՝ յիշողութիւն. ապացոյցն է, որ յունարէնը չջնջեց իր արմատները, այլ պահեց զանոնք իբրեւ պատմական ժառանգութիւն։
Լատինական այբուբենը, յունականի եւ էտրուսկեանի զաւակը, երբեք չպահանջեց հնչիւնային կատարելութիւն։ Պահանջեց սակայն ուրիշ բան՝ համաշխարհային տարածում։ Իր պարզութիւնը, մաքուր գծագրութիւնը, բազմաթիւ լեզուներու հետ յարմարելու կարողութիւնը զայն վերածեցին աշխարհի ամենատարածուած գիրին։ Այբուբեն մըն է, որ չպարտադրեց իր կանոնները, այլ ընդունեց ուրիշներունը։
Լատինական համակարգին յաջորդող դարերուն, մեր տարածաշրջանին մէջ կը ծագի նոր լոյս մը՝ 405 թուականին, երբ պատմութեան բեմին վրայ կը յայտնուի Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց։ Ոչ իբրեւ դպիր կամ գրիչ, այլ իբրեւ լեզուաբան՝ նախքան լեզուաբանութեան գիտութիւնը։ Ան ուսումնասիրեց բարբառները, ունկնդրեց ժողովուրդին խօսքը, արձանագրեց հնչիւնները, փնտռեց մեր լեզուին ներքին կանոնները։ Մաշտոց խորապէս յենեցաւ նաեւ յունական դպրոցի տրամաբանութեան եւ գրչութեան արուեստին վրայ՝ հայերէնին տալով ձախէն աջ գրութեան ուղղութիւնն ու յունական գրային մշակոյթի ճշգրտութիւնը։ Ան ստեղծեց 36 տառերէ կազմուած այբուբեն մը, ուր իւրաքանչիւր նշան կը համապատասխանէր մէկ եւ միայն մէկ հնչիւնի։ Աւելին՝ Մաշտոցի ստեղծած այբուբենը ոչ միայն մեր լեզուի բոլոր հնչիւնները ճշգրտօրէն արտայայտող համակարգ մըն էր, այլեւ՝ յունարէնի ու լատիներէնի նման, տառերու միջոցով թուաբանական հաշիւներ ընելու կատարեալ կառոյց։ Հետաքրքրական է, որ Մաշտոց հետեւեցաւ յունական այբուբենի հիմնական կարգին, իսկ առաջին տառերու հնչիւնային հերթականութեան մէջ (Ա–Բ–Գ–Դ / Ayb–Ben–Gim–Da) պահեց միջերկրականեան աւանդոյթի դասական շարքը։
Ահա՛ հոն է հայկական հրաշքը. հայոց այբուբենը դարերու ընթացքին դանդաղ չզարգացաւ, այլ՝ մէկ անգամէն նախագծուեցաւ։ Չյառաջացաւ դարաւոր գործածութենէ, այլ ծնաւ սրբազան տեսիլքի եւ մաքուր հանճարի պայծառ պահուն։ Մեր մայրենին՝ ոսկեղենիկ ու աղօթամատոյց հայերէնը, Մաշտոցի սուրբ ձեռքով ստացաւ իր յաւերժական զրահը։ Այդ պահուն, երբ հայ գիրը դրոշմուեցաւ պատմութեան վրայ, մեր լեզուն դարձաւ մեր հայրենիքը, մեր ինքնութեան անառիկ բերդը եւ մեր հոգիին անսպառ աղբիւրը։ Եւ այսուհանդերձ, ինչպէս ամէն կենդանի լեզու, հայերէնն ալ զարգացաւ ժամանակի հետ՝ ստեղծելով նոր համահնչիւնութիւններ եւ բաղաձայնական փոփոխութիւններ՝ ոչ թէ որովհետեւ համակարգը թերի էր, այլ որովհետեւ լեզուն ապրող էակ մըն է։
Մաշտոցէն յետոյ, 9-րդ դարուն, կը ծագի նոր այբուբենական ճարտարապետութիւն՝ Սուրբ Կիւրեղի եւ Մեթոդիոսի աշակերտներուն ձեռքով։ Կիւրեղեան համակարգը պարզ ընդօրինակութիւն չէր՝ իսկական համադրութիւն էր։ Աւելցուց նոր տառեր՝ գրելու համար այն հնչիւնները, որոնք յունարէնը չունէր, իր մէջ առնելով սլաւոնական լեզուներու հնչիւնային բարդութիւնը։ Այսպէս, անիկա դարձաւ ամբողջ ժողովուրդներու ընտանիքի մը գրական գործիքը։
Այբուբեններու հաստատումէն ետք գրաւոր լեզուն նոր հորիզոններ բացաւ մարդկային կեանքի ամէն մարզի մէջ։ Գրականութեան մէջ, այն օրէն, երբ հոմերական դիւցազներգութիւնները բանաւոր խօսքէն անցան գրաւորի, լեզուն դարձաւ գեղեցիկին ու հոգեկան որոնումներու արտայայտիչը՝ մարդուն արտօնելով գրի առնել առասպելական, ողբերգական ու անհատական ապրումները եւ դարերու ընդմէջէն պահպանել մարդկային փորձառութիւնը։ Գիտութեան մէջ, լեզուն վերածուեցաւ տրամաբանական մտածողութեան գլխաւոր գործիքի՝ ճշդելով գաղափարներու շրջանակները, արտօնելով վարկածներու ձեւակերպումն ու գիտելիքի համակարգումը։ Առանց գիրի ճշգրտութեան, գիտական յառաջդիմութիւնը չէր կրնար կուտակուիլ եւ փոխանցուիլ սերունդէ սերունդ։
Թուաբանութեան մէջ, եթէ թիւերը իրենց առանձին լեզուն ունին, բնական լեզուն կը դառնայ զանոնք հասկնալի դարձնող կամուրջ՝ բացատրելով ապացոյցներու տրամաբանութիւնը, թարգմանելով նշանները իմաստի եւ կապելով թուաբանական բանաձեւերը իրական աշխարհին։ Տեղեկատուութեան եւ հանրային կեանքի մէջ՝ առաջին տպագիր թերթերէն մինչեւ ժամանակակից թուային համացանցն ու արհեստական բանականութեան համակարգերը, գրաւոր լեզուն կը կազմէ տեղեկատուութեան ողնաշարը՝ ձեւաւորելով հանրային կարծիքը, արտօնելով երկխօսութիւնը եւ գիտելիքը մատչելի դարձնելով բոլորին։
Վերջապէս, ազգային եւ մշակութային միասնութեան մէջ, ընդհանուր լեզուն եւ ընդհանուր այբուբենը կը դառնան ազգի մը զաւակներուն ամէնէն զօրեղ կապը։ Գաղթաշխարհի դժնդակ պայմաններուն մէջ —ինչպէս պատահեցաւ յատկանշականօրէն հայերու եւ յոյներու պարագային— գիրին պահպանումը եղաւ ազգային ինքնութեան, հաւաքական յիշողութեան եւ մեր գոյատեւման հիմնաքարը։
Այբուբենները կամուրջներ են հնչիւնի եւ մտքի միջեւ։ Անոնք երբեմն կը ծնին դարերու պատմութենէն, երբեմն ալ՝ ստեղծագործական պայծառ պահէ մը։ Յունական այբուբենը մարդկութեան տուաւ առաջին ամբողջական հնչիւնական քարտէսը։ Լատինականը տարածեց այդ քարտէսը իր անզուգական յարմարուողականութեամբ։ Կիւրեղեանը ամբողջացուց պատկերը իբրեւ իմաստուն մշակութային համադրութիւն։ Իսկ մեր սուրբ տառերը՝ հայկական այբուբենը, ապացուցեցին, որ գիրը կրնայ ըլլալ աստուածային ներշնչումով կերտուած ճարտարապետական գլուխգործոց մը։
Եւ այսպէս, չորս տարբեր ուղիներու ընդմէջէն, մարդկութիւնը սորվեցաւ ընել հրաշալի բան մը՝ ձեւ տալ հնչիւնին, տեւողութիւն տալ յիշողութեան, տեսանելիութիւն տալ մտքին, եւ յաւերժութիւն՝ մեր սրտի ամենախորունկ զգացումներուն։










