Գիրքերու հետ
ԳՐԻԳՈՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նոր գիրքը՝ «Հայ Եկեղեցին», անգլերէն լեզուով։
Թէեւ միշտ խուսափած եմ գրախօսական գրելէ, սակայն առաջին ակնարկով թերթատելէ ետք, ապա՝ կարգ մը գլուխներու եւ հատուածներու վրայ յամենալէ եւ մխրճուելէ յետոյ, անկարելի եղաւ զսպել այս մասին գրելու ցանկութիւնս։
Մաքուր ու յստակ ոճով գրուած, առանց մտնելու աստուածաբանական խորութիւններու մէջ, պարզագոյն կերպով հեղինակ Հայրապետը կը ներկայացնէ Հայ Եկեղեցին, Այբէն մինչեւ Ֆէ, յստակ գլուխներու եւ ենթաբաժանումներու մէջ ներկայացնելով ինչ որ անհրաժեշտ է։ Ամէն գիրք չէ, որ մէկ շունչով կարելի է կարդալ ծայրէ ծայր, չմարող հետաքրքրութեամբ։
Հայ եկեղեցւոյ մասին գաղափար չունեցող օտարը կամ հայկական կեանքէ հեռու մնացած հայորդիներու շառաւիղները այս գիրքը կարդալով կ՚ունենան ամբողջական պատկերացում Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան, վարչական եւ նուիրապետական կառոյցին, դաւանաբանութեան, ծիսակատարութեան, խորհուրդներուն, մշակոյթին, ընկերային ծառայութեան, միջազգային էքիւմենիք շարժումին մէջ իր ունեցած դերին եւ դիրքին մասին. մէկ խօսքով՝ այս գիրքը ամբողջական պատկերացում եւ ծանօթութիւն կու տայ ընթերցողին Հայ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ։
Այս գիրքը անվերապահօրէն պէտք է նկատի ունենալ մկրտութեան պատրաստութեան համար այն երիտասարդ եւ չափահաս երախաներուն, որոնք զանազան պատճառներով առիթը չեն ունեցած մկրտուելու եւ Հայ Եկեղեցւոյ կը մօտենան մկրտուելու պատրաստակամութեամբ։
Այս գիրքի ընթերցումը կարելի է թելադրել նաեւ այն բոլոր զոյգերուն, որոնք եկեղեցւոյ կը դիմեն պատրաստուելու համար Ս. Պսակի արարողութեան։
Այս իմաստով պէտք է զայն անպայմանօրէն թարգմանել այն հիմնական լեզուներուն, որոնք կը գործածուին սփիւռքի հայութեան մեծամասնութեան կողմէ, ինչպէս՝ ֆրանսերէն, արաբերէն, ռուսերէն, սպաներէն, պարսկերէն, թրքերէն, յունարէն, հոլանտերէն, գերմաներէն, ռումաներէն, պուլկարերէն եւայլն եւայլն։
Բայց նաեւ՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն։ Այդ լեզուներով հասակ առնող սերունդներուն համար հաւատքի եւ ինքնութեան անսպառ աղբիւր է Վեհափառ Հայրապետին այս գիրքը։ Ու լաւագոյն նուէր՝ օտարներուն, ծանօթացնելու եւ ամբողջական պատկեր տալու համար Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ինքնութեան մասին։
Այս գիրքը նաեւ մնայուն վերանորոգման աղբիւր է ուսուցիչներուն եւ հոգեւորականներուն համար, որոնք եթէ գիրքի պարունակութիւնը իւրացնեն եւ պարբերաբար թարմացնեն, ամէն վայրկեան պատրաստ կ՚ըլլան Հայ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ որեւէ հարցումի, լուսաբանական բացատրութիւններու, յանպատրաստից դասախօսութեան, այլ խօսքով՝ հոգեւորականի ձեռքը առօրեայ գործիք մըն է, պայքարելու համար հոգեւոր անդաստանի մշակման ի խնդիր։
Ամէն հայ պէտք է ունենայ այս գիրքը իր բարձին մօտ, Աստուածաշունչի եւ Նարեկի կողքին։
Ձեր գրիչը դալար, Վեհափա՛ռ Տէր։