Յունաստանի Կանանց միջազգային կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, Կիրակի՝ 2 Յունիս 2019ի երեկոյեան, Թեսաղոնիկէի «Գալամարիա» շրջանի ծովեզերեայ վայրին մէջ, բազմահազար ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ «Food For Good» 22րդ ճաշի փառատօնը, աւելի քան 30 երկիրներու մասնակցութեամբ։ Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի կողմէ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ․Գ․Խ․ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիները, համագործակցելով յունական մանկական գիւղ՝ «Ֆիլիրոյ»ի հետ՝ հայկական աւանդական ճաշեր եւ ուտեստեղէններ հրամցնելով ժողովուրդին։
Պէտք է ըսել, որ մասնաճիւղի անդամուհիները տքնաջան աշխատանքով կարողացան հայութեան պատիւը բարձր պահել։ Սոյն ձեռնարկին այցելեցին նաեւ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ․ Փաշայեան, Թաղական խորհուրդի եւ շրջանիս մէ գործող միութիւններու անդամ-անդամուհիներ, ինչպէս նաեւ այլ կամաւոր անհատներ, իրենց բարձր գնահատանքը յայտնելով տիկիններու անխոնջ աշխատանքին։ Նշենք, որ սոյն ձեռնարկին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան «Մասիս» պարախումբը՝ հայ պարն ու հայ արուեստը հրամցնելով օտարներուն։
Նշենք, որ սոյն ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի բարեգործական նպատակներու։
«Food For Good» 22րդ ճաշի փառատօն՝ Թեսաղոնիկէի մէջ
«Food For Good» 22րդ ճաշի փառատօն՝ Թեսաղոնիկէի մէջ