Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական եւՊատանեկան միութեանց քարոզարշա­ւը

«­Վայր­կեան մը ու­նի՞ս։
­
Խօ­սինք Ատր­պէյ­ճա­նի մա­սին…»

­­Պա­քո­ւի մէջ ըն­թացք ա­ռած է Մ.Ա.Կ.-ի կեն­սո­լոր­տի փո­փո­խու­թեան COP29 խորհր­դա­ժո­ղո­վը, ուր կը մաս­նակ­ցին մեծ թի­ւով եր­կիր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ ­­Շուրջ ա­միս մըն է, որ Հ.Յ.Դ. ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րը, գլխա­ւո­րու­թեամբ Եւ­րո­պա­յի եւ Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Յ.Դ. ­­Հայ դա­տի գրա­սե­նեակ­նե­րուն, աշ­խա­տան­քի լծո­ւած են՝ աշ­խարհն ու պե­տու­թիւն­նե­րը ի­րա­զե­կե­լու հա­մար, թէ ի՛նչ ­կը նշա­նա­կէ այս կազ­մա­կեր­պու­մը Ատր­պէյ­ճա­նի հա­մար, որ հա­յու­թեան դէմ իր ո­ճիր­նե­րը ի­րա­գոր­ծե­լէ ետք, կը փոր­ձէ ճերմկ­ցո­ւած ե­րես մը ցոյց տալ աշ­խար­հին։
Ան­շուշտ, քիչ չեն ­­Պա­քո­ւի խայ­տա­ռա­կու­թիւն­նե­րը որ լոյս աշ­խարհ կու­գան հետզ­հետէ, բացա­յայտե­լով այս երկ­րի կա­շա­ռա­կեր ու ծա­խո­ւած մե­թոտ­նե­րը։
­­Քա­րոզ­չա­կան այս գոր­ծըն­թա­ցին ի­րենց քայ­լե­րը միա­ցու­ցին Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­­Պա­տա­նե­կան ­­միու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք վի­տէօ ե­րիզներ պատ­րաս­տե­լով, յոյն հան­րութեան կը բա­ցա­յայ­տեն Ատր­պէյ­ճա­նի հա­կա­հայ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ար­ցա­խա­հա­յու­թեան էթ­նիկ զտման ա­ռաջ­նոր­դած հե­տե­ւո­ղա­կան գոր­ծըն­թա­ցը, ար­ցա­խա­հայ գե­րի­նե­րու ա­պօ­րի­նի բան­տար­կու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս եւ նոյ­նինքն Ատր­պէյ­ճա­նի ժո­ղո­վուր­դին եւ լրագ­րա­կան կամ ակ­տի­վիս­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն դէմ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած բռնա­րարք­նե­րը։
Եր­կու յու­նա­լե­զու ե­րիզ­նե­րը հան­րու­թեան հրամ­ցո­ւած են ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն միջոցաւ, «­Վայրկեան մը ու­նի՞ս։ ­Խօ­սինք Ատր­պէյ­ճա­նի մա­սին…» նշա­նաբա­նով, եւ մեծ ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րե­լով յոյն քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք ի­րենց նշում­նե­րով եւս տե­սա­կէտ­ներ կը յայտ­նեն Ատր­պէյ­ճա­նի դէմ։
Հան­դի­սա­տես­նե­րու մեծ թի­ւը՝ յոյն ժո­ղո­վուր­դի հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ցոյց կուտայ այս թե­մա­յին նկատ­մամբ։ Ա­ւելցնենք, թէ շաբ­թո­ւան բո­լոր ըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ. Ե­րիտա­սար­դա­կան եւ ­­Պա­տա­նե­կան ­­միու­թիւն­նե­րը ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մի­ջո­ցաւ յա­ռաջ կը քշեն նաեւ հե­տե­ւեալ նշա­նա­խօս­քե­րը.

#COP29,
#StopGreenwashingGenocide,
#COP29Exposed,
#FreeArmenianHostages