Հայ երաժշտութիւնը ΕΡΤ3 կայանէն
Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2025-ի գիշերուան ժամը 11:30-ին, Յունաստանի պետական ΕΡΤ3 կայանը պիտի ցուցադրէ ծանօթագրական տեսանիւթ մը հայ երաժշտութեան մասին, նիւթ ունենալով Հայաստանի երաժշտական բնագաւառը:
Տեսանիւթը...
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Ս. Պատարագ եւ ամանորի գաթայի...
Գարէայի եւ շրջակայքի մեր հայրենակիցներուն ի գիտութիւն կը հաղորդենք թէ Շաբաթ, 18 Յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Գարէայի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» մատրան մէջ,...
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ գաթայի կտրում
Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ու Տիկնանց մարմնոյ կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 19 Յունուար 2025-ի առաւօտեան Ս. պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի պիտի ունենայ...
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼԻՍ — Ս. Յովհաննու Կարապետի հանդիսաւոր տօնախմբութիւն
Ի գիտութիւն մեր հաւատեալ ժողովուրդին, այսու կը ծանուցանենք, թէ Կիրակի, 19 Յունուար 2025-ին, պիտի նշուի Ալեքսատրուպոլսոյ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Սկիզբ Ս. Պատարագի՝ առաւօտեան ժամը 10։30-ին։
Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ Յունաստանի թեմի
բարեջան Առաջնորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան
Այս ուրախ առիթով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալները հաղորդ դառնալու սրբազան արարողութեանց եւ լսելու Առաջնորդ Հայր սուրբին պատգամը։
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ
Ամանորեայ գաթայի հաւաքոյթ Գոքինիոյ մէջ
Հ.Կ.Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը կազմակերպէ Ամանորեայ գաթայի հաւաքոյթ Չորեքշաբթի, 15 Յունուար, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Զաւարեան կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահներէն ներս:
Օրակարգ՝ «Մարզանքի անհրաժեշտութիւնը բոլոր...
Ամանորի գաթայի հաւաքոյթ Ֆիքսի մէջ
Հայ Կապոյտ Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը հրաւիրէ իր անդամուհիները ներկայ ըլլալու աւանդական գաթայի կտրումի հաւաքոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 13 Յունուար...
Աւետիսի շրջագայութիւն՝
Գոքինիոյ եւ շրջակայքին մէջ
«Զաւարեան» կեդրոնին մէջ գործող միութիւնները (Հ.Կ.Խաչ, Հ.Մ.Ը.Մ., Համազգային եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւն) կը ծանուցանեն, թէ Կիրակի, 5 Յունուարի գիշերը, պիտի կատարեն...
Նուիրահաւաք Ֆիքսի Ս. Յովհ. Կարապետի տօնին առիթով
Կիրակի 12 Յունուար 2025-ին, Նէոս Գոզմոսի(Ֆիքս) Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ եւ աւանդական մատաղօրհնութեամբ պիտի տօնուի նորաշէն եկեղեցւոյս...
Ս. Ծննդեան տօնի արարողութեանց ժամանակացոյց
Ս. Ծնունդի Ճրագալոյց
Կիրակի, 5 Յունուար 2025-ին առաւօտեան ժամերգութիւն
Կիրակի, 5 Յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 6։30-ին մարգարէութեանց ընթերցումներ եւ ժամը 7։00-ին Ս. պատարագ եւ Ս. Ծննդեան...
Գոքինիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան ժամանակացոյց
Կիրակի, 5 Յունուար 2025՝ առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Հաղորդութեան պաշտամունք։
Կիրակի, 5 Յունուար 2025՝ կ.ե. Ժամը 5։00-էն յետոյ, շրջագայութիւն հայրենակիցներու բնակարանները եւ Քրիստոսի ծննդեան աւետում։
Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2025՝ կ.ե. ժամը 6.00-ին, Ս. Ծննդեան պաշտամունք, մասնակցութեամբ Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն։
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ















