«Չարշըլը Արթին Աղա»
Չցամքող հիւմորով 1906ին մեր մեծագոյն երգիծաբան-թատերագիրներէն Երուանդ Օտեանի (1869-1926) եւ «պանդուխտի կեանքը» հարազատօրէն նկարագրող գրագէտ Մելքոն Կիւրճեանի-Հրանդ (1859-1915) կողմէ գրուած այս թատրերգութիւն-օփերէթը, փաստօրէն, երգիծական...
Ազգային Վարչութեան Ամանորեայ հաւաքը
Յունահայոց Ազգային Վարչութիւնը, Նոր Տարուան աւանդական գաթան կտրելու եւ այդ առիթով նաեւ գաղութի բոլոր կառուցային միաւորներու ներկայացուցիչները ի մի բերելու, Թեմիս նորնշանակ Կաթողիկոսական Փոխանորդ...
Համօ Օհանջանեան — Աթէնք
Եւրոպայէն վերադարձին, անկախ Հայաստանի վարչապետներէն մեծանուն Համօ Օհանջանեանը անցաւ Աթէնքէն, երկրորդ աշխարհամարտէն քանի մը տարիներ առաջ (ճիշդ թուականը չենք յիշեր)։ Նկարին մէջ շրջապատուած է...
Ժապաւէնի ցուցադրութիւն
Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ակումբի յանձնախումբի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի՝ 19 Փետրուար 2017ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան»...
Դասախօսութիւն — Վարդանանց
ԳԷորգ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ
(Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական
թեմի օգնական եպիսկոպոս)
Դարեր շարունակ, ցայսօր, հայ ժողովուրդի գիտակցութեան եւ հոգիին մէջ դրոշմուած Աւարայրի ճակատամարտին յիշատակը ոգեկոչելու կը հրաւիրուինք ազգովին,...
«Մեր հերոսական Արցախը»
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին
կողմէ Արցախին նուիրուած եռօրեայ ելոյթներ՝
«Մեր հերոսական Արցախը»
խորագրով Աթէնք 13 — 15 Մարտ 2017
Ժողովրդային հաւաք
Երկուշաբթի 13 Մարտ 2017, երեկոյեան ժամը 7։30ին,
Ֆիքսի «Արամ...
Ս. Վարդանանցի տօնակատարութիւն՝ Սերրէսի մէջ
Սմբատ Վրդ. Սապունճեան
Հինգշաբթի՝ 23 Փետրուար 2017ին, երեկոյեան ժամը 5։30ին, Յունահայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ Տիկին ՎերաՊլեճեան, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին...
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Չորեքշաբթի՝ 22 Փետրուարին, 90 տարեկան հասակին, մահացաւ հելլէն անուանի բեմադրիչ Նիքոս Գունտուրոս, որուն թաղումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 25 Փետրուարին, Աթէնքի Առաջին գերեզմանատան մէջ, ի...
Հ.Գթ.Խ. բարերարներու հոգեհանգիստ եւ հոգեճաշ Արթին Գալուստեանի յիշատակին
Կիրակի՝ 19 Փետրուար 2017ին Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը, ինչպէս ամէն տարի, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց ի յիշատակ միութեանս բոլոր հանգուցեալ բարերարներուն եւ ի գնահատումն...















