Ռու­սիոյ փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան ո­րո­շու­մով՝ Aeroflot թռիչ­քու­ղի­նե­րու ըն­կե­րու­թիւ­նը, իր օ­դա­նա­ւե­րէն մէ­կը ա­նո­ւա­նա­կո­չած է ի պա­տիւ յայտ­նի ե­րաժշ­տա­հան Առ­նօ ­Բա­բա­ջա­նեա­նի:
Վ­կա­յա­կո­չե­լով «­Ռու­սար­մին­ֆօ»ն (Rusarminfօ) «Ար­ցախփրէս­»ը կը հա­ղոր­դէ, թէ ­Յու­նիս 29ին «A. Babajanyan» գրու­թեամբ Boeing 777ը ժա­մա­նած է ըն­կե­րու­թեան թռիչք­նե­րու դաշտ:
Ո­րո­շու­մը ըն­դու­նո­ւած է Առ­նօ ­Բա­բա­ջա­նեա­նի յի­շա­տա­կի մի­ջազ­գա­յին հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ ե­ղած դի­մու­մին հի­ման վրայ:
Ըստ ե­րաժշ­տա­հա­նի որ­դիին՝ Ա­րա ­Բա­բա­ջա­նեա­նին, այդ մա­սին ո­րո­շու­մը նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ըն­դու­նած է դի­մու­մը ստա­նա­լէն շուրջ մէկ ա­միս ետք:
Ան նաեւ ա­ւել­ցու­ցած է, որ օ­դա­նա­ւը պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ միջ-մայր­ցա­մա­քա­յին չո­ւերթ­ներ: