Դիակներէն հեռու

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ «Յունահայ Տարեգիրք» 1930 - «Նոր Օր»

0
1620

Գուցէ այնքան չեմ պաշտեր ապագան, որքան կ՚ատեմ անցեալը։ Պէտք է խզել ամէն կապ անցեալին հետ. մերժել, ուրանալ զայն. այս է էականը։

Նուաստացուցիչ, ամօթալի բան մըն է խորհիլը, թէ այսօր մեռելներով ու միմիայն մեռելներով կ՚ապրինք ու կը սնանինք մենք։

Ինչ որ ունինք՝ իմացականութիւն, բանականութիւն, կրօնք, իմաստասիրութիւն, ճաշակ, գեղարուեստ ու գրականութիւն, դիակներու ձեռքէն ընդունած ենք։

Դարեր առաջ ապրած ու մեռած մարդիկ են, որ մեզ կը կառավարեն իրենց հաստատած օրէնքներովը, որ մեզ մտածել կը սորվեցնեն իրենց յղացած տրամաբանութեամբը եւ իմաստասիրութեամբը, որ մեզ «կը բարոյականացնեն» իրենց հնարած կրօնքներովը, որ մեզ արուեստագէտներ կը շինեն իրենց գեղագիտական ըմբռնումովը։ Այսպէս, մեր ամբողջ ինքնութիւնը, գործունէութիւնը, կեանքը դիակներով շաղուած, մոմիացած, բրածոյի վերածուած է։

Դիակներու այս ճնշող, անբանացնող տիրապետութեան դէմ պէտք է ընդվզիլ։ Պէտք է հեռու վանել այդ կմախքները, որոնք իրենց գերեզմաններուն մէջէն կը յամառին տակաւին մեր ամբողջ կեանքն ու թռիչքը գերելու, ստրկացնելու։ Մաքրագործող ու լափլիզող կրակի մը շէկ բոցերուն մէջ պէտք է աճիւնացնել, մոխիրի վերածել այդ խափանիչ ջլատիչ անցեալը եւ զայն ցիր ու ցան տարտղնել անմատչելի բարձրութիւններու մէջ գոռացող ամպրոպի մրրկավար յորձանքին չորս հովերուն։

Անկցի՛ն մեռելները, թո՛ղ կորնչի անցեալը, ու այն ատեն մենք մեր կորովին, մեր անհատական ճիգին ու ինքնայատուկ ստեղծագործութեան թողուած՝ պիտի կրնանք շինել բոլորովին նոր աշխարհն ու նոր մարդկութիւնը, այն անժառանգեալ ձեռներէց ու յանդուգն ոգիներու պէտք՝ որոնք իրենց բախտին քմահաճոյքին ձգուած՝ իրենք իրենց ձեռքով կը ստեղծագործեն կեանքերնին, մինչ անդին, իր հայրերէն ու պապերէն ժառանգած ծոյլը, դիւրին ու անճիգ յափրացումի մը մէջ, կը փճանայ ու կը մահանայ տխմարօրէն։

Ի՞նչ հարկ մեր մտածումը թափուած կաղապարներու մէջ ձուլելու, մեր սլացքը մկրատելու զայն յարմարցնելու համար ժառանգ մնացած հնամենի որդնալից շրջանակի մը։ Ինչո՞ւ շղթայել աւիւնը, որպէսզի ինքն իր գլխուն չվերանայ անծայրածիր բարձրութիւններու մէջ։

Հերի՛ք անցեալին խորտակիչ գարշապարը մեր գլուխներուն վրայ ճնշէ…

Ա՜հ, գիտեմ, որ աւանդամոլ ապուշները, անցեալին ստրուկ պահապանները, քարացած ու մգլոտած ուղեղները, այսահար, լուսնոտի փրփրոտ բերաններով մեզի դէմ պիտի յարձակին «սրբապղծութի՜ւն» ոռնալով ու գետնաքարշ սողոսկումներով պիտի ջանան մեր ոտքերը խածնել իրենց ակռաներովը, պաշտպանելու համար նախատուած կուռքերը։ Բայց մենք, մեր արհամարհանքին բարձունքէն ծիծաղինք իրենց ճղակտոր գալարումներուն վրայ։

Ու յետոյ, մենք, իրենց հետ բան չունինք, ո՛չ իրենց, ո՛չ ալ իրենց կուռքերուն հետ։  Դիակներու դէմ կռիւ չենք մղեր, այլ միայն հեռու կը փախչինք անոնցմէ։

Թո՛ղ իրենց ըլլայ ամբողջ անցեալը, ամբողջ այդ լճացած ու ժանտաւէտ ճահիճը, բոլոր այդ փոշոտ մագաղաթները, աւանդութիւնները «սրբութիւն»ները, պատմութիւնը, գրականութիւնը, գեղարուեստը. իրե՛նց թող ըլլայ այդ աւերակներուն փառքն ու պատիւը եւ թող շարունակեն՝ հո՛ն թառած՝ իրենց բուի վայիւնը կողկողելու։

Մի՛ խռովիք, ձեր հանգիստը չպիտի խանգարենք, ձեր ֆէթիհները չպիտի յափշտակենք ձեր ձեռքէն։ Փաթթուած մնացէք անոնց, մինչեւ որ դուք ալ փտիք ու նեխիք անոնց պէս։

Մենք անցեալապաշտներու հետ գործ չունինք, մենք մեռած ագռաւներու թեւերովը չպիտի փորձենք ցատկռտել, մենք մեր ստեղծած կենդանի թեւերովը կ՚ուզենք ճախրել դէպի ապառնիին նոր ու անծանօթ սահմանները, ուր նոր մտածումը պիտի դարբնուի՝ անցեալին աւերմունքի պղծութենէն ազատ։

Դիակներէն հեռո՜ւ, ահա մեր նշանաբանը։