­Կի­րա­կի՝ 14 ­Յու­նո­ւար 2018ին, Ան­թի­լիա­սի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» մայր տա­ճա­րին, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան թե­մե­րու բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ, յըն­թացս ­Սուրբ եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գի՝ ըն­թեր­ցո­ւե­ցաւ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի հայ­րա­պե­տա­կան կոն­դա­կը։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կին նուի­րո­ւած կոն­դա­կին մէջ, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը կը նշէ.- «Ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու տեն­չը եւ կամ­քը, նոյ­նի՛սկ ի­մա­ցեալ մա­հո­ւան գնով, հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն յատ­կան­շա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մէ­կը դար­ձած է՝ ­Հայկ ­Նա­հա­պե­տէն սկսեալ։ ­Հա­րուստ է մեր պատ­մու­թիւ­նը բռնա­կա­լու­թեան դէմ հե­րո­սա­կան մարտն­չում­նե­րով»։ ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը հայ­րա­պե­տա­կան կոն­դա­կին մէջ կ­՚ընդգ­ծէ, թէ 1918 թո­ւա­կա­նին կա­րե­լի ե­ղաւ ե­րեք յաղ­թա­կան ճա­կա­տա­մարտ­ներ մղել ու հիմ­նել ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ ա­զա­տա­տենչ հայ ժո­ղո­վուր­դը պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին թրծո­ւած էր բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու՝ ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեան­նե­րու եւ ­Ղե­ւոնդ Ե­րէց­նե­րու հա­ւատ­քով ու վճռա­կա­մու­թեամբ։ «Ճշդո­րո­շիչ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող դար­ձա­կէտ մըն է ­Մա­յիս 28ը՝ ­Կի­լի­կեան ­Թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մէն յե­տոյ (1375), օ­տար ու­ժե­րու են­թա­կայ դար­ձած հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ»,- կը շեշ­տէ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը, մա­նա­ւա՛նդ՝ միայն ե­ռա­մեակ մը ա­ռաջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ապ­րած ժո­ղո­վուր­դի մը հա­մար,- կ­՚ը­սէ Ա­րամ Ա.։
Ինչ­պէս հա­յա­պահ­պան­ման, նոյն­պէս ալ հայ­րե­նա­կերտ­ման մէջ կեդ­րո­նա­կան դեր ու­նե­ցած է հայ ե­կե­ղե­ցին։ Այս ի­մաս­տով կոն­դա­կը կը յի­շէ ի մաս­նա­ւո­րի ­Սար­դա­րա­պա­տի ճա­կա­տա­մար­տի մաս­նա­կից ­Գա­րե­գին Վրդ. ­Յով­սէ­փեա­նի (հե­տա­գա­յին՝ ­Կա­թո­ղի­կոս ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ, 1943-1952) ու ­Գէորգ Ե. Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի եւ ­Սա­հակ Բ. ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սի դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին։
Ան­կա­խու­թեան ստեղծ­ման ու ա­նոր յա­ջոր­դած աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վրայ ձգած ազ­դե­ցու­թեան մա­սին հա­կիրճ ակ­նարկ մը նե­տե­լէ ետք, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս կը յայտ­նէ, որ օ­րին, պատ­մու­թեան մէկ ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հուն, ան­կա­խու­թիւ­նը ի­րենց ա­րիւ­նով կեր­տած ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ճիշդ ո­րո­շու­մը ա­ռած է՝ «պոլ­շե­ւի­կեան մուր­ճի եւ թրքա­կան սա­լի մի­ջեւ» մնա­ցած հայ­րե­նի­քը փրկե­լու առն­չու­թեամբ, ու բնաւ վար չդնե­լով իր զէն­քը՝ ան­կախ հայ­րե­նի­քի ե­ռա­գոյ­նը տա­րած է Ս­փիւռք, հոն շա­րու­նա­կե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քա­րը։ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս իր կոն­դա­կով կը յայ­տա­րա­րէ.- «­Մարդ­կա­յին դա­րա­ւոր պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ, թէ վար­չա­կար­գե­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր են, որ­քան ալ զօ­րեղ յե­նա­րան­ներ ու­նե­նան. յա­ւեր­ժա­կան են ազ­գե­րը՝ ի­րենց հայ­րե­նի­քով ու մշա­կոյ­թով» ու կը յի­շեց­նէ, թէ նո­ւազ քան դար մը ետք՝ ­Հա­յաս­տան ան­գամ մը եւս կ­՚ան­կա­խա­նայ։ ­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը հայ­րա­պե­տա­կան կոն­դա­կը կ­՚եզ­րա­փա­կէ՝ նշե­լով.- «Ան­կա­խու­թիւ­նը սրբա­զան ար­ժէք է ու զայն կեր­տո­ղը եւ պաշտ­պա­նո­ղը ժո­ղո­վո՛ւրդն է։ ­Հե­տե­ւա­բար, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը գա­ղա­փա­րա­կան ու քա­ղա­քա­կան մօ­տե­ցում­նե­րէ ու տար­բե­րու­թիւն­նե­րէ վե՛ր պէտք է մնայ։
Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն ու հա­մաշ­խար­հա­յին տագ­նա­պա­լից պայ­ման­նե­րուն մէջ ստեղ­ծո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը հա­մա­հայ­կա­կան խո­րունկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի։ Այս են­թա­հո­ղին վրայ հարկ է ար­ժե­ւո­րել ու նշել 100ա­մեա­կը այս պատ­մա­կան դէպ­քին»։ ­Կոն­դա­կի ա­ւար­տին՝ ­Հայ­րա­պե­տը կոչ կ­՚ուղ­ղէ զա­նա­զան մի­ջոց­նե­րով — հրա­պա­րա­կա­յին, քա­րոզ­չա­կան, կրթա­կան ու մտա­ւո­րա­կան ծրա­գիր­նե­րով — վառ պա­հե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ո­գին՝ յա­նուն հզօր հայ­րե­նի­քի ու հայ­րե­նա­կեդ­րոն սփիւռ­քի։ Ն­շենք, որ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ այս ա­ռի­թով 2018 թո­ւա­կա­նը հռչա­կեց «Ան­կա­խու­թեան ­Տա­րի»։