­Հա­յաս­տա­նի հան­րա­յին ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նի փոխ-խօս­նակ եւ Իս­րա­յէլ-­Հա­յաս­տան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան բա­րե­կա­մա­կան խմբա­կի նա­խա­գահ ­Թա­լի Փ­լոս­քո­վի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, ­Սեպ­տեմ­բեր 12ին, այ­ցե­լած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լիր, ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ­Հա­յաս­տան-Իս­րա­յէլ բա­րե­կա­մա­կան խմբա­կի ղե­կա­վար ­Գա­գիկ ­Մի­նա­սեա­նի եւ խմբա­կի ան­դամ­ներ ­Մի­քա­յէլ ­Մել­քու­մեա­նի, ­Գա­գիկ ­Մե­լի­քեա­նի, ­Գէորգ ­Գոր­գի­սեա­նի եւ ­Սու­րէն ­Մա­նու­կեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ։
­Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղած են ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շա­կո­թո­ղին դի­մաց եւ լռու­թեամբ ու խո­նար­հու­մով յար­գած մէ­կու­կէս մի­լիոն զո­հե­րուն յի­շա­տա­կը:
­Հիւ­րե­րը այ­ցե­լած են նաեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կը եւ գրա­ռում կա­տա­րած են յու­շա­մա­տեա­նին մէջ:
Անդ­րա­դառ­նա­լով լրագ­րող Ա­լեք­սանտր ­Լափ­շի­նին նե­րում շնոր­հե­լու մա­սին Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կար­գադ­րու­թեան՝ ­Թա­լի Փ­լոս­քով նշած է, որ Իս­րա­յէ­լի խորհր­դա­րա­նը այդ գծով ճնշում չէ բա­նե­ցու­ցած Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն վրայ, ա­ւելց­նե­լով, որ ու­րախ է այդ ո­րո­շու­մով: ­Պա­տաս­խա­նե­լով Իս­րա­յէ­լի կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին զէնք մա­տա­կա­րա­րե­լու դիր­քո­րո­շու­մը վե­րա­նա­յե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թեան մա­սին հար­ցու­մին, յատ­կա­պէս նկա­տի առ­նե­լով Ապ­րի­լեան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը եւ Իլ­համ Ա­լիե­ւի ռազ­մա­տենչ հռե­տո­րա­բա­նու­թեան ըն­դար­ձա­կու­մը, Փ­լոս­քով յայտ­նած է, թէ լիա­զօ­րո­ւած չէ Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րո­շում­նե­րուն մա­սին ար­տա­յայ­տո­ւե­լու՝ ա­ւելց­նե­լով.- «Ո­րով­հե­տեւ ես պե­տու­թիւ­նը իբ­րեւ խորհր­դա­րա­նա­կան կը ներ­կա­յաց­նեմ եւ ոչ թէ իբ­րեւ կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ»։