Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեա­կը կը հա­ղոր­դէ, թէ 16-17 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին, իր կազ­մա­կեր­պու­թեամբ պի­տի գու­մա­րո­ւի Եւ­րո­պա­յի հա­յու­թեան չոր­րորդ հա­մա­գու­մա­րը։ Այս հա­մա­գու­մա­րը Եւ­րո­պա­յի մէջ գոր­ծող ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րուն եւ հայ­կա­կան այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն կող­քին, ­Հա­յաս­տա­նէն, Ար­ցա­խէն, Եւ­րո­պա­յէն, ­Միա­ցեալ նա­հանգ­նե­րէն եւ այլ շրջան­նե­րէ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, քա­ղա­քա­գէտ­ներ եւ գիտ­նա­կան­ներ պի­տի հա­մա­տե­ղէ Պ­րիւք­սէ­լի մէջ:
Ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով ե­լոյթ պի­տի ու­նե­նան՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ եւ Ս. Էջ­միած­նի ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւն­նե­րէն բարձ­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նէն ներս Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն-­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն եւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն-Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն բա­րե­կա­մու­թեան խում­բե­րու նա­խա­գահ­ներ եւ Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեա­կի նա­խա­գահ ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեան:
­Հա­մա­գու­մա­րին ներ­կայ պի­տի ըլ­լան նաեւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան բարձր մա­կար­դա­կի աշ­խա­տա­կից­ներ, Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի քա­ղա­քա­կան խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­ներ, խորհրդա­րա­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու եւ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ, ղե­կա­վար­ներ՝ քա­ղա­քա­կան ո­լոր­տի բո­լոր խա­ւե­րէն՝ թէ՛ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թե­նէն եւ թէ ­Հա­յաս­տա­նէն։
Եր­կու­շաբ­թի՝ ­Հոկ­տեմ­բեր 16ին նա­խա­տե­սո­ւած ե­րեք նիս­տե­րը պի­տի գու­մա­րո­ւին Պ­րիւք­սէ­լի ­Հայ ­Տան սրա­հէն ներս, Եւ­րո­պա­յի հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ, եւ պի­տի կեդ­րո­նա­նան Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին բնա­կող հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն վրայ: ­Պի­տի քննար­կո­ւին՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան եւ հա­տուց­ման գոր­ծու­նէու­թեանց ըն­թաց­քը, Եւ­րո­պա­յի մէջ թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան լո­պիին­կը եւ հա­յա­պահ­պա­նու­մը՝ Եւ­րո­պա­յի մէջ:
Ա­ռա­ջին այս օ­րո­ւան աշ­խա­տան­քա­յին լե­զուն պի­տի ըլ­լայ հա­յե­րէ­նը, իսկ պատ­գա­մա­բեր­նե­րը պի­տի ըլ­լան ­Հայ ­Դա­տի, գա­ղու­թա­յին եւ հա­յա­պահ­պան­ման գոր­ծե­րով առն­չո­ւած զա­նա­զան մաս­նա­գէտ­ներ՝ ­Հա­յաս­տա­նէն եւ Եւ­րո­պա­յէն:
­Յա­ջորդ օ­րո­ւան՝ ­Հոկ­տեմ­բեր 17ի եր­կու նիս­տե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Եւ­րո­պա­կան ­Խորհրդա­րա­նէն ներս։ Ա­ռա­ջին օ­րա­կար­գին նիւ­թը պի­տի ըլ­լայ «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում՝ հանգ­րո­ւան­ներ եւ մար­տահ­րա­ւէր­ներ» (Armenian Genocide Recognition: Milestones and Challenges), ո­րու ըն­թաց­քին բա­ցի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ հա­տուց­ման նիւ­թե­րէն, պի­տի քննար­կո­ւին նաեւ պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը ի­րա­ւա­կան դաշտ փո­խադ­րե­լու գոր­ծըն­թա­ցին հո­լո­վոյ­թը եւ ­Թուր­քիոյ հայ գա­ղու­թի դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը:
Օ­րո­ւան երկ­րորդ օ­րա­կար­գին ըն­թաց­քին պի­տի քննար­կո­ւի «­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կաս՝ ­Լու­սանց­քայ­նա­ցում եւ նոր հե­ռան­կար­ներ» (South Caucasus: Marginalization & New Perspectives) նիւ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին տա­րա­ծաշր­ջա­նին զար­գաց­ման, խա­ղա­ղու­թեան, Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն-­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի կար­գա­ւոր­ման նիւ­թե­րը պի­տի ար­ծար­ծո­ւին:
Երկ­րորդ օ­րո­ւան աշ­խա­տան­քա­յին լե­զուն պի­տի ըլ­լայ անգ­լե­րէ­նը եւ ֆրան­սե­րէ­նը:
­Հա­մա­գու­մա­րին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար կը խնդրուի ար­ձա­նագ­րո­ւիլ մին­չեւ ­Սեպ­տեմ­բեր 29՝ contact@eafjd.eu հաս­ցէին ու­ղար­կե­լով հե­տե­ւեալ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը.- Ա­նուն, ազ­գա­նուն, ծննդեան թո­ւա­կան, քա­ղա­քա­ցիու­թիւն եւ ան­ցագ­րի թիւ: ­Վի­զա­յի կա­րիք ու­նե­ցող մաս­նա­կից­նե­րը, ար­ձա­նագ­րու­թեան ըն­թաց­քին, պէտք է տե­ղեակ պա­հեն մեզ եւ ու­ղար­կեն նաեւ ի­րենց ան­ցագ­րի պատ­ճէ­նը:

Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ ­Դա­տի
Յանձ­նա­խում­բի գրա­սե­նեակ