Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Ա­պա­գայ ­Սե­րունդ­նե­րու ­Հիմ­նադ­րամ»ի (Ա.Ս.Հ.) միա­ցեալ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ՝ ­Յու­լիս 1էն սկսեալ ­Շու­շիի մէջ մեկ­նար­կած է «­Յա­կոբ ­Գիւր­ջեան» քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան 5րդ ­մի­ջազ­գա­յին կո­չուն­քը (symposium):
Ըստ Artsakhpress.amի՝ ­Շու­շիի կեր­պա­րո­ւես­տի պե­տա­կան թան­գա­րա­նի տնօ­րէն ­Լու­սի­նէ ­Գաս­պա­րեան ը­սած է, որ «­Յա­կոբ ­Գիւր­ջեան» քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան 5րդ ­մի­ջազ­գա­յին կո­չուն­քին Հնդ­կաս­տա­նէն, Ե­գիպ­տո­սէն, ­Սեր­պիա­յէն, ­Հա­յաս­տա­նէն եւ Ար­ցա­խէն կը մաս­նակ­ցի 10 քան­դա­կա­գործ:
«­Մաս­նա­կից­նե­րը Աս­կե­րա­նի շրջա­նի Սզ­նէք գիւ­ղէն բե­րո­ւած մար­մա­րա­ցո­ւած կրա­քա­րե­րու վրայ տար­բեր քան­դակ­ներ կը կեր­տեն. Ա­ւար­տե­լէ ետք, ա­նոնք պի­տի տե­ղադ­րո­ւին ­Շու­շիի կեր­պա­րո­ւես­տի պե­տա­կան թան­գա­րա­նին կից «­Քան­դակ­նե­րու պու­րակ»ին մէջ»,- նշած է Լ.­Գաս­պա­րեան:
­Կան մաս­նա­կից­նէր, ո­րոնք երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով կը մաս­նակ­ցին կո­չուն­քին:
«Այս կո­չուն­քին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը այն է, որ մէկ ան­գամ այ­ցե­լե­լով Ար­ցախ եւ մաս­նակ­ցե­լով ձեռ­նար­կին՝ յա­ջորդ տա­րի­նե­րուն ա­նոնք, ան­պայ­ման, մաս­նակ­ցու­թեան յայ­տեր կը ներ­կա­յաց­նեն։ Ա­տի­կա միան­շա­նակ շատ կա­րե­ւոր է: Ի­րա­կա­նա­ցած 4 կո­չունք­նե­րուն ժա­մա­նակ քան­դա­կա­գործ­ներ ու­նե­ցած ենք ­Պել­ճի­քա­յէն, ­Պե­լա­ռու­սիա­յէն, ­Խո­րո­ւա­թիա­յէն, ­Զո­ւի­ցե­րիա­յէն, Ա.Մ.Ն.էն, ­Ճա­փո­նէն, ­Չի­նաս­տա­նէն, ­Լե­հաս­տա­նէն եւ շատ այլ եր­կիր­նե­րէ: ­Միայն Ի­տա­լիա­յէն մաս­նակ­ցած է 19 աշ­խար­հահռ­չակ փրո­ֆե­սոր քան­դա­կա­գործ»,- ա­ւել­ցու­ցած է ­Գաս­պա­րեան:
­Սեր­պիա­ցի քան­դա­կա­գոր­ծը իր հեր­թին նշած է, որ ինք ա­ռա­ջին ան­գամ կը գտնո­ւի Ար­ցախ.- «­Շատ գե­ղե­ցիկ եր­կիր է Ար­ցա­խը, այս­տե­ղի մար­դիկ շատ բա­րի են, հիւ­րա­սէր: Ես զար­մա­ցած եմ, որ այս­պի­սի փոքր քա­ղա­քը, ինչ­պէս ­Շու­շին, ու­նի այս­պի­սի մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­ներ. ա­նոնք բա­ւա­կան լաւ հար­թակ են` աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ­նե­րը հա­մախմ­բե­լու եւ միա­ւո­րե­լու հա­մար: ­Պատ­մու­թեան գիրք կը քան­դա­կեմ, ա­նի­կա պի­տի ներ­կա­յաց­նէ գի­տու­թեան եւ մշա­կոյ­թի շեր­տե­րը։ Ը­սեմ, որ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու ժա­մա­նակ ներշն­չանք ստա­ցած եմ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թէն»:
Ե­գիպ­տա­ցի քան­դա­կա­գոր­ծը, խօ­սե­լով իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, նշած է, որ ինք շատ ու­րախ է նման գե­ղե­ցիկ ձեռ­նար­կի մը մաս­նակ­ցե­լուն հա­մար եւ բա­ւա­կան տպա­ւո­րո­ւած է Ար­ցա­խով եւ ար­ցախ­ցի­նե­րով:
«­Դուք հպարտ պէտք է ըլ­լաք, որ ու­նիք այս­պի­սի հիա­նա­լի եր­կիր: Ես ո­րո­շած եմ պատ­րաս­տել իւ­րա­յա­տուկ քան­դակ-ճե­պան­կար մը եւ զայն սի­րով կը նո­ւի­րեմ ձեզ` ձեր հրաշք երկ­րին: Ես այ­ցե­լած եմ նաեւ ­Ղա­զան­չե­ցոց ­Սուրբ Ա­մե­նափր­կիչ ե­կե­ղե­ցին: Այս­տեղ մար­դիկ խա­ղաղ են, ու­րախ: Ես զիս այս­տեղ անվ­տանգ կը զգամ»,- ան­կեղ­ծա­ցած է ե­գիպ­տա­ցի քան­դա­կա­գոր­ծը:
Հն­դիկ քան­դա­կա­գոր­ծը ը­սած է, որ ինք ա­ռա­ջին ան­գամ Ար­ցախ ե­կած է 2014 թո­ւա­կա­նին.- «Այս­տեղ բա­րի եւ կա­մե­ցող մար­դիկ կ­՝ապ­րին. Ար­ցա­խի մէջ ո­գի կայ: Ես Ար­ցա­խի մէջ ար­դեն ըն­կեր­ներ ու­նիմ: ­Զար­մա­նա­լին այն է, որ ես ար­ցախ­ցի­նե­րու եւ հնդիկ­նե­րու մի­ջեւ նմա­նու­թիւն­ներ կը նկա­տեմ, նոյ­նիսկ բա­ռեր կան, ո­րոնք ի­րար շատ նման են: Ես շատ հաւ­նած եմ ձեր ճա­շա­տե­սակ­նե­րը՝ բազ­մա­զան ու հա­մեղ»:
Հն­դիկ այլ քան­դա­կա­գործ մը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կը գտնո­ւի Ար­ցախ, իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կի­սե­լով՝ ը­սած է.- «­Հիաս­քանչ բնու­թիւն ու­նիք: Ես զբօս­նած եմ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ­Վե­րած­նուն­դի հրա­պա­րա­կին վրայ. տպա­ւո­րու­թիւնս այն­պի­սին է, թէ ես Եւ­րո­պա­յի մէջ եմ: Ար­ցա­խի մա­սին լսածս տե­սա­ծիս չի հա­մա­պա­տաս­խա­ներ: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ այս­տեղ մար­դիկ կ­՝ապ­րին, կը ստեղ­ծա­գոր­ծեն, կ­՝ա­րա­րեն, ա­մէ­նուր կեան­քը կը յոր­դի: Ա­սի­կա եր­կիր մըն է, ուր զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը կրնան ա­պա­հով ու անվ­տանգ զգալ եւ լիար­ժէք հանգս­տա­նալ»:
­Կո­չուն­քի մաս­նա­կից­նե­րուն չի հե­տաքրք­րեր, որ ի­րենք կրնան յայտ­նո­ւիլ Ատր­պէյ­ճա­նի «սեւ ցու­ցակ»ին վրայ: Ա­նոնք այն կար­ծի­քը ու­նին, որ մշա­կոյ­թը կրնայ օգ­նել տար­բեր ազ­գե­րու մեր­ձեց­ման:
­Յու­լիս 20ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «­Յա­կոբ ­Գիւր­ջեան» քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան 5րդ ­մի­ջազ­գա­յին կո­չուն­քի փակ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: