Ֆ­րան­սա­յի Ալ­ֆոր­վիլ քա­ղա­քի (­Վալ տէ ­Մար­նի շրջան) քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դը, ­Յու­նիս 30ին, ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցած է բա­րե­կա­մու­թեան հռչա­կա­գիր ստո­րագ­րե­լու ­Բեր­ձոր (Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թիւն) քա­ղա­քի հետ: ­Բա­րե­կա­մու­թեան այս հռչա­կա­գի­րը 9րդն­ է ար­ցա­խեան եւ ֆրան­սա­կան հա­մայնք­նե­րու մի­ջեւ կնքո­ւած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րու շար­քին: Ֆ­րան­սա-Ար­ցախ բա­րե­կա­մու­թեան շրջա­նա­կի փոխ-նա­խա­գահ ­Ռը­նէ ­Ռու­քէ, որ նաեւ եր­կար տա­րի­ներ զբաղ­ցու­ցած է Ալ­ֆոր­վի­լի քա­ղա­քա­պե­տի պաշ­տօ­նը, իր շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղեր­ձը յղած է Ալ­ֆոր­վի­լի ներ­կայ քա­ղա­քա­պետ ­Լիւգ ­Գա­րո­ւու­նա­սի, ինչ­պէս նաեւ՝ ­Բեր­ձո­րի քա­ղա­քա­պե­տին: «Ին­ծի հա­մար մե­ծա­պէս ու­րա­խա­լի է հռչա­կա­գի­րի ստո­րագր­ման ո­րոշ­ման մա­սին լու­րը, որ կը խորհր­դան­շէ յար­գան­քի եւ բա­րե­կա­մու­թեան վրայ հիմ­նո­ւած ա­ւե­լի քան 2 տան­սա­մեայ մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը»,- նշած է ­Ռը­նէ ­Ռու­քէ: Ալ­ֆոր­վի­լի քա­ղա­քա­պետ, նոյն­պէս Ֆ­րան­սա-Ար­ցախ բա­րե­կա­մու­թեան շրջա­նա­կի ան­դամ ­Լիւգ ­Գա­րո­ւու­նաս՝ անդ­րա­դառ­նա­լով հռչա­կա­գի­րին կող­մէ հե­տապն­դո­ւող նպա­տակ­նե­րուն, նշած է.- «­Փաս­տա­թուղ­թը թոյլ կու տայ հա­մա­տեղ ու­ժե­րով զար­գաց­նե­լու Ար­ցա­խի շրջան­նե­րը` հնա­րա­ւո­րու­թիւն տա­լով տե­ղի բնա­կիչ­նե­րուն ի­րենց հո­ղին վրայ կեր­տե­լու սե­փա­կան ա­պա­գան»:
Ֆ­րան­սա­յի Ա.Ժ.ի նո­րըն­տիր պատ­գա­մա­ւոր-քա­ղա­քա­պե­տը ընդգ­ծած է, որ «հռչա­կա­գի­րը նաեւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տայ ա­ւե­լի խո­շոր ծա­ւալ­նե­րու հասց­նե­լու ար­դէն իսկ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հա­մա­տեղ ծրա­գիր­նե­րը»: ­Բեր­ձոր քա­ղա­քը (նա­խա­պէս ­Լա­չին) կը գտնո­ւի Ար­ցա­խէն ­Հա­յաս­տան ան­ցա­կէ­տին վրայ: