«Էր­տո­ղան փո­խա­նակ Եւ­րո­պա­յին դաս տալ փոր­ձե­լու, հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ իր պա­պե­րուն գոր­ծած ո­ճի­րը թող ըն­դու­նի»

Այս բա­ռե­րով Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս ող­ջու­նեց ի­րեն այ­ցե­լող խումբ մը լի­բա­նան­ցի ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րը, ո­րոնք 24 Ապ­րի­լի ա­ռի­թով ­Պիպ­լո­սի (­Ճի­պէյլ) մէջ պի­տի ցու­ցադ­րեն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած ի­րենց գե­ղան­կար­նե­րը: ­Սոյն ծրա­գի­րը կազ­մա­կեր­պո­ւած է ­Թէ­քէեան մշա­կու­թա­յին միու­թեան կող­մէ եւ ա­նոր նպա­տակն է ա­րո­ւես­տի ճամ­բով օ­տար­նե­րուն ծա­նօ­թաց­նել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը:
Իր խօս­քին մէջ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը, գնա­հա­տե­լով լի­բա­նան­ցի գե­ղան­կա­րիչ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ցու­ցա­հան­դէ­սին, թե­լադ­րեց, որ ի­րենց պատ­րաս­տե­լիք գե­ղան­կար­նե­րուն մէջ շեշ­տը դնեն ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ան­դին` նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դա­րու­թեան պա­հան­ջին ու վե­րած­նուն­դին վրայ: Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս նշեց, որ թուր­քը ջար­դեց հայ ժո­ղո­վուր­դը, իսկ ա­րաբ ժո­ղո­վուր­դը, իս­լամ թէ քրիս­տո­նեայ, իր հայ­րե­նի­քին դռնե­րը լայն բա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դի­մաց: ­Շա­րու­նա­կե­լով իր խօս­քը` ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ը­սաւ.- «­Թուր­քին նոյն ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան ու բռնա­տի­րա­կան ո­գին այ­սօր եւս տե­սա­նե­լի է թէ՛ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին եւ թէ՛ Եւ­րո­պա­յի մէջ»:
Ա­պա՝ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը պա­տաս­խա­նեց ի­րեն ուղ­ղո­ւած հար­ցում­նե­րուն: