Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, ­Կի­րա­կի, 8 ­Նո­յեմ­բեր 2026-ի ա­ռա­ւօ­տուն, տե­ղի ու­նե­ցաւ գե­ղե­ցիկ բա­նաս­տեղ­ծա­կան ե­լոյթ մը, հիւ­րըն­կա­լե­լով սպա­նա­հայ բա­նաս­տեղծ Ա­րա­րատ ­Ղու­կա­սեա­նը, որ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րուն կ­՚ապ­րի ու կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ Ս­պա­նիոյ ­Վա­լեն­սիա քա­ղա­քին մէջ։
­Ձեռ­նար­կի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­Հա­մազ­գա­յի­նի վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. ­Տիգ­րան ­Սարգ­սեան, որ յու­նե­րէ­նով նախ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բազ­մա­թիւ ուն­կըն­դիր­նե­րուն, ա­պա ներ­կա­յա­ցուց օ­րո­ւան հիւ­րը։
­Յա­ջոր­դա­բար, ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան հա­յե­րէ­նով ըն­թեր­ցեց ­Ղու­կա­սեա­նի ըն­դար­ձակ եւ հա­րուստ կեն­սագ­րա­կա­նը։ Ա­պա, խօս­քը տրո­ւե­ցաւ բա­նաս­տեղ­ծին, որ ա­ռա­ջին հեր­թին ներ­կա­յա­ցուց իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ե­րեք հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րը՝ «Փնտռ­տուք­նե­րի ճա­նա­պար­հին», «­Ժա­մա­նա­կի հետ­քե­րով» եւ «Ե­րեք հե­տաքրք­րու­թիւն» գիր­քե­րը։
­Ղու­կա­սեան շեշ­տեց թէ, «ես բա­նաս­տեղծ չեմ, դժբախ­տա­բար պատ­մա­բան եմ…» պար­զա­բա­նե­լով իր ներշն­չու­մի աղ­բիւր­նե­րը, ո­րոնք ե­ղան հա­յու­թիւ­նը, ­Հա­յաս­տա­նը, կա­րօ­տը եւ իր շեշ­տած՝ «ա­պա ի՜նչ բա­նաս­տեղծ՝ ա­ռանց սի­րոյ մա­սի բա­նաս­տեղ­ծու­թեամբ»։ Ա­րո­ւես­տա­գէ­տը կար­դաց իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն ո­րոշ ընտ­րա­նի­ներ, բա­ցատ­րե­լով ա­մէն ան­գամ, թէ ինչ­պէս ծնան հա­մա­պա­տաս­խան քեր­թո­ւած­նե­րը։
Ա­րա­րատ ­Ղու­կա­սեան, գրող ըլ­լա­լէ ան­դին, ազ­գա­յին գոր­ծիչ մըն է եւ ­Վա­լեն­սիա քա­ղա­քի «Ա­րա­րատ» միու­թեան հիմ­նա­դիր։ Ու­նի հա­րուստ եւ աշ­խուժ գոր­ծու­նէու­թիւն Ս­պա­նիոյ մէջ, ո­րու շնոր­հիւ երկ­րի բազ­մա­թիւ քա­ղաք­ներ ճանչ­ցան ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։
Օ­րո­ւան հիւ­րը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ այդ գոր­ծու­նէու­թեան եւ այլ հայ­կա­կան հիմ­նախն­դիր­նե­րուն մա­սին, ինչ­պէս հա­յա­խօ­սու­թեան պահ­պա­նու­մը եւ ­Վա­լեն­սիա­յի կի­րակ­նօ­րեայ դպրո­ցի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Ան յա­տուկ շեշ­տա­ւո­րեց հայա­պահ­պան­ման հար­ցը, հայ մշա­կոյ­թի ծա­նօ­թա­ցու­մը սպա­նա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մէջ եւ այլ հիմ­նա­կան հար­ցե­րու մա­սին կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը։ ­Մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ ե­ղաւ նաեւ հա­յոց լե­զո­ւի եւ ­Պաս­կե­րէ­նի մա­սին, որ ըստ ո­րոշ գիտ­նա­կան­նե­րու տե­սա­կէ­տով, ան­մի­ջա­կան առն­չու­թիւն ու­նե­ցած են դա­րե­րէ ի վեր։ ­Խօսք ե­ղաւ նաեւ պաս­քե­րու ծագ­ման մա­սին, որ ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ հայ­կա­կան լեռ­նաշ­խար­հէն գաղ­թած են դէ­պի Ի­պե­րիա­կան դե­րակղ­զին։
­Ներ­կայ ժո­ղոուր­դին մօտ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծած ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ե­ղիա վրդ. ­Մալ­խա­սեան ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին ա­նու­նով Ա­րա­րատ ­Ղու­կա­սեա­նին նո­ւի­րեց թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հա­մայն­քի հա­րիւ­րա­մեա­կին ա­ռի­թով լոյս տե­սած պատ­մա­վա­ւե­րագ­րա­կան հա­տո­րը։

ԹՂԹԱԿԻՑ