Ծ.Խ. Իր շահեկանութեան համար, ստորեւ կը ներկայացնենք մանկապարտիզպանուհի Անի Աբիկեանի խօսքը՝ արտասանուած Ս. Թարգմանչաց տօնին առիթով կազմակերպուած ելոյթին։
ԱՆԻ ԱԲԻԿԵԱՆ
Աշնան այս ոսկեզօծ օրերուն, Սուրբ Խաչի տօնէն շաբաթներ ետք, հայոց եկեղեցիներու զանգերը կը ղօղանջեն՝ յատուկ քաղցրութեամբ, աւետելու համար մեր ժողովուրդի ամէնէն նուիրական եւ սիրուած ազգային-եկեղեցական տօներէն մէկը` Թարգմանչացը:
Եւ ճիշդ ասոր համար է հայկական վարժարաններու մեր մեծ ընտանիքին, ուսուցիչներուն եւ յատկապէս մեր բոլոր աշակերտներուն համար՝ պայծառ լոյսով ու արեւաշող ջերմութեամբ լեցուն, հոգեհարազատ տօն մըն է: Օր մը, ուր կրթօճախներէն ներս խանդավառութեամբ կը փառաբանենք մայրենի լեզուն եւ այն ոսկեղէն տառերը, որոնցմով հայ մանուկը կը ծաղկի ու հասակ կը նետէ ամէն օր:
Մեր օրացոյցին մէջ այս օրը պսակուած է վեհ ու հանդիսաւոր անունով մը. «Տօն Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետացն մերոց»:
Բայց ի՞նչ կը թաքնուի այս հնամենի եւ ծանրակշիռ խօսքերուն ետին: Հոն կը բաբախէ մեր ազգային ինքնութեան կենդանի սիրտը: Անոր մէջ արձանագրուած է մեր ժողովուրդի հոգեւոր ծննդեան վկայականը: Այսօր մենք կը դառնանք ականատես ու ժառանգորդ այն մեծագոյն հրաշքին, երբ հայոց գիրերու գիւտով Աստուածաշունչը հայերէնի թարգմանուեցաւ եւ Թարգմանչաց հզօր շարժումով մարմին առաւ հայ դպրութիւնը:
Մեսրոպ Մաշտոցն ու Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը իրենց նուիրեալ աշակերտներուն հետ միասնաբար՝ լուսաւոր գործով իրագործեցին հոգեւոր փառահեղ յեղաշրջում մը, քանդելով օտար հնչիւններու այն պատնէշը, որ կը բաժնէր ժողովուրդը իր հաւատքէն. որպէսզի Աւետարանի լոյսը հարազատ բառերով հնչէ հայուն: Այդ օրը անոնք քրիստոնէութիւնը հիւսեցին հայոց դպրութեան, կերտելով մեր ազգային ինքնութեան եւ մեր հաւատքի այն յաւերժական միութիւնը, որ այլեւս ո՛չ մէկ ուժ պիտի կարենար բաժնել:
Պատմութիւնը մեզի յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ ազգերու ճակատագիրը կ՚որոշուի անոնց հոգեւոր հիմքերով: 301 թուականին, երբ մենք՝ որպէս աշխարհի առաջին ազգ, Քրիստոնէութիւնը ընդունեցինք իբրեւ պետական կրօն՝ հսկայական քայլ մը առինք: Բայց այդ հաւատքը դեռ ամբողջութեամբ մերը չէր: Մօտ մէկ դար, հայկական եկեղեցիներուն մէջ Աստուծոյ խօսքը կը հնչէր օտար լեզուներով՝ յունարէնով եւ ասորերէնով: Ժողովուրդը կը հաւատար, բայց չէր հասկնար իր աղօթքը: Կրօնքը կը մնար անհասկնալի՝ չթափանցելով հայուն մտածողութեան խորքը: Եւ տրամաբանութիւնը պարզ է. եթէ հաւատքը չի խօսիր ժողովուրդի մայրենի լեզուով, օտարալեզու կրօնքը արագօրէն կ՚առաջնորդէ հոգեւոր եւ ազգային ձուլման:
Յատկապէս 5-րդ դարու սեմին, երբ Հայաստան քաղաքականապէս պառակտուած էր հզօր պարսկական եւ բիւզանդական կայսրութիւններու միջեւ, ֆիզիքական ու հոգեւոր ոչնչացման վտանգը աւելի քան իրական էր: Այս հանգրուանին, արժէ պահ մը խորհիլ. կրնա՞ր արդեօք ազգ մը, հաւատք մը կամ քաղաքակրթութիւն մը անցնիլ դարերու ընդմէջէն՝ ապաւինելով միայն բանաւոր խօսքին: Կրնա՞ր պատմութիւնը դիմադրել ժամանակի մոռացութեան, եթէ ապրէր միայն իբրեւ հովին խառնուող անցողիկ հնչի՞ւն:
Բնականաբար ոչ. յաւերժանալու համար անհրաժեշտ էր գրաւոր խարիսխ մը: Ահա այս մթամած եւ ճակատագրական պայմաններուն մէջ էր, որ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, ձգելով արքունի պաշտօնն ու զինուորական ասպարէզը, ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ այս փրկարար գործին: Երկար պրպտումներէ ետք, խորունկ աղօթքի, խոկումի եւ աստուածային տեսիլքի մէջ, ան 405 թուականին յայտնագործեց հայերէն տառերը: Եւ անմիջապէս սկսաւ թարգմանութիւնը:
Հայերէն տառերով գրուած առաջին նախադասութիւնը եղաւ Սողոմոնի Առակներէն՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ», որ պարզապէս կը նշանակէ՝ ճանչնալ իմաստութիւնն ու խրատը, եւ հասկնալ հանճարին խօսքերը:
Սակայն Սուրբ Գիրքի ամբողջական թարգմանութիւնը երեսո՜ւն տարուան անդուլ, համբերատար եւ մանրակրկիտ աշխատանք պահանջեց: Այնքան ճշգրիտ, հարուստ եւ գեղեցիկ էր արդիւնքը, որ օտար գիտնականներն զայն անուանեցին «Թագուհի Թարգմանութեանց»: Այս հսկայական իրագործումը յաջողեցաւ, որովհետեւ Սահակն ու Մեսրոպը մինակ չէին: Անոնք իրենց շուրջ համախմբեցին հարիւրէ աւելի լուսամիտ ու խանդավառ երիտասարդներ՝ մեր աւագ եւ կրտսեր թարգմանիչները:
Պահ մը պատկերացնենք այս նուիրեալ պատանիներն ու երիտասարդները. անոնք կտրեցին ցամաքներ ու ծովեր, հասան ժամանակի մտքի մեծագոյն կեդրոնները՝ Աթէնք, Աղեքսանդրիա եւ Բիւզանդիոն եւ ամբարեցին համաշխարհային գիտութեան լոյսը: Բայց օտար աշխարհներու հմայքը երբե՛ք չկրցաւ պոկել զիրենք հարազատ արմատներէն… վերադարձան հայրենիք, որպէսզի այդ համամարդկային գանձը տարածեն հայկական նորաստեղծ տառերուն մէջ:
Անոնք դարձան ինքնուրոյն գրականութեան հիմնադիրները… անոնց գրիչով հայ հոգին գտաւ իր սեփական ձայնն ու մեղեդին… Ճիշդ այդ պահուն էր, որ արշալոյսի պէս բացուեցաւ հայ մշակոյթի աննման ծաղկումը. լեզուն սկիզբ տուաւ արուեստին. քարը սկսաւ խօսիլ խաչքարերու ճամբով. իսկ մագաղաթը գոյն առաւ մանրանկարչութեամբ. աշխարհի իմաստութիւնը հայրենի հողին վրայ վերածուեցաւ բարգաւաճ մշակոյթի: Այս մտաւոր արարումէն ծնաւ Ոսկեդարը՝ որպէս Թարգմանչաց անգնահատելի գործի շքեղագոյն պսակում: Այդ երիտասարդներուն շնորհիւ էր, որ հայ միտքը թեւեր առաւ, իսկ մեր մայրենին դարձաւ աղօթք, վիպերգութիւն եւ փիլիսոփայութիւն:
Ինչպէ՞ս մոռնալ Կորիւն Սքանչելին, որ իր ուսուցիչին հանդէպ անսահման սիրով ու երախտագիտութեամբ գրեց առաջին հայերէն ինքնուրոյն գիրքը՝«Վարք Մաշտոցի», մեզի կտակելով Մաշտոցի լուսաւոր կերպարը:
Ինչպէ՞ս չյիշել Եզնիկ Կողբացին, որ իր հզօր փիլիսոփայութեամբ մաքրեց հայոց միտքը օտար ու կեղծ ուսմունքներէ՝ պաշտպանելով մեր մաքրապայծառ հաւատքը:
Արդեօք ո՞վ կրնար փոխանցել մեր արմատներուն հպարտութիւնը, անցեալի յիշողութիւնն ու ապագայի տեսիլքը, եթէ ոչ մեր Պատմահայրը՝ Մովսէս Խորենացին:
Իսկ ինչպէ՞ս պիտի ճանչնայինք մեր հերոսական ոգիին վեհութիւնը, եթէ Եղիշէ Պատմիչը իր ոգեշունչ գրիչով չանմահացնէր Վարդանանց դիւցազնամարտը՝ սորվեցնելով մեզի գիտակցուած մահուան անմահութիւնը:
Եւ այս լուսաւոր շարժումը երբեք կանգ չառաւ: Այս նոյն տառերու կախարդական զօրութեամբ էր, որ դարեր ետք, Գրիգոր Նարեկացին մեր մայրենի լեզուն վերածեց մաքուր աղօթքի եւ զայն միախառնեց աստուածային լոյսին. իսկ Ներսէս Շնորհալին մեր եկեղեցւոյ կամարներուն տակ հիւսեց հրեշտակային այն մեղեդիները, որոնք մինչեւ այսօր հոգեպարար ներդաշնակութեամբ կը հնչեն հայոց խորաններէն:
Այս հանգրուանին արժէ պահ մը կանգ առնել եւ խորհիլ մեր պատմութեան մեծագոյն հրաշքին մասին:
Պատմութեան քառուղիներուն վրայ թշնամիները եկան ու դեռ կան… անոնք կրցան քանդել մեր քարաշէն հոյակապ եկեղեցիները: 11-րդ դարուն անոնք աւերեցին մեր փառապանծ մայրաքաղաք Անին՝ «Հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաքը», խլելով մեր պետականութիւնն ու թագաւորութիւնը:
Հարիւրամեակներ ետք, անոնք հրկիզեցին մեր վանքերն ու սրբավայրերը:
Եւ աւա՜ղ, այդ աւերը միայն անցեալի պատմութեան էջերուն մէջ չմնաց. նոյնիսկ մեր օրերուն, մենք սրտի խոր կսկիծով ականատես եղանք Արցախի մեր դարաւոր եկեղեցիներուն, խաչքարերուն եւ սրբավայրերուն կորուստին:
Բայց անոնք երբե՛ք, չկրցան քանդել այն անտեսանելի հոգեւոր եկեղեցին, զոր մեր Թարգմանիչ Հայրերը կառուցեցին մեր ոսկեղէն տառերով:
Հայ Եկեղեցին, իր ձեռքին ունենալով հայերէն Աստուածաշունչն ու մատենագրութիւնը, դարձաւ պետութիւն՝ անպետութիւն մնացած հայութեան համար:
Եւ ասոր ամէնէն ցնցող ապացոյցը տեսանք 1915-ի Ցեղասպանութեան ողբերգական օրերուն: Երբ հայը կը քշուէր դէպի աքսորի անապատները, ի՞նչ փրկեցին հայ մայրերը: Անոնք չփրկեցին իրենց հարստութիւնը կամ ոսկին, այլ իրենց կուրծքին սեղմած՝ փրկեցին հայոց գիրքն ու մագաղաթները: Այս անբաղդատելի հերոսութեան ամէնէն յուզիչ եւ խորհրդանշական դրուագներէն մէկը պատահեցաւ Մշոյ «Առաքելոց» վանքին մէջ: Աքսորի ճամբուն վրայ, երկու հայ կիներ, մոռնալով սովն ու յոգնութիւնը, իրենց ուսերուն առին մեր ամէնէն մեծ մագաղաթեայ ձեռագիրը, «Մշոյ Ճառընտիրը»: Անոնք այս հսկայ գիրքը երկուքի բաժնեցին ու սուրբ ուխտ մը ըրին. եթէ իրենցմէ մէկը իյնար անապատի ճամբաներուն վրայ, միւսը կեանքի գնով պիտի փրկէր գիրքին միւս կէսը եւ ապահով պիտի հասցնէր հայրենի հող:
Պատկերացուցէ՛ք այս տիեզերական հրաշքը. հայ մարդը պատրաստ էր ամէն ինչ կորսնցնել. միայն թէ փրկէր մեր Թարգմանիչներու ստեղծած գիրն ու մայրենի խօսքը: Անոնք հասկցած էին մեծագոյն ճշմարտութիւն մը. մեր լեզուն պարզապէս հաղորդակցութեան միջոց չէր, այլ մեր ազգի անջնջելի անձնագիրն էր, մեր գոյութեան անքակտելի վկայականը:
Պատահական չէ, երբ Ցեղասպանութենէն ետք հազարաւոր հայ որբեր ապաստան գտան որբանոցներուն մէջ, անոնց սորվեցուցած առաջին դասը ըլլալով Մաշտոցեան տառերը: Որովհետեւ մեր հոգեւոր հայրերը լաւ գիտէին՝ հայրենի հողէն զրկուած այդ մանուկներուն միակ իսկական եւ անկորնչելի հայրենիքը հայոց լեզուն էր: Անոնցմով անոնք նորէն կեանք գտան. այդ սուրբ գիրերով է որ մենք այսօր կրնանք հայերէնով աղօթել, խօսիլ, պատմել, սորվիլ, յիշել ու ստեղծագործել…
Տեղահանութեան սեւ օրերուն, քանի՜-քանի՜ հոգիներ իրենց վերջին շունչով մրմնջացին «Հայր Մեր»-ը: Եւ ասիկա պարզապէս անցեալ չէ. այսօր իսկ, Արեւմտեան Հայաստանի որեւէ լքուած, կիսաւեր եկեղեցիէ ներս, զգալի կ‘ըլլայ, թէ ինչպէ՛ս քարերուն մէջէն անլռելիօրէն կը ղօղանջէ «Տէր Ողորմեա»-ն: Որովհետեւ հիւսուած աղօթքը երբեք չի մեռնիր. անիկա կ‘ապրի պատերէն դուրս ու կը շարունակէ հնչել ժամանակի անվերջութեան մէջ…
Իսկ մեր արցունքն ու տառապա՞նքը… անոնք չկորսուեցան անապատի հովերուն մէջ, որովհետեւ պատմութեան բեմ բարձրացաւ մեր նորօրեայ Թարգմանիչը՝ անզուգական Մեծն Կոմիտաս Վարդապետը: Կոմիտասը հաւաքեց հայ գիւղացիի պարզ երգը, հայուն լացն եւ ուրախութիւնը, սարերու հովն ու հոգեւոր շարականները: Ան թարգմանեց մեր ցաւը՝ զայն վերածելով անմահ երաժշտութեան: Եւ այսօր, երբ կ‘ունկնդրենք Կոմիտասի Պատարագը, կը լսենք մեր նահատակներու ձայնը… ձայն մը սրբացած, որ երբեք պիտի չլռէ:
Կորուստի դէմ՝ կանգնեցուցինք կեանքը… խաւարի դէմ՝ վառեցինք գիրի, երգի ու հաւատքի լոյսը… հազար ու մէկ արհաւիրք եկան ու անցան, բայց ո՛չ մէկ ուժ կրցաւ հայուն հոգիէն խլել իր հաւատքը եւ լեզուն:
Եւ երբ հայը ստեղծեց Սփիւռքը, փոխանակ ձուլուելու օտար ովկիանոսներուն մէջ, ան Թարգմանչաց լոյսը վերածեց նոր, շարժական հայրենիքի: Հայը դարձաւ աշխարհի այն եզակի ազգերէն մէկը, որ դեռ պետութիւն չունեցած, ստեղծեց իր տպագրութիւնը:
Արդէն 1512 թուականին, Վենետիկի մէջ լոյս տեսաւ առաջին հայալեզու գիրքը՝ Յակոբ Մեղապարտի Ուրբաթագիրքը: Անկէ ետք, աշխարհի հայկական տպարանները ծաղկեցան սկիզբ դնելով հայ մամուլին: Մինչեւ մեր օրերը եւ յատկապէս հոս՝ Յունաստանի մէջ, մեր օրաթերթը կը մնայ այն կամուրջը, որ հայատառ լուրերով կը միացնէ մեզ։
Անոնց էջերուն վրայ, մայրենին կը դառնայ տեղեկատուութիւն, մշակոյթ եւ մեր առօրեայ միասնութեան խօսուն վկան:
Տպարաններէն դուրս եկող իւրաքանչիւր հայերէն գիրք՝ մեր նո՛ր ամրոցն դարձաւ Սփիւռքի մէջ:
Աշխարհի որ անկիւնն ալ ուր հայը հասաւ, հազիւ իր նոր օճախը հաստատուած, կառուցեց Եկեղեցի եւ անոր կողքին՝ Դպրոց: Ու այսպէս ալ եղաւ Յունաստանի ամբողջ տարածքին, երբ 1922-ի ալեկոծումներէն ետք հիւրընկալ այս ափերը հասած գաղթական հայերը՝ հիւսիսէն հարաւ, հիմնեցին հաւատքի ու կրթութեան նոր տապաններ:
Եւ ամէնէն կենդանի վկայութիւնը ճիշդ այս հողն է, ուր հաւաքուած ենք այսօր: Գոքինիոյ մէջ հաստատուելով, անոնք առաջին հերթին կանգնեցուցին Սուրբ Յակոբ եկեղեցին ու անոր հովանիին տակ գործող մեր այս կրթօճախը: Որովհետեւ անոնք լաւ գիտէին, որ առանց հաւատքի եւ առանց մայրենիի՝ գոյատեւումը հնարաւոր պիտի չըլլար:
Այս խորունկ ճշմարտութիւնը լաւագոյնս զգաց մեր մեծ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանը, երբ Հայ Եկեղեցին կոչեց. «Ծննդավայրն է հոգւոյս»:
Հոն, ուր հայուն հաւատքն ու հայերէն խօսքը կը միախառնուին ու կը դառնան անբաժանելի ամբողջութիւն մը: Եւ ճիշդ այդ սրբազան միութենէն ծնունդ առաւ մեր գիրն ու բանը: Մեզի համար մայրենին, արուեստի սահմաններէն անդին անցնելով, դարձաւ մեր ինքնութեան հիմքը, Հայ Եկեղեցւոյ եւ Դպրոցի կենդանի արձագանգը:
Այս նուիրական կտակը միշտ վառ մնաց: Մեր գրողները, Թարգմանչաց աւանդը ստանձնելով, դարձան մեր ազգային խղճի ձայնը:
Երբ մեր ինքնութիւնը վտանգուած էր 19-րդ դարուն, Խաչատուր Աբովեանը հնչեցուց իր ահազանգը. «Ձեր լեզուն, ձեր հաւատքը պինդ բռնեցէք»:
Երբ պէտք էր վերագտնել մեր լեզուի գեղեցկութիւնը, Եղիշէ Չարենցը գրեց. «Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում»:
Իսկ Սփիւռքի մէջ, ուր ձուլման վտանգը ամենօրեայ մարտահրաւէր է, Մուշեղ Իշխանը մեզի մի՜շտ պիտի յիշեցնէ… «Հայ լեզուն տունն է հայուն՝ աշխարհի չորս ծագերուն»:
Այս տունը, որ հիմնադրուեցաւ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի կողմէ, այսօր կանգուն է շնորհիւ մեր եկեղեցիներուն եւ վարժարաններուն:
Եւ այսօրուան այս հոյակապ կառոյցին ամէնէն կենդանի ապացոյցը մեր մէջն է, որ կը կենդանանայ մեր աշակերտներուն լուսաւոր ժպիտներով, իրենց քաղցր երգերով ու հայերէն խօսքով:
Երբ կը տօնենք Թարգմանչացը, ինքնաբերաբար հարց կը ծագի մեր մտքին մէջ. ի՞նչ կը խօսի այս դարաւոր պատմութիւնը ժամանակակից հայուն: Պատասխանը մեր աչքերուն առջեւն է. անիկա մեր այսօրուան կենդանի պայքարն է:
Ճիշդ է թէ՝ մեր Եկեղեցին ու հայ դպրոցը դէմ յանդիման կը գտնուին նոր, լուռ եւ նոյնքան լուրջ մարտահրաւէրներու՝ համաշխարհայնացման հզօր ալիքներուն, արագ ձուլման եւ օտարացման վտանգին: Մանաւանդ այսօր, երբ բոլորս կը տեսնենք թէ՝ Մայր հայրենիքի երկինքին տակ, փոթորիկները երբեք չեն խաղաղիր եւ վտանգը միշտ արթուն կը մնայ…
Ահա՛ թէ ինչու 5-րդ դարու պատգամը կը դառնայ այժմէական:
Ինչպէս Մաշտոցն ու Սահակ Պարթեւը մեր ոսկեղէն տառերով հոգեւոր վահան մը կերտեցին, այնպէս ալ այսօր, հայ դպրոցի կրթական մշակներն ու մեր հոգեւոր հայրերը կը շարունակեն նոյն առաքելութիւնը:
Անոնք անխոնջ կը ջանան, որպէսզի ժամանակակից աշխարհի այս հսկայ ովկիանոսին մէջ՝ մեր նոր սերունդը վառ պահէ մեր ինքնութեան կրակը. իր հնչեղ ձայնը լսելի դարձնէ ու դառնայ մեր դարաւոր պատմութեան կենդանի շարունակութիւնը…լեզուն ու հաւատքը ապրեցնելով ո՛չ իբրեւ անցեալի կարօտ, այլ իբրեւ բաբախող սիրտ եւ պայծառ ապագայ…
Եւ նայելով այս նոր սերունդին՝ կը գիտակցինք մեծագոյն ճշմարտութիւն մը. անոնցմով է, որ հայոց պատմութիւնը դուրս կու գայ գիրքերու էջերէն ու կը վերածուի շնչող ներկայի: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր աշակերտներն են մեր այսօրուան եւ վաղուան Թարգմանիչները:
Ամէն օր, երբ մեր զաւակները կը մտնեն վարժարանէն ներս ու մանկական ձայներով կը հնչեցնեն առաւօտեան «Հայր Մեր»-ը, երբ հայերէն էջ մը կը բանան, կը զրուցեն կամ խնամքով տառ մը կը գծեն տետրակներուն մէջ՝ ճաշակելով մայրենիին քաղցրութիւնը, անո՛նք կը սորվին մեծագոյն դասը. թէ՛ հայոց լեզուն պարզապէս բառերու հաւաքածոյ չէ, այլ՝ մեր հաւաքական պատմութիւնը, մեր յիշողութիւնն ու բարձրագոյն մշակոյթը… իւրաքանչիւր տառով, զոր անոնք կը փորագրեն իրենց միտքերուն մէջ, կը շարունակեն Թարգմանչաց սուրբ գործը՝ կերտելով իրենց սեփական անխորտակելի վահանը… այդ վահանո՛վ է, որ անոնք պիտի պաշտպանեն իրենց հայկականութիւնը աշխարհի հովերէն… անոնցմո՛վ կ‘իրագործուի մեր ազգի ամէնօրեայ յարութիւնը:
Հետեւաբար, հայուն համար աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին երկու նուիրական ձայներ, որոնք յաւերժօրէն շաղկապուած են իրարու: Մէկը Հայ Եկեղեցւոյ զանգակն է՝ որ մեր հոգիներուն մէջ անմար կը պահէ մեր հաւատքը, իսկ միւսը՝ Հայ Դպրոցի զանգն է, որ մեր մանուկներուն շուրթերուն վրայ Մաշտոցեան հրաշքը կը ծաղկեցնէ: Այս անբաժանելի զոյգն է, որ կը հանդիսանայ հայու ոգիի կենդանի զարկերակը:
Թող այս լուսեղէն ղօղանջները միշտ արձագանգեն անոնց սրտերուն մէջ…մեր Եկեղեցւոյ լոյսն ու մայրենիին շքեղութիւնը՝ անբաժան ուղեկից ըլլան մեր հրաշք աշակերտներուն…իրենց կեանքի բոլոր բարեբեր ուղիներուն վրայ…
Անկասկա՛ծօրէն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող մանկավարժի մը համար՝, չկայ աւելի մեծ պարգեւ, քան ունկնդրել ու վայելել հայ մանուկին հայերէն երգն ու խօսքը…ականատես ըլլալ, թէ ինչպէ՛ս ամէն մէկ բառի ու փսփսուքի ընդմէջէն տառերը ձեւ եւ գոյն կը ստանան՝ հիւսելու մեր ամենագեղեցիկ հեքիաթը:
Շնորհաւոր բոլորիս Թարգմանչաց տօնը:










