Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Էր­տո­ղա­նի ­Թուր­քիան ­Մեր­քէ­լի ­Գեր­մա­նիոյ դէմ եր­կար ա­տե­նէ ի վեր բա­ցած է բա­նա­ւոր պա­տե­րազմ մը, որ վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն հա­սաւ բա­ւա­կան սուր աս­տի­ճա­նի։ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահն ու իր «խուն­թա»յին ան­դամ­նե­րը ­Գեր­մա­նիան ամ­բաս­տա­նե­ցին իբ­րեւ նա­ցիա­կա­նու­թեան վե­րա­զարթ­նու­մի օ­ճախ, իսկ քա­նի մը օր ա­ռաջ ալ, ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րու օ­ղա­կը տա­րա­ծե­ցին դէ­պի ­Հո­լան­տա։ Էր­տո­ղան եւ իր նա­խա­րար­նե­րը յան­կարծ դար­ձան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ու մար­դա­սի­րու­թեան քա­րո­զիչ­ներ՝ հար­ցա­կա­նի տակ առ­նե­լով ­Թուր­քիոյ հետ ­Գեր­մա­նիոյ բա­րե­կա­մու­թիւ­նը եւ յայ­տա­րա­րե­լով, որ թոյլ պի­տի չտան ­Հո­լան­տա­յի դես­պա­նին Ան­գա­րա վե­րա­դար­ձը։
Ե­րե­ւոյթ­նե­րը ցոյց կու տան, որ մո­ռա­ցու­թեան մատ­նո­ւած է, թէ Ան­գա­րա-­Պեր­լին գի­ծին վրայ եր­բեմ­նի սի­րա­լիր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կտրուկ վատ­թա­րա­ցու­մի ըն­թացք ա­ռին մօ­տա­ւո­րա­պէս եր­կու տա­րի ա­ռաջ, երբ ­Գեր­մա­նիա բա­ցա­յայտ դար­ձուց, որ պի­տի ճանչ­նայ ­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, եւ ա­պա՝ ­Գեր­մա­նիոյ նա­խա­գահն ու խորհր­դա­րա­նը ի­րե­րա­յա­ջորդ քայ­լե­րով կա­տա­րե­ցին խոս­տու­մը։ ­Մեր­քէլ քա­նիցս փոր­ձեց ո­ղո­քել Էր­տո­ղանն ու ա­նոր գոր­ծա­կից­նե­րը, սա­կայն ա­հա ինք­զինք կը գտնէ ժա­մա­նա­կա­կից ­Թուր­քիոյ նոր «­Կար­միր ­Սուլ­թան»ին դէմ յան­դի­ման, Էր­տո­ղա­նի մը՝ որ հրա­պա­րակ ե­կած է սպառ­նա­լիք­ներ ու ամ­բաս­տա­նու­թիւն­ներ տե­ղաց­նե­լու այ­լա­պէս ներ­քին ընտ­րա­պայ­քա­րի պատ­րաս­տո­ւող ­Գեր­մա­նիոյ վրայ։ ­Հո­լան­տա եւս ան­մասն չէ Էր­տո­ղա­նի «դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր»էն։
Ի՞նչ պա­տա­հե­ցաւ վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն։
Էր­տո­ղան վճռած է ա­մէն գնով դառ­նալ նոր օ­րե­րու ­Սուլ­թան ­Հա­մի­տը, գործ­նա­պէս ու քա­ղա­քա­կա­նա­պէս. գործ­նա­պէս՝ ո­րով­հե­տեւ մրցու­մի ե­լած է ջար­դա­րար Ապ­տիւլ ­Հա­մի­տի հետ, իսկ քա­ղա­քա­կա­նա­պէս՝ ո­րով­հե­տեւ բա­ցա­յայ­տած է, որ պի­տի պատ­ռէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ու հան­րա­պե­տա­կան դրու­թեան խա­բու­սիկ շղար­շը եւ միա­պե­տա­կան բռնա­պե­տու­թիւն պի­տի հաս­տա­տէ… ժո­ղովր­դա­վար մի­ջոց­նե­րով։
­Ծա­նօթ է, որ եր­կու տա­րի ա­ռաջ, Էր­տո­ղան ամ­րան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն զգա­յա­ցունց նա­հանջ ար­ձա­նագ­րեց, յե­տոյ լու­ծեց խորհր­դա­րա­նը եւ կա­րե­լի ա­մէն մի­ջո­ցով ընտ­րել տո­ւաւ իր կողմ­նա­կից­նե­րով մե­ծա­մաս­նու­թիւն ու­նե­ցող խորհր­դա­րան մը. հե­տե­ւե­ցաւ ան­ցեալ տա­րո­ւան պե­տա­կան հա­րո­ւա­ծի բե­մադ­րու­թիւ­նը, Էր­տո­ղան աս­տի­ճան մը եւս ամ­րապն­դեց իր բռնա­տի­րա­կան բա­զու­կը, ընդ­դի­մա­դիր­ներ եւ այ­լա­խոհ­ներ պաշ­տօ­նա­զուրկ ը­րաւ, բան­տե­րը կշտա­ցուց ա­նոնց­մով, մա­մու­լը են­թար­կեց շղթա­յում­նե­րու, եւ ա­հա, իր կողմ­նա­կից­նե­րուն ձե­ռամբ խորհր­դա­րա­նին մէջ որ­դեգ­րո­ւած սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը յա­ռա­ջի­կայ 16 Ապ­րի­լին հա­նա­քո­ւէի պի­տի դնէ, այ­սինքն՝ նոյն­քան շին­ծու ժո­ղովրդա­վա­րու­թեամբ մը ժո­ղո­վուր­դին քո­ւէն պի­տի ա­պա­հո­վէ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հա­մար, ո­րոնք ա­ռե­րե­ւոյթ պի­տի հաս­տա­տեն նա­խա­գա­հա­կան իշ­խա­նու­թիւն՝ նո­ւա­զեց­նե­լով վար­չա­պե­տին ու խորհր­դա­րա­նին լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը, ինչ որ գործ­նա­պէս կը նշա­նա­կէ միա­պե­տա­կան բռնա­տի­րու­թեան մը հաս­տա­տու­մը ­Թուր­քիոյ մէջ։ ­Մեկ­նա­բան­ներ չեն վա­րա­նիր մատ­նա­ցոյց ը­նե­լու, որ Ա­թա­թիւր­քի օ­րե­րէն ի վեր կի­րար­կո­ւող (իբ­րեւ թէ) ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հան­րա­պե­տու­թեան դա­գա­ղին վեր­ջին գա­մե­րը պի­տի գա­մո­ւին 16 Ապ­րի­լին։
Ա­րեւ­մուտ­քը հան­դուր­ժո­ղու­թեամբ եւ բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րու պահ­պա­նու­մի նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ հան­դի­սա­տես ե­ղաւ (ու կը շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ) Էր­տո­ղա­նի բե­մադ­րու­թիւն­նե­րուն՝ պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով, որ ի­րա­ւա­սու չէ ­Թուր­քիոյ ներ­քին գոր­ծե­րուն մի­ջա­մուխ ըլ­լա­լու։ (Ն­ման ե­րե­ւոյթ տես­նո­ւած էր Բ. Աշ­խար­հա­մար­տը կան­խող տա­րի­նե­րուն ալ, նոյ­նինքն ­Գեր­մա­նիոյ մէջ ­Հիթ­լէ­րի մե­նա­տի­րա­կան ու ազ­գայ­նա­մո­լա­կան քայ­լե­րը դի­տո­ւած էին հան­դուր­ժո­ղու­թեամբ…)։ ­Մա­մու­լին, ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն եւ տա­կա­ւին՝ քիւր­տե­րուն ու այլ փոք­րա­մաս­նու­թեանց դէմ էր­տո­ղա­նեան բռնա­դա­տու­թիւն­նե­րը միայն բա­նա­ւոր ար­ձա­գանգ­ներ գտան ան­ցեալ տա­րի­նե­րուն, մինչ­դեռ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ, մէ­կը միւ­սին ե­տե­ւէ, կար­միր գոր­գե­րով ու լայն ժպիտ­նե­րով դի­մա­ւո­րե­ցին Էր­տո­ղանն ու ա­նոր պա­տո­ւի­րակ­նե­րը՝ նա­խա­րար թէ այլ։
Եւ ա­հա կը հաս­նի հա­կա­հա­րո­ւա­ծը։ ­Գեր­մա­նիա եւ ­Հո­լան­տա ար­գելք ե­ղան, որ թուրք նա­խա­րար­ներ ի­րենց սահ­ման­նե­րէն ներս փո­խադ­րեն ապ­րի­լեան հան­րա­քո­ւէին ի նպաստ «սուլ­թա­նա­կան» ընտ­րար­շա­ւը։ ­Թուրք նա­խա­րար­ներ ­Գեր­մա­նիա եւ ­Հո­լան­տա բնա­կող թուր­քե­րու հան­րա­հա­ւաք­նե­րու խօսք պի­տի առ­նէին ու փա­ռա­բա­նէին էր­տո­ղա­նեան ու­ղիին բա­րիք­նե­րը։ Ա­նոնց ար­գի­լո­ւե­ցաւ ­Գեր­մա­նիա մուտք գոր­ծել, իսկ նա­խա­րա­րու­հի մը դուրս դրո­ւե­ցաւ ­Հո­լան­տա­յէն, ու ­Գեր­մա­նիոյ ճամ­բով ճամ­բո­ւե­ցաւ իր եր­կի­րը։
­Գեր­մա­նիոյ ու ­Հո­լան­տա­յի թուր­քե­րը, ի­րենց կար­գին, վար ա­ռին դի­մակ­նե­րը եւ քան­դում­նե­րով ու խա­փա­նա­րա­րա­կան ա­րարք­նե­րով բո­ղոք բարձ­րա­ցու­ցին ­Պեր­լի­նի ու ­Ռո­թեր­տա­մի մէջ, ցոյց տա­լով, թէ Եւ­րո­պան որ­քա՜ն քա­ղա­քակր­թած է զի­րենք (մօ­տա­ւոր­պէս նոյն դէմ­քը տե­սանք այն օ­րե­րուն, երբ ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը կը քննար­կէր ու կ­’որ­դեգ­րէր ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւը)։
­Գեր­մա­նիա ու ­Հո­լան­տա (վստա­հա­բար նաեւ այլ եր­կիր­նե­րու պե­տա­կան մար­դի­կը) շատ լաւ գի­տեն, թէ Էր­տո­ղա­նի ­Թուր­քիան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան գի­ծէն 180 աս­տի­ճան տար­բեր ուղ­ղու­թեամբ կ­’ըն­թա­նայ, հե­տե­ւա­բար, չեն ու­զեր ի­րենց եր­կիր­նե­րը բեմ դարձ­նել աշ­խար­հի քի­թին խնդա­ցող քա­րոզ­չա­կան ար­շաւ­նե­րու։ Էր­տո­ղան եւ նա­խա­րար­ներ, բա­ցա­յայ­տօ­րէն նա­խա­պատ­րաս­տո­ւած բե­մադ­րու­թեամբ մը, ամ­բաս­տա­նու­թիւն­նե­րու եւ սպառ­նա­լիք­նե­րու հրա­զէն­նե­րը ուղ­ղած են դէ­պի ­Հո­լան­տա եւ ­Գեր­մա­նիա։ Այս տագ­նա­պա­լի յա­րա­բե­րու­թեանց է­ջե­րը կրնան ա­ւե­լի եւս հարս­տա­նալ ու ծա­ւա­լիլ։
­Քա­ղա­քակր­թու­թեան ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան դա­սեր տա­լու ե­լած ­Թուր­քիան այն ոճ­րա­գործ պե­տու­թիւնն է, որ ա­ւե­լի քան դար մը ա­ռաջ ճանչ­ցո­ւած էր իբ­րեւ «­Հի­ւանդ ­Մարդ», ի­րա­գոր­ծեց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, բռնա­գաղ­թի են­թար­կեց հա­յեր, յոյ­ներ, ա­սո­րի­ներ եւ այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ, սո­վի մատ­նեց ու բռնա­դա­տեց ա­րաբ­ներ, քիւր­տե­րը են­թար­կեց բազ­մա­հանգ­րո­ւան ու մին­չեւ օրս շա­րու­նա­կո­ւող ջար­դե­րու, չվա­րա­նե­ցաւ ­Կիպ­րո­սի հիւ­սի­սա­յին գօ­տին գրա­ւե­լու ու լու­տան­քի հա­մա­զօր հա­կազ­դե­ցու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու իր­մէ ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջող­նե­րուն դէմ, վեր­ջին 5-6 տա­րի­նե­րուն գլխա­ւոր դե­րա­կա­տարն է ­Սու­րիոյ ա­հա­ւոր ող­բեր­գու­թեան, Եւ­րո­պան շան­թա­ժի կ­’են­թար­կէ՝ գաղ­թա­կան­նե­րու ող­բեր­գու­թիւ­նը հա­սոյ­թի աղ­բիւ­րի վե­րա­ծե­լով, զինք նե­ղի մատ­նե­լու ա­րեւմ­տեան փոր­ձե­րուն դի­մաց կը փոր­ձէ բա­րե­կա­մու­թիւն խա­ղալ ­Ռու­սիոյ հետ, ու տա­կա­ւին՝ ոճ­րա­յին լա­րա­խա­ղա­ցու­թեան պատ­մու­թիւ­նը եր­կար է։
­Մեծ յոյ­սեր կա­րե­լի չէ կա­պել, թէ Եւ­րո­պան ու ընդ­հան­րա­պէս ­Թուր­քիոյ զօ­րա­կից Ա­րեւ­մուտ­քը սկսած են արթն­նա­լու։ Ի վեր­ջոյ, ­Թուր­քիան օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ շա­հակ­ցա­կան կա­պե­րը պահ­պա­նե­լու նժա­րը միշտ ալ ա­ւե­լի ծանր կշռած է դաշ­նա­կից պե­տու­թիւն­նե­րու իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն աչ­քին։
­Սա­կայն ստեղ­ծո­ւած վի­ճա­կը լաւ ա­ռիթ մը կ­’ըն­ծա­յէ մե­զի՝ հա­յե­րուս, ու ­Թուր­քիոյ ոճ­րա­յին վար­մուն­քէն տու­ժող բո­լոր ճա­կա­տագ­րա­կից­նե­րուն, որ­պէս­զի ­Թուր­քիոյ իս­կա­կան դի­մա­գի­ծին ծա­նօ­թա­ցու­մը տա­րա­ծենք ժո­ղովր­դա­յին մա­կար­դա­կի վրայ, ու ա­նոնց մի­ջո­ցով ճնշու­մի ա­լիք­ներ ստեղ­ծել պե­տա­կան մար­դոց վրայ, մէկ խօս­քով՝ չմնալ դի­տող հան­դի­սա­կա­նի ա­թո­ռին վրայ։ Ին­չո՞ւ ցու­ցա­կան քայ­լե­րու չդի­մել ­Գեր­մա­նիոյ ու ­Հո­լան­տա­յի մէջ, ար­դա­րօ­րէն օգ­տա­գոր­ծե­լով ­Թուր­քիոյ դէմ խմո­րո­ւող ժո­ղովր­դա­յին ընդվ­զու­մը, զան­գո­ւած­նե­րը դուրս բե­րե­լու պե­տա­կան մա­կար­դա­կի չա­փո­ւած-կշռո­ւած մե­քե­նա­յու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տէն։