Բացառիկ ելոյթով մը, Ալեքսանտրուպոլսոյ հայահոծ շրջանի քաղաքապետարանը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 35-րդ տարեդարձին։ Յատկանշական արարողութեամբ, Շաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Հայաստանի դրօշը ծածանեց քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ, յուզումի եւ հպարտութեան մթնոլորտին մէջ։
Ինչպէս ծանօթ է, քաղաքին մէջ կ՚ապրի հայութեան կարեւոր թիւ մը, որ երկար տասնամեակներու վրայ մաս կազմած է տեղական կեանքին, իսկ Հայաստանի անկախացումէն ետք, բազմաթիւ հայրենակիցներ Հայաստանէն կայք հաստատած են շրջանը։ Հայութեան կապերը տեղական պետական եւ քաղաքապետական կառոյցներուն հետ եղած են աւելի քան սիրալիր, միշտ գործակցական ոգիի շրջագիծէն ներս եւ փոխադարձ յարգանքի արտայայտութիւններով։
Այս իրականութեան տակ, քաղաքապետարանը որոշեց յարգել քաղաքի բնակչութեան կարեւոր մէկ մասը եւ պարզել հայկական Եռագոյնը, իր ազնուագոյն տուրքը մատուցելով եղբայրական հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին։
Շաբաթ օր, մեծ թիւով հայրենակիցներ, շրջանի թաղային խորհուրդը եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ ներկայ եղան արարողութեան։ Յատկանշական էր փոքր սերունդի ներկայութիւնը, որ եռագոյն դրօշակներով յատուկ փայլ մը տուաւ բացառիկ պահուն։ Արարողակարգի մեկնարկին, քաղաքապետ Իոաննիս Զամպուքիս եւ Հ.Հ. պատուոյ հիւպատոս Սարգիս Տանկազեան միասնաբար վեր բարձրացուցին դրօշը, իսկ ներկայ ժողովուրդը յուզումով երգեց Հայաստանի օրհներգը։
Պէտք է նաեւ նշել, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման առիթով, Ալեքսանտրուպոլսոյ քաղաքապետարանը գեղեցիկ յղացումը ունեցաւ իր շէնքը լուսաւորելու հայկական դրօշի գոյներով։ Ստեղծուած տեսարանը ոչ միայն յուզիչ էր հայութեան համար, այլեւ ջերմօրէն գնահատուեցաւ ու յարգուեցաւ քաղաքի յոյն բնակչութեան կողմէ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Ալեքսանտրուպոլսոյ քաղաքապետութիւնը պատուեց Հ.Հ. վերանկախացման 35-ամեակը










