­Կի­րա­կի, 20 ­Սեպ­տեմ­բեր 2026-ին, յա­ջո­ղու­թեամբ գու­մա­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 2026-2027 տա­րեշր­ջա­նի ­Հա­մախմ­բա­պե­տա­կան ա­ռա­ջին ժո­ղո­վը, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ: ­Սոյն կա­րե­ւոր ժո­ղո­վին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը, Շր­ջա­նա­յին խոր­հուր­դը, չորս մաս­նա­ճիւ­ղե­րու խոր­հուրդ­նե­րը, Շր­ջա­նա­յին խմբա­պե­տը, Ա­թէն­քի, ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Գա­րէա­յի խմբա­պե­տա­կան կազ­մե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նա­կան Ս­կաու­տա­կան խնա­մա­կա­լու­թե­նէն (Σ.Ε.Π.) յա­տուկ հրա­ւի­րեալ եղ­բայր Ս­փի­րոս ­Փո­լի­զո­յիս: ­Յատ­կան­շա­կան էր նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի խմբա­պետ­նե­րուն առ­ցանց աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը:
­Ժո­ղո­վը վա­րեց Շր­ջա­նա­յին խմբա­պետ եղբ. ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեան: Ան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լոր ներ­կա­նե­րուն, ա­պա իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան՝ իր ան­ձը Շր­ջա­նա­յին խմբա­պե­տի պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նին վրայ նշա­նա­կե­լուն հա­մար:
Այ­նու­հե­տեւ, խօսք ա­ռաւ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի քոյր Ար­շա ­Մա­նու­կեան: Ան իր ու­ղեր­ձին մէջ սրտանց շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց խմբա­պե­տա­կան կազ­մե­րուն՝ ա­նոնց նո­ւի­րու­մին եւ ան­խոնջ աշ­խա­տան­քին հա­մար, ինչ­պէս նաեւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց նա­խորդ Շր­ջա­նա­յին խմբա­պե­տու­հիին՝ քոյր ­Սիլ­վա Ե­զե­կիէ­լեա­նին, իր կա­տա­րած նո­ւի­րեալ ծա­ռա­յու­թեան հա­մար: ­Քոյր Ար­շան յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց նո­րան­շա­նակ Շր­ջա­նա­յին խմբա­պե­տին եւ շեշ­տեց յա­ռա­ջի­կայ տա­րեշր­ջա­նի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք են՝ ղե­կա­վար­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան զար­գա­ցու­մը, ո­րա­կա­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը եւ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տու­թեան վսեմ ա­ռա­քե­լու­թեան:
Ա­պա, ժո­ղո­վը ան­ցաւ իր օ­րա­կար­գին, եւ եղ­բայր ­Վի­գէն հան­գա­մա­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց 2026-2027 սկաու­տա­կան տա­րեշր­ջա­նի ռազ­մա­վա­րա­կան ծրա­գի­րը, ո­րը հիմ­նո­ւած է ե­րեք գլխա­ւոր հիմ­նա­սիւ­նե­րու վրայ.
Ա) Ան­դա­մա­հա­ւա­քի ծրա­գիր. սկաու­տա­կան ըն­տա­նի­քի ընդ­լայն­ման ուղ­ղո­ւած աշ­խա­տանք­ներ, ո­րոնք կ­՚ընդգր­կեն ար­տա­քին կա­պե­րու սեր­տա­ցում եւ գոր­ծակ­ցու­թիւն հայ­կա­կան այլ կա­ռոյց­նե­րու ու վար­ժա­րան­նե­րուն հետ, ար­դի թո­ւա­յին ու ըն­կե­րա­յին հար­թակ­նե­րու մէջ աշ­խոյժ ներ­կա­յու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ նո­րեկ ան­դամ­նե­րու ջերմ ըն­դու­նե­լու­թիւն եւ ան­մի­ջա­կան ներգ­րա­ւում:
Բ) Ծ­նող­նե­րու վստա­հու­թեան հզօ­րա­ցում. Այս ուղ­ղու­թեամբ շեշ­տո­ւե­ցաւ փոք­րիկ­նե­րու ֆի­զի­քա­կան ու հո­գե­կան ա­պա­հո­վու­թեան բա­ցար­ձակ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը, ծնող­նե­րուն հետ թա­փան­ցիկ ու ան­կեղծ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան պահ­պա­նու­մը, խմբա­պե­տա­կան կազ­մի տի­պար նկա­րա­գիրն ու օ­րի­նա­կե­լի վար­քա­գի­ծը, ինչ­պէս նաեւ ծնող­նե­րուն աշ­խոյժ ներգ­րա­ւու­մը սկաու­տա­կան մի­ջա­վայ­րէն ներս:
Գ) ­Դաս­տիա­րակ­չա­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ. խմբա­պե­տա­կան կազ­մի պատ­րաս­տու­թեան, կրթու­թեան եւ զար­գաց­ման ուղ­ղո­ւած յա­տուկ դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու շար­քի կազ­մա­կեր­պում:
­Ռազ­մա­վա­րա­կան ծրա­գի­րի ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք, տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­հե­կան հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բա­ժին, ուր ար­ծար­ծո­ւե­ցան յա­ռա­ջի­կայ տա­րեշր­ջա­նի ը­նե­լիք­նե­րը:
­Ժո­ղո­վի երկ­րորդ բաժ­նով, ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ­Յու­նա­կան Ս­կաու­տա­կան Խ­նա­մա­կա­լու­թե­նէն եղբ. Ս­փի­րոս ­Փո­լի­զո­յիս, որ ներ­կա­նե­րուն հան­գա­մա­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց յու­նա­կան սկաու­տու­թեան նո­րա­գոյն յայ­տա­գիրն ու ա­նոր ըն­ձե­ռած ար­դիա­կան մի­ջոց­նե­րը:
­Ժո­ղո­վի փակ­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Շր­ջա­նա­յին խմբա­պետ եղ­բայր ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեա­նը: Ան իր վեր­ջա­բա­նին մէջ յա­տուկ շեշ­տադ­րում կա­տա­րեց սկաու­տա­կան մի­ջա­վայ­րէն ներս հա­յա­խօ­սու­թեան բա­ցար­ձակ կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ՝ նշե­լով, որ մայ­րե­նի լե­զո­ւի պահ­պա­նումն ու կի­րար­կու­մը կը հան­դի­սա­նան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ սկաու­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան հիմ­նա­քա­րե­րը: