ԱՆԻ ԱԲԻԿԵԱՆ
Սեպտեմբերը միշտ ունի իր իւրայատուկ, ոգեշնչող կախարդանքը. եղանակ մը ուր դպրոցներու վերաբացումը իր հետ կը բերէ նոր սկիզբի մը յոյսն ու քաղցր սպասումը: Բայց այս կախարդանքին մէջ, անշուշտ, կան նաեւ դժուարութիւններ. յատկապէս այն փոքրիկներուն համար, որոնք առաջին անգամ ըլլալով դպրոց կը յաճախեն ու քայլ առ քայլ կ՚ընտելանան դպրոցական նոր միջավայրին:
Մեր կրթական առաքելութեան ծիրէն ներս, երբ կը համադրենք մեր տարեկան ծրագրումը, լիովին գիտակից ենք թէ՛մանկական այս նուրբ յոյզերուն եւ թէ՛ արդի աշխարհի նոր պահանջներուն: Յաճախ կ՚արծարծուին այն բազմաթիւ մարտահրաւէրները, որ հայ դպրոցը կը դիմագրաւէ այսօր, սակայն մեր կրթական աշխատանքը կը հիմնուի դրական եւ լաւատես տեսլականի մը վրայ՝ մշտապէս որդեգրելով յուսադրող եւ ստեղծագործ մօտեցում մը: Մեր ջանքը կը միտի երեխային առօրեան հեռացնելու «պարտադրանքի» որեւէ զգացումէ եւ զայն վերածելու անկեղծ ուրախութեան ու քաղցր յայտնագործութեան: Բուն դրական եւ ստեղծագործ գործողութիւնը արդէն իսկ ամենայուսադրող պատասխանն է բոլոր դժուարութիւններուն, եւ լաւագոյն ուղին դէպի ապագայ:
Ճիշդ այս ոգիով, չենք մոռնար նաեւ, որ միջազգային եւ համաշխարհային օրերը ունին յստակ ուսուցողական ու դաստիարակչական նպատակ, որ կը ջանանք պահպանել, հետեւիլ անոր քայլերուն եւ հայկական շունչով հարստացնել: Ահա այս լաւատեսութեամբ եւ խանդավառութեամբ, 25 Սեպտեմբերին, Հ.Կ. Խ-ի, Զաւարեան ազգային վարժարանի «Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզի ուսուցչական կազմը գեղեցիկ եւ աշխոյժ յայտագիր մը կազմակերպեց՝ նշելու Համահելլէնական Դպրոցական Մարմնամարզի օրը։ Այս առիթով, ուրախութիւնը ունեցանք մեր յարկէն ներս հրաւիրելու Հ.Կ.Խ-ի «Արթին Գալուստեան» մանկապարտէզի մեր փոքր ընկերները։ Անոնք սիրով ընդառաջեցին մեր հրաւէրին եւ այդ օր մեր սիրելի կրթօճախը իր ջերմ գիրկը բացաւ՝ սկիզբ տալով գունեղ եւ ստեղծագործ տարեշրջանի մը:
Կազմելով մեծ ու սիրալիր շրջանակ մը՝ միասնաբար սուզուեցանք Ողիմպիական խաղերու աշխարհին մէջ, բացայայտելով մարզական ոգիին, ընկերասիրութեան եւ գործակցութեան գեղեցիկ արժէքները: Այս քաղցր մթնոլորտին մէջ ծանօթացանք աշխարհի ցամաքամասերուն եւ խաղի ճամբով, գեղեցիկ կերպով, մէկտեղեցինք տարբեր երկիրներու դրօշակները:
Այս գոյնզգոյն ճամբորդութենէն ետք, մթնոլորտը լեցուեցաւ շարժուն խաղի ուրախութեամբ: Փոքրիկները, իրենց ձեռքերուն մէջ ծածանելով դրօշակները, հպարտօրէն տողանցեցին բակին մէջ: Ապա, մարզական եռուզեռը շարունակուեցաւ խորհրդանշական ջահավազքով, բազմատեսակ մարզական խաղերով, ուրախ ցատկերով, զուարճալի արգելքներ անցնելով եւ օդին մէջ պարող գունաւոր ժապաւէններով:
Գեղեցիկ պահերուն ընթացքին ամէն ինչ կը հնչէր այնքան բնական ու սահուն, որ մանուկները զիրենք զգացին կատարելապէս ապահով եւ անկաշկանդ: Անոնք դէմքի պայծառ ժպիտով ու անհամբերութեամբ կը սպասէին յաջորդ խաղին՝ տարուած միայն խաղալու եւ ուրախանալու խանդավառութեամբ :
Ստեղծուած ջերմ մթնոլորտը ինքնին խորապէս յուզիչ էր, քանի որ ուրախութիւնը միայն փոքրիկներունը չէր։ Մեզի՝ մեծերուս եւ ուսուցիչներուս համար ալ մեծագոյն խանդավառութիւն էր տեսնել, թէ ինչպէս բոլորս անխտիր եկանք իրարու այսքան մօտ։ Օրուան իսկական խորհուրդը այդ հաւաքական «միասին»-ն էր, իւրաքանչիւր մանուկի անհատական երջանկութիւնը եւ այն ջերմութիւնը, որմով հայ կրթօճախի գիրկը մեծցաւ ու փարեցաւ բոլորիս:
Տեսնել այսպիսի կենդանի, յուսադրող ու լոյսով լեցուն հայ դպրոց մը՝ լաւագոյն սկիզբն է: Բարի, ստեղծագործ եւ ժպիտներով լեցուն կրթական տարեշրջան կը մաղթեմ բոլորիս:










