­Նո­յեմ­բեր ամ­սո­ւան կէ­սէն մին­չեւ 2027-ի գա­րու­նը, Ա­թէն­քի Աք­րո­փո­լի­սի թան­գա­րա­նին մէջ պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւի հնա­մեայ ­Հա­յաս­տա­նին նո­ւի­րո­ւած կա­րե­ւոր ցու­ցա­հան­դէս մը, որ այ­ցե­լու­նե­րուն պի­տի ծա­նօ­թաց­նէ հա­յոց բարձ­րա­վան­դա­կին հնա­գոյն քա­ղա­քակր­թու­թիւնն ու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը։
­Մօտ 200 հնա­գի­տա­կան նմուշ­նե­րու մի­ջէն, ցու­ցա­հան­դէ­սը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ ժա­մա­նա­կագ­րա­կան լայն շրջան մը՝ քա­րի դա­րաշր­ջա­նէն մին­չեւ 4-րդ ­դար Ք.ե.՝ նե­րառ­նե­լով Պ­ղին­ձի եւ ­Վաղ Եր­կա­թի դա­րաշր­ջան­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հնա­գոյն, դա­սա­կան, հել­լե­նիս­տա­կան եւ հռո­մէա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րը։
­Ցու­ցա­հան­դէ­սը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւի Աք­րո­փո­լի­սի թան­գա­րա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նի գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Եր­կու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շա­գի­րը ստո­րագ­րո­ւած էր Ա­թէն­քի մէջ, 2026-ի ­Փետ­րո­ւա­րին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նի տնօ­րէն ­Դա­ւիթ ­Պօ­ղո­սեա­նի եւ Աք­րո­փո­լի­սի թան­գա­րա­նի տնօ­րէն ­Նի­քոս Ս­տամ­պո­լի­տի­սի կող­մէ։
­Ցու­ցա­հան­դէ­սին ա­ռանց­քա­յին բա­ժին­նե­րէն մէ­կը կը վե­րա­բե­րի Ու­րար­տո­ւի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին՝ հա­յոց բարձ­րա­վան­դա­կին պատ­մու­թեան կա­րե­ւոր եւ հա­մե­մա­տա­բար քիչ ծա­նօթ հանգ­րո­ւան­նե­րէն մէ­կուն։
­Վա­նի լի­ճի շրջա­կայ բարձ­րա­վան­դակ­նե­րը կեդ­րոն ու­նե­նա­լով՝ Ու­րար­տո­ւի թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը զար­գա­ցած է վաղ Եր­կա­թի դա­րաշր­ջա­նին եւ վե­րա­ծո­ւած ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի նշա­նա­կա­լի ու­ժե­րէն մէ­կուն։ ­Ցու­ցադ­րո­ւած նմուշ­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ժո­ղո­վուր­դին, իշ­խա­նա­կան կա­ռոյց­նե­րուն, ա­րո­ւես­տին եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն տար­բեր ե­րես­նե­րը։
­Ցու­ցա­հան­դէ­սին մէջ տեղ գտած են կա­ւէ եւ մե­տա­ղէ ա­ռար­կա­ներ, զէն­քեր, զար­դեր, քան­դակ­ներ եւ այլ հնա­գի­տա­կան գտա­ծո­ներ, ո­րոնք կը վկա­յեն տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած մշա­կու­թա­յին բազ­մա­զա­նու­թեան եւ փո­խա­դարձ կա­պե­րուն մա­սին։
Ն­մուշ­նե­րու շար­քին կը գտնո­ւի նաեւ Ու­րար­տո­ւի Ար­գիշ­տի Ա. թա­գա­ւո­րի ար­ձա­նագ­րու­թեամբ պղնձէ սա­ղա­ւարտ մը, որ կը թո­ւագ­րո­ւի 786–764 Ք.ա. տա­րի­նե­րուն եւ յայտ­նա­բե­րո­ւած է ­Կար­միր Բ­լու­րի հնա­վայ­րին մէջ։
­Ցու­ցա­հան­դէ­սը միա­ժա­մա­նակ պի­տի շեշ­տէ հին ­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­րե­ւան տա­րա­ծաշր­ջան­նե­րուն մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած կա­պերն ու մշա­կու­թա­յին փո­խա­նա­կում­նե­րը։ Հ­նա­գի­տա­կան նիւ­թե­րը կը վկա­յեն ­Հա­յաս­տա­նի, ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եւ Է­գէա­կա­նի մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած շփում­նե­րուն մա­սին՝ ի յայտ բե­րե­լով այն կա­պե­րը, ո­րոնք հնա­գոյն ժա­մա­նակ­նե­րուն իսկ տար­բեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու եւ մշա­կոյթ­նե­րու մի­ջեւ կա­մուրջ­ներ ստեղ­ծած են։
Այս ա­ռու­մով, ցու­ցա­հան­դէ­սը այ­ցե­լու­նե­րուն հա­մար հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տայ նոր տե­սան­կիւ­նէ մը ծա­նօ­թա­նա­լու հա­յոց բարձ­րա­վան­դա­կին պատ­մու­թեան եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան՝ ներ­կա­յաց­նե­լով հին ­Հա­յաս­տա­նը որ­պէս տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կա­րե­ւոր տա­րածք։
­Հին ­Հա­յաս­տա­նի նո­ւի­րո­ւած ցու­ցա­հան­դէ­սը Աք­րո­փո­լի­սի թան­գա­րա­նին մէջ պի­տի բա­ցո­ւի 2026-ի ­Նո­յեմ­բե­րի կէ­սին եւ պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի մին­չեւ 2027-ի գա­րու­նը։