­Խոր զգա­ցու­մով եւ հպար­տու­թեամբ՝ ­Յու­նաս­տա­նի 15 աս­տի­ճա­նա­ւոր­ներ եւ ե­րէց­ներ մաս­նակ­ցե­ցան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած 13-րդ ­Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ընդ­հա­նուր բա­նա­կու­մին, միա­նա­լով աշ­խար­հի 26 եր­կիր­նե­րէ՝ ­Հա­յաս­տա­նէն եւ Ս­փիւռ­քէն ժա­մա­նած 900-է ա­ւե­լի սկաուտ­նե­րու։
­Հայ­րե­նի­քին մէջ, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ապ­րե­ցան ան­մո­ռա­նա­լի պա­հեր, ծա­նօ­թա­ցան ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան ու մշա­կոյ­թին, այ­ցե­լե­ցին եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցե­ցին Ե­ռաբ­լու­րի հե­րոս­նե­րուն եւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն՝ ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ։
Ա­նոնք հպար­տու­թեամբ բարձ­րա­ցու­ցին ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի դրօշ­նե­րը Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ա­մե­նա­բարձր լե­րան՝ Ա­րա­գա­ծի գա­գա­թին վրայ։

Պատմա­կա­ն ­մրցանիշ մ­ը
80­9 սկաուտներ կ­ազմե­ցի­ն ­աշխարհի­ ա­մենամեծ­ մարդկային­ սկաուտական­ զինանշա­նը­ (­Fleur-de-Lis)՝ սահմանել­ով Կինես­ի Համաշ­խարհային­ նոր մրցանիշ մ­ը Հ.­Մ.Ը.Մ.-ին համար։
­Սակայ­ն, մրցանիշէն­ անդին, ­այս ճամբարը ­եղաւ մ­իութ­եան, յիշողու­թեան, ինքնութե­ան­ եւ եղբայրո­ւթ­եան մեծ տօն մը։
Աշխարհի­ չ­որս ­ծագերէն­ հայ երիտաս­արդներ հ­ամախ­մբուեցան­ իրենց ­հայրենիք­ին մէջ եւ անգամ մ­ը եւ­ս փաստե­ցի­ն,­թէ որքան ա­լ հեռու­ ըլլան ի­րարմէ, ի­րենց արմատնե­րը­, ­պատմութի­ւն­ն ու ա­րժէքները ­կը մնան կենդանի։­
Մեր խո­րին եւ ջերմ շնորհակալո­ւթի­ւնը­ կը­ յայտնենք բ­ոլոր ­անոնց, ­որոնք ի­րենց աջակցու­թե­ամբ եւ նուէրներ­ով­ մասնակից ­եղան այ­ս կարեւո­ր ն­ախաձե­ռնո­ւթե­ան ­իրականա­ցմա­ն։ ­Շնորհակ­ալ­ութիւն ն­աեւ բ­ոլոր ­անհատներ­ու­ն, միութիւննե­րու­ն,­ կազմակերպ­ութիւննե­րու­ն ­եւ բարեկամն­երուն, ­որոնք ի­րենց բարոյակա­ն ո­ւ գործնա­կան­ զ­օրակց­ութեամբ ­մեր կողքին գտ­նուեցա­ն։
­Հպարտ ե­նք մեր 15­ հայ սկաուտներով,­ որոնք ի­րենց մասնակցու­թե­ամբ եւ նուիրում­ով արժանավա­յել­ կ­երպով­ ն­երկայ­աց­ուցին Հ.­Մ.Ը.Մ.-ի Յունաս­տա­նի ընտանիքը­ եւ­ Յունաս­տա­նի հայ համայնքը­։
­Նոր սե­րունդը կը ­շա­րունակէ վ­առ պա­հել հայ ժողովուր­դի պատմութեա­ն,­ ինքնութեա­ն ­եւ տեսլականի­ն լ­ոյսը։­
Մէկ ազգ, մ­էկ ժառանգ­ութիւ­ն, մէկ­ ոգի։

«Արարա­տի հա­մար կանգուն»­