Հ.Կ.­Խաչի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգային վարժարանի շրջանաւարտներու հրաժեշտի հանդիսութեան՝ տնօրէնուհի ­Վիքթորիա ­Մաղաքեանի ներկա­յացուցած տեղեկագիրը

Այ­սօր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ օր մըն է մեր դպրո­ցի կեան­քին մէջ։
­Կը շնոր­հա­ւո­րենք մեր վար­ժա­րա­նի բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց գե­ղե­ցիկ մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար այս հան­դէ­սին:
Այ­սօր մենք ոչ միայն կ­’ա­ւար­տենք եւս մէկ յա­ջող ու­սում­նա­կան տա­րի, այլ նաեւ կը նշենք մեր սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւա­նը։
Ա­մէն ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան ա­ւարտ մե­զի հա­մար ա­ռիթ մըն է կանգ առ­նե­լու, ետ նա­յե­լու ան­ցած ճամ­բուն եւ գնա­հա­տե­լու այն բո­լոր ջան­քե­րը, ո­րոնք գոր­ծադ­րո­ւե­ցան մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն կրթու­թեան եւ դաս­տիա­րա­կու­թեան հա­մար։ Այս տա­րին եւս մեր ե­րե­խա­նե­րը սոր­վե­ցան, ա­ճե­ցան, ստեղ­ծա­գոր­ծե­ցին, յաղ­թա­հա­րե­ցին դժո­ւա­րու­թիւն­ներ եւ ար­ձա­նագ­րե­ցին նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ։
­Սա­կայն, սփիւռ­քի հայ­կա­կան դպրո­ցի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի լայն է, քան գի­տե­լի­քի փո­խան­ցու­մը։ ­Մենք կը դաս­տիա­րա­կենք հայ զա­ւակ­ներ, ո­րոնք կը ճանչ­նան ի­րենց ար­մատ­նե­րը, կը սի­րեն ի­րենց լե­զուն, կը պահ­պա­նեն ի­րենց մշա­կոյ­թը եւ հպար­տու­թեամբ կը կրեն ի­րենց ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը։

Այ­ցե­լու­թիւն­ներ-տօ­ներ-հան­դէս­ներ
«Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը  մաս­նակ­ցե­ցաւ զա­նա­զան դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րու, դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րեց եւ իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ բո­լոր դպրո­ցա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն, նշե­լով բո­լոր հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան տօ­նե­րը:
­Հոկ­տեմ­բեր ամ­սուն, ­Թարգ­ման­չաց տօ­նին ա­ռի­թով, կա­տա­րե­ցինք մեր ծնո­ղա­կան մի­ւու­թիւն­նե­րուն կող­մէ վե­րա­նո­րո­գո­ւած ­Փո­խա­ռա­կան «­Բաբ­գէն ­Գա­սա­պեան» գրա­դա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը:
­Նոյն օ­րը, տե­ղի ու­նե­ցաւ գե­ղան­կար­չու­թեան աշ­խա­տա­նո­ցի ըն­թաց­քին պատ­րաս­տուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սը:
­Նաեւ, ­Հոկ­տեմ­բեր ամ­սուն մեծ պա­տի­ւը ու­նե­ցանք մեր վար­ժա­րա­նին մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու եր­կու հռչա­կա­ւոր եւ մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող գե­ղան­կա­րիչ­ներ՝ պա­րոն Է­տո­ւարտ ­Սա­գա­յեանն ու տի­կին Ան­նա ­Մա­րիա ­Ցա­գա­լին։
Այ­ցե­լու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ գե­ղան­կար­չա­կան աշ­խա­տա­նո­ցին ծի­րէն ներս եւ ա­շա­կերտ­նե­րը ու­նե­ցան բա­ցա­ռիկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նե­լու ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը, ար­տա­յայ­տե­լու ի­րենց ներշնչ­ման աղ­բիւր­նե­րը, քննար­կե­լու ա­րո­ւես­տի հետ կա­պո­ւած հար­ցեր եւ ստեղ­ծա­գործ երկ­խօ­սու­թեան մտնե­լու այս եր­կու հան­րա­ծա­նօթ ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րուն հետ։
­Կա­ղան­դի շրջա­նին այ­ցե­լե­ցինք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տու­նը,ուր մեր ա­շա­կեր­նե­րը եր­գե­ցին ու պա­րե­ցին հա­յե­րէ­նով: ­Նաեւ, այ­ցե­լե­ցինք շրջա­նիս 94-րդ ­նա­խակր­թա­րա­նը, ուր մեր ա­շա­կերտ­նե­րը եր­գե­ցին ու պա­րե­ցին ­Կա­ղան­դի ա­ւան­դա­կան եր­գեր ու պա­րեր:
­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան Ս. ­Կա­րա­պետ եւ Ս.Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­րա­րո­ղու­թեանց: Ս.Ծ­նուն­դի եւ Ս.­Յա­րու­թեան ա­ռի­թով, ըն­թեր­ցո­ւած­ներ կար­դա­ցին տի­կին Ա­լի­նա ­Պար­տաք­ճեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ: ­Նաեւ, մեր ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան ­Տեառ­նը­դա­ռա­ջի, ­Տա­սը ­Կու­սա­նաց եւ Ոտն­լո­ւա­յի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն:
Դ., Ե. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան ­Վար­դա­նան­ցի ա­ռի­թով կրօ­նա­կան ժո­ղո­վին կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած դա­սա­խօ­սա­կան ե­րե­կո­յին, ուր օ­րո­ւան բա­նա­խօս էր ­Թե­միս ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, իսկ մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին մեր ու­սուց­չու­հի­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր:
­Բա­ցա­ռիկ էր մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը  24 Ապ­րի­լի կեդ­րո­նա­կան ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյ­թին, ուր ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խա­տա­նո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը եր­գե­ցին ե­րա­ժիշտ պրն.­Միհ­րան ­Չա­լը­քեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ:
Զ.դա­սա­րա­նի ա­շա­կետ­նե­րուն հետ այ­ցե­լե­ցինք  «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տու­նը, ուր ա­շա­կերտ­նե­րը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին օ­րա­թեր­թի մա­սին ի­րենց ստա­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով:

­Դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­ներ
Ն­շե­ցինք մարմ­նա­մար­զու­թեան օ­րը եւ մաս­նակ­ցե­ցանք Special Olympics-ի «­Կը խա­ղանք միա­սին, կը սոր­վինք միա­սին» դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գի­րին, հաշ­ման­դա­մու­թեան հա­մաշ­խար­հա­յին օ­րո­ւան ա­ռի­թով: ­Նաեւ, մեր դպրո­ցին մէջ կազ­մա­կեր­պե­ցինք ոտ­նագն­դա­կի մրցոյթ­ներ՝ նշե­լով մար­զա­սէ­րի օ­րը:
Այս տա­րի, ա­ռա­ջին ե­ռամ­սեա­կին, յա­ջո­ղե­ցանք ի­րա­կա­նաց­նել լո­ղի դա­սե­րու ծրա­գի­րը, որ նա­խա­տե­սո­ւած է Գ.  եւ Դ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար, Ա­թէն­քի «­Սա­րա­ֆիօ» լո­ղա­ւա­զա­նին մէջ։
­Յա­ջո­ղե­ցանք  Դպ­րո­ցա­կան գրա­դա­րան­նե­րու ցան­ցին մէջ ընդգր­կո­ւե­լու եւ մուտք գոր­ծե­լու «myLib» դպրո­ցա­կան գրա­դա­րան­նե­րու ցան­ցին, որ­պէս­զի ի­րա­կա­նաց­նենք մեր գրա­դա­րա­նին գիր­քե­րու ե­լեկտ­րո­նա­յին գրան­ցու­մը ու կազ­մա­կեր­պու­մը, զոր ստանց­նած են պա­տաս­խա­նա­տու ու­սուց­չու­հի­ներ տի­կին Ս­թել­լա ­Մո­յի­սի եւ տի­կին ­Նա­զիկ ­Ճա­մու­զեան։
­Նաեւ, մեր մշա­կած ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան ծրա­գի­րին ծի­րէն ներս, բո­լոր դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը ա­մէն տասն­հինգ օր, մէկ գիրք փոխ կ’առ­նէին, իսկ ի­րենց ըն­թեր­ցո­ղա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կա­նո­նա­ւոր կեր­պով կը գրան­ցո­ւէր։ ­Բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը ցու­ցա­բե­րե­ցին յա­տուկ հե­տաքրք­րու­թիւն եւ նա­խան­ձախնդ­րու­թիւն։ ­Սա­կայն, Գ. դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռանձ­նա­ցան՝ կա­տա­րե­լով փո­խա­ռու­թիւն­նե­րու ա­մէ­նէն մեծ թի­ւը։ Իբ­րեւ գնա­հա­տանք ա­նոնց ջան­քե­րուն եւ սէ­րին հա­մար գիր­քե­րուն հան­դէպ՝ պի­տի շնոր­հո­ւի յու­շա­նո­ւէր մրցա­նակ եւ գիրք մը՝ մաղ­թան­քով շա­րու­նա­կեն գտնել գիր­քե­րուն է­ջե­րուն մէջ պա­հո­ւը­տած գան­ձե­րը։
Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ պատ­մա­բան տի­կին ­Գո­հար ­Գան­տա­հա­րեան այ­ցե­լեց մեր ե­րեք վար­ժա­րան­նե­րը եւ հե­տե­ւե­ցաւ հա­յե­րէ­նի դա­սա­պա­հե­րուն:
Այս տա­րի եւս մեր վար­ժա­րա­նը գոր­ծակ­ցե­ցաւ  մի­ջազ­գա­յին համ­բա­ւի ար­ժա­նա­ցած ե­րա­ժիշտ պա­րոն ­Միհ­րան ­Չա­լը­քեա­նին  հետ: ­Մեր վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը հե­տե­ւե­ցան ե­րաժշ­տու­թեան դա­սըն­թացք­նե­րու, մաս­նակ­ցե­լով ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խա­տա­նո­ցին:
­Գոր­ծակ­ցե­ցանք հո­գե­բան տի­կին ­Մա­րի ­Ճա­նի­կեա­նին հետ եւ կազ­մա­կեր­պե­ցինք ծրա­գիր մը բռնու­թեան դէմ մեր վար­ժա­րա­նի բարձր կար­գի եւ միջ­նա­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րուն մի­ջեւ: ­Նաեւ, Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան ու ­Ճէ­նա­զեան միջ­նա­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան բռնու­թեան դէմ ու­րիշ ծրագ­րի մը «Μπαίνω στη θέση του άλλου, λέω όχι στη βία και τον εκφοβισμό»:

Մր­ցոյթ­նե­րու յա­ջո­ղու­թիւն­ներ
­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ եւ քա­ջա­լե­րան­քով մաս­նակ­ցե­ցան զա­նա­զան մրցոյթ­նե­րու եւ գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցան:
Ե. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան թո­ւա­բա­նու­թեան «­Միք­րոս էֆք­լի­տիս» եւ բնա­գի­տու­թեան «Ա­րիս­տո­տե­լիս» մրցոյթ­նե­րուն: «Ա­րիս­տո­տե­լիս» մրցոյ­թին չորս ա­շա­կերտ՝ Ե. դա­սա­րա­նէն Ք­րիս­տա­փոր ­Խա­չա­տու­րեան եւ Ա­լեք­սանտ­րոս ­Սի­վաս­լիօղ­լու, իսկ Զ. դա­սա­րա­նէն ­Տի­միթ­րիս ­Քա­րա­ֆի­լա­քիս եւ ­Սար­գիս ­Զա­ֆի­րու­լիս գե­րա­զանց ար­դիւնք բե­րին:
«­Միք­րոս էֆք­լի­տիս» մրցոյ­թին ար­դիւնք­նե­րը պի­տի յայ­տա­րա­րո­ւին ­Սեպ­տեմ­բե­րին:
­Բա­ցա­ռիկ եւ պա­տո­ւա­բեր  ար­դիւնք բե­րաւ մեր վար­ժա­րա­նի Դ. դա­սա­րա­նի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, տի­կին ­Լի­նա ­Մի­նիի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, Ա­ռա­ջին ­Մի­ջազ­գա­յին ա­շա­կեր­տա­կան  գե­ղան­կար­չու­թեան մրցոյ­թին «Η Κόρη της Αρχαίας Θήρας – στο Χθες, στο Σήμερα, στο Αύριο»։ Այս մրցոյ­թին, Դ. դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րը՝ ­Զա­րա ­Գա­րա­վա­նի եւ ­Մա­րիա ­Խա­չե­րեան պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան, իսկ բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցան:
­Նաեւ, Դ. դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի ­Սի­լիա ­Կէ­քա Ե­ղի­շէ­յեան, տի­կին ­Լի­նա ­Մի­նիի քա­ջա­լե­րան­քով, մաս­նակ­ցե­ցաւ ա­շա­կեր­տա­կան Հ­ռե­տո­րա­կան փա­ռա­տօ­նին, ուր հմա­յիչ ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­ցաւ եւ գո­վես­տի ար­ժա­նա­ցաւ:
«Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի Գ.,Դ. եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան ի­րենց ու­սուց­չու­հի­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, ա­շա­կեր­տա­կան ձեռ­նար­կի մը, որ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ  նա­խակր­թա­րա­նի խորհր­դա­տո­ւին կող­մէ  «­Նա­խակր­թա­նի մէջ  գե­ղա­գի­տա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան զար­գա­ցու­մը» խո­րագ­րով «­Մե­լի­նա» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նին մէջ եւ գո­վես­տի ար­ժա­նա­ցան ի­րենց տպա­ւո­րիչ ներ­կա­յաց­ման հա­մար:
­Մենք կը շնոր­հա­ւո­րենք մեր վար­ժա­րա­նի բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց բո­լոր ջան­քե­րուն ու ձեռք բե­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար:
«Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի գօր­ծու­նէու­թեան մա­սին կրնաք ման­րա­մաս­նօ­րէն տե­ղե­կա­նալ մեր կայ­քէ­ջին մի­ջո­ցաւ:
­Նաեւ, հան­դէ­սի ա­ւար­տին կրնաք վա­յե­լել մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն գծագ­րու­թիւն­նե­րը ներշն­չո­ւած մե­ծա­գոյն գե­ղան­կա­րիչ­նե­րու գոր­ծե­րէն:

Շ­նոր­հա­կա­լա­կան խօսք
2025 — 2026 ու­սում­նա­կան  տա­րեշր­ջա­նը բո­լո­րե­լով մեր ջեր­մա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք ­Թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր՝ Տ.­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նին եւ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Նա­րեկ քա­հա­նա­յին:
­Վար­ժա­րա­նիս բա­րօ­րու­թեան հո­գա­տար­նե­րուն՝ ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, ու­սում­նա­կան, տնտե­սա­կան ու կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թեանց:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն «Ա­զատ Օր»-ին եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թին, որ ի­րենց է­ջե­րը լայն բա­ցին մեր վար­ժա­րան­նե­րուն առ­ջեւ:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի վար­չու­թեանց:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան, որ ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին մեր կող­քին էր ու ա­մէն ջանք թա­փեց մեր կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու: ­Նաեւ, շնոր­հա­կա­լու­թիւն մեր ման­կա­պար­տէ­զի ու նա­խակր­թա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն յանձ­նո­ւած նո­ւէր­նե­րուն հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն այն բո­լոր ծնող­նե­րուն ու կրթա­սէր ազ­գա­յին­նե­րուն, ո­րոնք նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու կամ այլ տե­սա­կի օ­ժան­դա­կու­թին­նե­րու ճամ­բով թի­կունք կանգ­նե­ցան մեր դպրո­ցին, յատ­կա­պէս պա­րոն­ներ ­Յով­հան­նէս ­Թեր­զեա­նին ,­Կա­րօ ­Պար­տաք­ճեա­նին, ­Կա­րօ ­Ներ­սէ­սեա­նին, Ա­րամ ­Պէ­քէ­րէ­ճեա­նին եւ ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեա­նին, ի­րենց մնա­յուն ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն պրն. ­Յա­րու­թիւն ­Հա­ճեա­նին եւ Ք­րիս­տա­փոր ­Խա­չե­րեա­նին, ո­րոնք մեր գրա­դա­րա­նը օժ­տե­ցին սի­րուն նստա­րան­նե­րով:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն պրն ­Յով­հան­նէս ­Գա­լայ­ճեա­նին, որ մեր ու­սուց­չա­րա­նը օժ­տեց սի­րուն կա­րա­սի­նե­րով:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն պրն. Ա­ւե­տիս ­Թով­մա­սեա­նին, որ ստանց­նեց բե­մին յար­դա­րու­մը:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն ­Ճէ­լա­լեան ըն­տա­նի­քին, որ նո­ւի­րեց մեր դպրո­ցին ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նի գիր­քե­րը, որ­պէս­զի օգ­տա­գոր­ծո­ւին մեր գրա­դա­րա­նին հա­մար եւ մեր դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րէն:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Պա­րի միա­ւո­րին, որ մե­զի տրա­մադ­րեց  Զ. դա­սա­րա­նի թա­տե­րա­կա­նի տա­րազ­նե­րը:
­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ  ձե­զի՝ սի­րե­լի ծնող­ներ, ձեր գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար, ինչ­պէս նաեւ ձեր ցու­ցա­բե­րած վստա­հու­թեան հայ­կա­կան մեր այս վար­ժա­րա­նի կա­տա­րած ա­ռա­քե­լու­թեան՝ լա­ւա­գոյն հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ջամ­բե­լու նո­րա­հաս հայ սե­րունդ­նե­րուն: ­Ձեր զա­ւակ­նե­րուն յա­ջո­ղու­թիւ­նը նաեւ ձեր նո­ւի­րու­մին վկա­յու­թիւնն է։
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն  պաշ­տօ­նա­կից տնօ­րէ­նու­հի­նե­րուն: ­Վարձ­քը կա­տար ու­սուց­չա­կան կազ­մին՝ մեր ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի ու­սուց­չու­հի­նե­րուն, տի­կին­ներ ­Մա­րիա ­Տի­մա­քի եւ ­Սո­նա ­Գալս­տեան , նա­խակր­թա­րա­նի տի­կին­ներ Ա­լի­նա ­Պար­տաք­ճեան, ­Մա­նիա ­Ճա­նա­պեան, Ան­նա ­Սա­ֆա­րեան, ­Նա­զիկ ­Ճա­մու­զեան, ­Նա­նա ­Լու­լու­քօղ­լու, ­Լի­նա ­Մի­նի, Ս­թել­լա ­Մո­յի­սի, Ք­րիս­տի­նա ­Տե­լի, ­Բաւ­լի­նա ­Քե­լա­յի­տի, ­Զոի ­Փա­փաեոան­նի­տու, ­Նաֆ­սի­քա ­Փա­փաի­լիա, Է­քա­թե­րի­նի Եա­լեր­նիու եւ պա­րոն Եան­նի ­Ցի­կու­նի, որ  ճիգ թա­փե­ցին ու պատ­րաստ էին յօ­ժա­րօ­րէն բո­լոր ստեղ­ծո­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու:
Այս ճա­նա­պար­հին, մեր ու­սու­ցիչ­նե­րուն նո­ւի­րու­մը, համ­բե­րու­թիւ­նը եւ մաս­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տան­քը ա­մէն օր կեանք կու տան մեր դպրո­ցին։ Ա­նոնց կը յայտ­նենք մեր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը։
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն վար­ժա­րա­նի անձ­նա­կազ­մին՝ մեր սի­րե­լի տի­կին Ա­նիին, վա­րորդ­նե­րուն, պա­րոն­ներ ­Յո­վիկ, Եոր­ղօ, ու­ղեկ­ցող տի­կին­նե­րուն` ­Վեր­ժին, ­Լու­սի, Եան­նա, ­Մե­րի եւ  բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ըն­ծա­յե­ցին մեր ճի­գե­րու ար­դիւ­նա­ւոր­ման հա­մար:

Մր­ցա­նակ­ներ
Զ. դա­սա­րա­նի հա­յե­րէ­նի դա­սե­րուն մէջ յա­տուկ ճիգ թա­փած ա­շա­կեր­տը ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ կը պար­գե­ւատ­րո­ւի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ա­մառ­նա­յին բա­նա­կու­մին մաս­նակ­ցու­թեան մրցա­նա­կով: Այս մրցա­նա­կին կ­’ար­ժա­նա­նայ  Է­վի­նա ­Տու­քան:
Այս տա­րի երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով  պա­րոն Ար­սէն ­Գալ­ֆա­յեան 200 եւ­րո­յով կը պար­գե­ւատ­րէ մեր վար­ժա­րա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն հա­յոց լե­զո­ւի գե­րա­զանց ա­շա­կեր­տը: Այս մրցա­նա­կին կ­’ար­ժա­նա­նայ ­Մա­րիա Է­կի­քեան:
­Նաեւ, պա­րոն ­Ռու­բէն ­Գալ­ֆա­յեան 200 եւ­րո­յով կը պար­գե­ւատ­րէ մեր վար­ժա­րա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն հա­յոց մշա­կոյ­թի գե­րա­զանց ա­շա­կեր­տը:
­Շատ դժո­ւար ո­րո­շում էր, ո­րով­հե­տեւ մեր ե­րեք ա­շա­կերտ­նե­րը՝ Է­վա ­Յա­կո­բեան, ­Տի­միթ­րիս ­Քա­րա­ֆիլ­լա­քիս եւ ­Սար­գիս ­Զա­ֆի­րու­լիս գե­րա­զանց, աշ­խա­տա­սէր եւ փայ­լուն յա­ռաջ­դի­մու­թիւն ցու­ցա­բե­րած են մշա­կոյ­թի վե­րա­բե­րող աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ: Ուս­տի բո­լո­րին հան­դէպ ար­դար ըլ­լա­լու նպա­տա­կով դի­մած ենք վի­ճա­կա­հա­նու­թեան: ­Վի­ճա­կա­հա­նու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ու­սուց­չա­կան կազ­մի ներ­կա­յու­թեամբ եւ մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցաւ ­Տի­միթ­րի ­Քա­րա­ֆիլ­լա­քին:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր նո­ւի­րա­տու­նե­րուն եւ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն մեր բո­լոր շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ի­րենց ջան­քե­րուն, յա­ռաջ­դի­մու­թեան  ու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար:

Հ­րա­ժեշ­տի խօսք
Ա­մէն տա­րե­վերջ մեզ կը լեց­նէ հպար­տու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ կը տես­նենք մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն ա­ճը, յա­ռաջ­դի­մու­թիւնն ու ձեռք­բե­րում­նե­րը։ ­Սա­կայն, շրջա­նա­ւարտ­նե­րու օ­րը միշտ ու­նի իր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ խոր­հուր­դը. ան հրա­ժեշ­տի եւ նոր սկիզ­բի, յի­շո­ղու­թիւն­նե­րու եւ նոր ե­րազ­նե­րու խաչ­մե­րուկ մըն է։
­Սի­րե­լի՛ ա­շա­կերտ­ներ,
Երբ ա­ռա­ջին ան­գամ մուտք գոր­ծե­ցիք այս դպրոց, մեծ ե­րազ­նե­րով եւ հե­տաքրք­րու­թեամբ լե­ցուն մա­նուկ­ներ էիք։ Այ­սօր, մեր առ­ջեւ կը տես­նենք հա­սուն պա­տա­նի­ներ, ո­րոնք պատ­րաստ են դի­մագ­րա­ւե­լու նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ եւ կա­ռու­ցե­լու ի­րենց ա­պա­գան։
Այս դպրո­ցը ձե­զի փո­խան­ցեց գի­տե­լիք, բայց նաեւ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր ժա­ռան­գու­թիւն մը՝ հայ ըլ­լա­լու հպար­տու­թիւ­նը, մայ­րե­նի լե­զո­ւի սէ­րը, մեր պատ­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի գի­տակ­ցու­թիւ­նը։ Այս ար­ժէք­նե­րը թող միշտ լու­սա­ւո­րեն ձեր ճամ­բան։
­Սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­ներ, այս օ­րը կը նշէ նոր սկիզբ մը։ ­Դի­մե­ցէ՛ք ա­պա­գա­յին հա­ւատ­քով, վստա­հու­թեամբ եւ նո­ւի­րու­մով։ ­Հա­ւա­տա­ցէ՛ք ձեր ու­ժե­րուն, բայց նաեւ եր­բեք մի՛ մոռ­նաք այն հիմ­քը՝ որ այս­տեղ ստա­ցաք։
Շ­նոր­հա­ւո­րու­թիւն կը յայտ­նեմ, մաղ­թե­լով լու­սա­ւոր ու­ղի, շա­րու­նա­կա­կան զար­գա­ցում եւ յա­ջո­ղու­թիւն։
­Թող ձեր թռիչ­քը ըլ­լայ բարձր, բայց եր­բեք մի՛ մոռ­նաք ձեր բոյ­նը։ ­Թող ձեր գի­տե­լի­քը ծա­ռա­յէ մարդ­կու­թեան, իսկ ձեր սիր­տը միշտ բա­բա­խէ հա­յու­թեան սի­րով։

Նախակրթարանի շրջանաւարտները, ձախէն աջ՝
Տղաներ՝  Ստեֆան Թոմպուլեան,Տիմիդրիս Գարաֆիլլաքիս, Խարիլաօս Կարամեցիս, Ժիրայր Շամմէս, Սարգիս Զաֆիրուլիս
Աղջիկներ՝ Էվա Յակոբեան, Էվինա Տուքա, Մարիա Էկիքեան

Մանկապարտէզի շրջանաւարտները, ձախէն աջ՝
Տղաներ՝ Մաքսիմոս Չալիքեան, Ստեֆանոս Պապիքեան
Աղջիկներ՝  Սոֆիա Յակոբեան, Էլենա Սամարա, Իլիա Մարիա Սամարա, Իրինի Թովմասեան, Մարինա Թերեզա Խաչերեան

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածըՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ