­ Հան­դի­սա­ւոր պաշ­տա­մուն­քով ­Կի­րա­կի, 21 ­Յու­նիս 2026-ի ե­րե­կո­յեան ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան Լիբանանի Ա­ռա­ջին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու միու­թիւ­նը նշեց ­Հա­յաս­տա­նեայց ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ 180-ա­մեա­կը:
­Մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հայ եւ այլ, մաս­նակ­ցե­ցան պաշ­տա­մուն­քին, որ նաեւ ծա­ռա­յեց իբ­րեւ ՄԱՀԱԵՄ-ի 79-րդ ­տա­րե­կան հա­մա­ժո­ղո­վի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը:
­Պաշ­տա­մուն­քի թե­ման էր` «Խղ­ճի ա­զա­տու­թիւն եւ հա­ւատ­քի յանձ­նա­ռու­թիւն» (­Գա­ղա­տա­ցիս 5.1): ­Միու­թեան նա­խա­գա­հի տե­ղա­պահ, ­Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ վեր. դոկտ. ­Փոլ ­Հայ­տոս­թեան իր պատ­գա­մին մէջ շեշ­տեց ոչ միայն իբ­րեւ ­Հայց. ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան գլխա­ւոր սկզբուն­քը, այլ նաեւ որ­պէս ու­ղե­ցոյց` այ­սօ­րո­ւան քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յու­թեան կեան­քին:
Ան իր խօս­քին սկիզ­բը փոր­ձեց բնու­թագրում տալ կրօ­նին եւ մար­դու հա­ւատ­քին` հաս­տա­տե­լով, որ ա­նոնք պար­տադրանք­ներ պէտք չէ ըլ­լան, այլ` հա­մո­զում­ներ: Ա­պա ան շեշ­տը դրաւ ­Պօ­ղոս ա­ռա­քեա­լին հե­տե­ւեալ յայ­տա­րա­րու­թեան վրայ` «Ք­րիս­տոս մեզ ա­զա­տեց», եւ հաս­տա­տեց, որ այս կա­րե­ւոր հիմ­քէն մեկ­նե­լով` ա­ւե­տա­րա­նա­կան աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թիւ­նը շեշ­տած է քրիս­տո­նեա­յին խղճի ա­զա­տու­թիւ­նը: «­Քա­նի որ փրկու­թիւ­նը Ք­րիս­տո­սի հան­դէպ հա­ւատ­քով է եւ ոչ` մարդ­կա­յին կար­գադ­րու­թիւն­նե­րով, պար­զա­պէս ա­ւան­դու­թիւն­նե­րով կամ ե­կե­ղե­ցա­կան պա­հանջ­նե­րով, քրիս­տո­նեա­յին խիղ­ճը վերջ­նա­կա­նա­պէս են­թա­կայ պի­տի ըլ­լայ Աս­տու­ծոյ խօս­քին եւ Ք­րիս­տո­սի տի­րու­թեան, եւ ոչ թէ` ժա­մա­նա­կա­ւոր մարդ­կա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու հա­ւա­նու­թեան», ը­սաւ վեր. ­Հայ­տոս­թեան` ան­մի­ջա­պէս ա­ւելց­նե­լով, որ պէտք է գի­տակ­ցիլ, թէ ա­զա­տու­թիւն` չի նշա­նա­կեր սան­ձար­ձա­կու­թիւն, այլ պա­տաս­խա­նա­տու ա­զա­տու­թեան մա­սին է խօս­քը:
Անդ­րա­դառ­նա­լով ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան` պատ­գա­մա­բե­րը ը­սաւ, որ` «Ե­կե­ղե­ցին կո­չո­ւած է ըլ­լա­լու այն­պի­սի հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը: … Ան հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հա­ղոր­դակ­ցու­թիւնն է, ո­րոնց խիղ­ճը պա­տաս­խա­նա­տու է ­Տէր ­Յի­սու­սի առ­ջեւ, ո­րոնց կեան­քը կը ձե­ւա­ւո­րո­ւի ­Սուրբ ­Հո­գիով, եւ ո­րոնց ա­զա­տու­թիւ­նը կը դրսե­ւո­րո­ւի փո­խա­դարձ եւ սի­րոյ ծա­ռա­յու­թեան մէջ»: Ա­պա վեր. ­Փոլ ­Հայ­տոս­թեան խօ­սե­ցաւ 180 տա­րի­ներ ա­ռաջ ծնունդ ա­ռած ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ծննդո­ցին, ան­ցած ճա­նա­պար­հին` հաս­նե­լով մին­չեւ ներ­կան. «Ան­ցեա­լը ան­ցած կրնայ ըլ­լալ ժա­մե­րու հա­շո­ւար­կով, բայց միա­միտ պի­տի չըլ­լանք: ­Մեր այ­սօ­րո­ւան նո­րո­գեալ ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը ամ­րա­ցած է նաեւ ան­ցեա­լի չա­րի­քի փոր­ձով` մեր ստա­ցած աս­տո­ւա­ծա­յին ո­ղոր­մու­թեամբ, մա­նա­ւանդ յա­րու­թեան յոյ­սով, նաեւ` քննա­կան ակ­նո­ցով», ը­սաւ ան:
­Վեր. դոկտ. ­Փոլ ­Հայ­տոս­թեան յա­ջորդ բա­ժի­նին մէջ լու­սար­ձա­կի տակ բե­րաւ խղճի ա­զա­տու­թեան քրիս­տո­նէա­կան կա­րե­ւոր այն ե­րես­նե­րը, ո­րոնք ա­ղերս ու­նին ե­կե­ղե­ցա­կան այդ տօ­նին հետ:
«Օ­րի­նա­պաշ­տու­թե­նէ ա­զա­տու­թիւն – Ք­րիս­տո­նեան կո­չո­ւած է ապ­րե­լու հա­ւատ­քով, որ սի­րոյ մէջ կը գոր­ծէ, ա­յո՛, կա­նո­նա­ւոր կեն­ցա­ղով եւ սահ­մա­նադրու­թիւն­նե­րով, բայց` ոչ կա­նոն­նե­րու հան­դէպ վա­խով:  Օ­րի­նակ` ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դամ մը կը ծա­ռա­յէ, կը նո­ւի­րա­բե­րէ, կը պաշ­տէ եւ կ­՛ա­ղօ­թէ ոչ թէ Աս­տու­ծոյ հա­ճու­թիւ­նը շա­հե­լու հա­մար, այլ ո­րով­հե­տեւ ար­դէն ըն­դու­նած է Աս­տու­ծոյ փրկա­րար շնորհ­քը:
«­Պար­տադ­րան­քէ ա­զա­տու­թիւն – Իս­կա­կան հա­ւատ­քը չի կրնար պար­տադրուիլ:  Ե­կե­ղե­ցին, ա­մէն ե­կե­ղե­ցի, կը հա­մո­զէ, կը սոր­վեց­նէ, կը քա­րո­զէ Ա­ւե­տա­րա­նը, եւ ա­շա­կեր­տու­թիւն կը մշա­կէ, բայց չի հար­կադ­րեր հա­ւա­տալ:
Օ­րի­նակ` ե­կե­ղե­ցին կ­՛ըն­դու­նի իր ան­դամ­նե­րուն ան­կեղծ հար­ցում­ներն ու կաս­կած­նե­րը` փո­խա­նակ պա­հան­ջե­լու աշ­խար­հի տրա­մա­բա­նու­թեամբ հպա­տա­կու­թիւն, նոյ­նիսկ ե­թէ ե­կե­ղե­ցին է պար­տադ­րո­ղը, ինչ որ ստեղ­ծած էր այդ հար­ցը 1840-ա­կան­նե­րուն ­Պոլ­սոյ մէջ:
«Ա­զա­տու­թիւն` մար­գա­րէա­կան վկա­յու­թիւն տա­լու – Ա­զատ խիղ­ճը ե­կե­ղե­ցիին կա­րե­լիու­թիւն կու տայ ան­կաշ­կանդ կեր­պով բո­լոր տե­սա­կի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու դի­մաց ճշմար­տու­թիւ­նը խօ­սե­լու, յար­մար ժա­մա­նա­կին, Ա­ւե­տա­րա­նի իշ­խա­նու­թեամբ, քրիս­տո­սա­վա­յել մօ­տե­ցու­մով` քննե­լով մեր գո­յու­թիւ­նը, պատ­մու­թիւ­նը, կո­չու­մը, եւ Աս­տու­ծոյ բա­ցած ան­սահ­ման հո­րի­զոն­նե­րը: ­Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին քրիս­տո­նեա­ներ հա­կա­ռա­կած են ա­նար­դար իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու, խտրա­կա­նու­թեան, հա­լա­ծան­քի եւ ճնշու­մի, ո­րով­հե­տեւ ի­րենց խիղ­ճը նախ եւ ա­ռաջ Ք­րիս­տո­սի կը պատ­կա­նէր:  ­Նոյ­նը ե­կե­ղե­ցին պար­տի կա­տա­րել ինք իր պա­հո­ւած­քին նկատ­մամբ` չա­փե­լով իր վի­ճա­կը Ք­րիս­տո­սի հա­սա­կին հետ: Այս­տեղ լու­սանցք մը բա­նա­լով` հարց տանք նաեւ, թէ նո­րօ­րեայ Ար­հես­տա­կան բա­նա­կա­նու­թեան սլաց­քի զար­գա­ցում­նե­րով ինչ­պէ՞ս պի­տի ազ­դո­ւի խղճի ա­զա­տու­թեան մշա­կու­մը, կամ թէ ար­դեօք մա­հա­քու­նի պի­տի դրուի՞ մե­քե­նե­նա­ցո­ւած խղճի մէկ տար­բե­րա­կը:
«­Ծա­ռա­յու­թեան եւ սի­րոյ  ա­զա­տու­թիւն – ­Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ ան­մի­ջա­պէս ա­զա­տու­թիւ­նը կը զու­գոր­դէ սի­րոյ հետ. «­Սի­րոյ մի­ջո­ցաւ ծա­ռա­յե­ցէ՛ք ի­րա­րու» (­Գաղ. 5.13): Ք­րիս­տո­նէա­կան խղճի ա­զա­տու­թիւ­նը անձ­նա­կեդ­րոն ան­կա­խու­թիւն չէ, այլ` անձ­նո­ւի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն:  Սրտի խոր հա­մո­զում, Աս­տո­ւա­ծա­յին ներ­կա­յու­թիւն մար­դուն սրտին մէջ:
«Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար այ­սօր – Այ­սօ­րուան ե­կե­ղե­ցիին հա­մար թե­րեւս ա­մէ­նէն հրա­տապ հար­ցե­րէն մէ­կը քրիս­տո­նէա­կան խղճի էու­թեան եւ կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին է. քա­ղա­քա­կան բե­ւե­ռաց­ման, պատ­կա­նե­լիու­թեան եւ սկզբունք­նե­րու նօս­րա­ցու­մի, գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ճնշում­նե­րու եւ մշա­կու­թա­յին հա­մա­կեր­պու­մի դա­րաշր­ջա­նին մէջ ե­կե­ղե­ցին պէտք է դաս­տիա­րա­կէ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, ո­րոնց խիղ­ճը գե­րի չէ ո՛չ աշ­խար­հա­միտ հա­ւա­տար­մու­թիւն­նե­րու, եւ ո՛չ ալ շու­կա­յա­ցո­ւած հո­սանք­նե­րու նոյ­նիսկ ե­թէ ա­նոնք ու­նե­նան հո­գե­ւոր տա­րազ: ­Հա­ւա­տա­ցեա­լին եւ ե­կե­ղե­ցիին խիղ­ճը միայն հիմ­նո­ւած է ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ա­զա­տա­րար Ա­ւե­տա­րա­նին վրայ: Այդ­պի­սի ա­զա­տու­թիւ­նը կը կազ­մա­ւո­րէ Ք­րիս­տո­սի հա­սուն ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնք կրնան մտա­ծել, զա­նա­զա­նել, սի­րել, վկա­յել եւ հա­ւա­տար­մօ­րէն ծա­ռա­յել Աս­տու­ծոյ, սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին եւ մեր­ձա­ւո­րին ու հե­ռա­ւո­րին:  Այդ­պի­սի ա­զա­տու­թիւն ոչ ոք կա­րող է խլել», ը­սաւ ան:
­Վեր. ­Հայ­տոս­թեան դի­տել տո­ւաւ, որ ա­զատ խիղ­ճը ա­զա­տու­թիւն ու­նի ոչ թէ մարդ­կա­յին հե­ղի­նա­կու­թեամբ, այլ` Աս­տու­ծոյ խօս­քով, ա­նի­կա եր­բեք ա­ռանձ­նա­ցում կամ մե­կու­սա­ցում չէ, այլ կը գոր­ծադ­րո­ւի հա­ւատ­քի ըն­տա­նի­քին մէջ, Աս­տո­ւա­ծա­շունչ մա­տեա­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեան ներ­քեւ եւ ու­րիշ­նե­րուն հան­դէպ սի­րոյ մէջ: «Ա­զա­տու­թեան եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան, խղճի եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան, շնորհ­քի եւ ա­շա­կեր­տու­թեան մի­ջեւ այս հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը կը մնայ ա­ւե­տա­րա­նա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն տե­ւա­կան եւ ար­ժէ­քա­ւոր ներդ­րում­նե­րէն մէ­կը` ժա­մա­նա­կա­կից ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար: Ք­րիս­տո­սի ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը ա­ւե­տա­րա­նա­կան պրիս­մա­կէն պէտք է թարգ­մա­նո­ւի հա­ւատ­քի ան­կեղծ յանձ­նա­ռու­թեամբ, ար­մա­տա­ցած քրիս­տո­սա­կերտ խղճի ա­զա­տու­թեան մէջ», շեշ­տեց ան:
Իր խօս­քը եզ­րա­փա­կե­լով` պատ­գա­մա­խօ­սը հրա­ւի­րեց բո­լո­րը խո­նար­հու­թեամբ դի­տե­լու ան­ցեա­լը, ո­ղոր­մըն­կա­լի գի­տակ­ցու­թեամբ ըն­դու­նե­լու մեր յա­րու­ցեալ ըն­թաց­քը, զղջու­մով անդ­րա­դառ­նա­լու մեր հա­ւա­քա­կան, անձ­նա­կան թէ հաս­տա­տու­թե­նա­կան զան­ցա­ռում­նե­րուն:
«Ք­րիս­տո­սի խա­չին առ­ջեւ խո­նար­հած` Ք­րիս­տո­սի յա­րու­թեան զօ­րու­թեամբ յա­ռաջ եր­թանք: Ե­կե­ղե­ցին Ք­րիս­տո­սի մար­մինն է, մենք` պար­զա­պէս տկար ա­նօթ­ներ:  Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ կանգ­նինք ա­զատ խղճով, պար­զամ­տու­թեամբ եւ ան­կեղ­ծու­թեամբ:
«Աշ­խար­հը կա­րիքն ու­նի մե­զի: Ա­յո՛, մա­սամբ: ­Բայց աշ­խար­հը կա­րիքն ու­նի իս­կա­կան կեան­քի, յա­ւի­տե­նա­կան յոյ­սի, ուս­տի` Ք­րիս­տո­սի փրկու­թեան:  Ա­նոր Ա­ւե­տա­րա­նը պի­տի շա­րու­նա­կենք քա­րո­զել` սկսե­լով մեր մէջ մշա­կո­ւող խղճի ա­զա­տու­թեամբ եւ յանձ­նա­ռու հա­ւատ­քով», ը­սաւ վեր. ­Հայ­տոս­թեան:
­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ, նաեւ ե­րի­տա­սարդ, պա­տա­նի թէ մա­նուկ մաս­նակ­ցող­ներ խմբա­յին ա­ղօթ­քով, աս­տո­ւա­ծաշն­չա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րով, երգ­չա­խում­բով եւ նո­ւա­գով ե­լոյթ ու­նե­ցան պաշ­տա­մուն­քի ըն­թաց­քին: ­Փո­խան­ցուե­ցաւ շնոր­հա­ւո­րա­կան խօսք ­Ռա­ֆա­յէլ ­Պետ­րոս ԻԱ. ­Մի­նա­սեան կա­թո­ղի­կոս-պատ­րիար­քի` ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ, եւ վեր. ­Ժո­զեֆ ­Քա­սա­պի` ­Սու­րիոյ եւ ­Լի­բա­նա­նի ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի ­Գե­րա­գոյն խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հին կող­մէ:
­Ռա­ֆա­յէլ ­Պետ­րոս ԻԱ. պատ­րիար­քէն զատ, ներ­կայ էին` ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Հայց. ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­րամ Ա. վե­հա­փա­ռի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Ե­րու­սա­ղէ­մի եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Անկ­լի­քան ե­կե­ղեց­ւոյ ­Նաո­ւի­մի ե­պիս­կո­պո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը, ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը, այլ կրօ­նա­կան, քա­ղա­քա­կան ու հա­մայն­քա­յին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ինչ­պէս նաեւ` հայ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ­Լի­բա­նա­նի նա­խա­րար­ներ ու ե­րես­փո­խան­ներ եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նը: