«Մէկ անգամ սկաուտ՝ միշտ սկաուտ» կարգախօսը այլեւս դարձած է կեանքի մասնիկ եւ ուղեցոյց։ Սկաուտական կեանքի փորձառութիւնը, ընկերային ազդեցութիւնն ու մարդ անհատի կազմաւորման բարերար դաստիարակութիւնը կը յատկանշեն Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան շարքերուն մէջ թրծուած այն բոլոր հայրենակիցները, որոնք իրենց պատանեկան եւ երիտասարդական ծլարձակումներու առաջին տարիներուն, դարձան հպարտ անդամները հայ միտքն ու մարմինը կերտող համահայկական մեծ ընտանիքին։
Որքան ալ տարիները անցնին, որքան ալ ալեհեր գլուխները կքին կեանքի ծանրութիւններուն առջեւ, անմար կը մնան յիշողութիւնները սկաուտական օրերէն, երբ ակումբի մէկ տաքուկ անկիւնը կամ անտառի զովասուն ծառերուն ներքեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ոգին կը տիրապետէր իւրաքանչիւր փոքրիկի սիրտին մէջ, որպէս կեանքի ուղեցոյց, հայակերտումի ազդակ, հայ լեզուի բարբառող աղբիւր եւ տիպար մարդու իւրայատուկ կազմատուն։
Նման զգացումներ դարձեալ արթնցան եւ տիրական ներկայութիւն հաստատեցին Շաբաթ, 16 Մայիս 2026-ի երեկոյեան, Գարէայի ազգապատկան ակումբին մէջ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան եւ Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի կազմակերպութեամբ հին եւ նոր սկաուտները կատարեցին իրենց «ժողովը»։
Իւրայատուկ հաւաք մըն էր, ուր մասնակիցները դարձեալ վերապրեցան իրենց պատանեկութեան անգին օրերը, խարոյկի ջերմութեան տակ, դրօշի արարողութեամբ, երգով ու խօսքով, սկաուտական անհամար դրուագներու վերյիշումով, սկաուտական բարեւի պատիւով, ու տակաւին այնքա՜ն մեծ ու փոքր յիշատակներով, որոնք տարածուեցան տաքուկ մթնոլորտին մէջ։
Պատկերը ինքնին խրախուսիչ էր ու ներգործող։ Մէկ կողմէն մեր նօրօրեայ սկաուտական շարքերը իրենց խմբապետներով, գունաւոր տարազներով եւ նշաններով՝ որպէս նոր ու ապագայ սերունդի խոստում, իսկ միւս կողմէն՝ դարձեալ իրենց սկաուտական փողկապը կրած տասնեակ նախկին սկաուտներ ու արենուշներ, իրար միախառնուած, որպէս մէկ եւ ամբողջական ընտանիք։
Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմերը նախապէս երկար աշխատեցան որպէսզի հին եւ նոր սկաուտներու համախմբումը պսակուի յաջողութեամբ։ Աշխատանքի արդիւնքը արդէն սրահի մուտքէն տեսանելի կը դառնար։
Դիմաւորումը եղաւ պատշաճ, սկաուտները կուրծքի զարդանշանով մը բարի գալստեան առաջին խօսքը կ՚ուղղէին ժամանողներուն, ապա մէկ առ մէկ բոլոր հին սկաուտները մաղթանքներ գրեցին, որոնք պիտի պահուին պահարաններուն մէջ եւ պիտի բացուին տասը տարի յետոյ, յիշեցնելու համար այդ բացառիկ օրուան յիշատակներն ու արտայայտուած մաղթանքները։
Սրահին մէջ խնամքով զետեղուած էին անցեալի սկաուտական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական իրեր, կրծքանշաններ, բանակումներու յիշատակներ, սկաուտական տարազներու մասնիկներ, գործիքներ եւ այլ իրեր, որոնց վրայ արդէն գրուած են յատկանշական պատառիկներ մեր սկաուտական կեանքէն։ Որքա՜ն յուզում պատճառեցին սկաուտական լուսանկարներու ալպոմները՝ արշաւներէն, համագաղութային բանակումներէն, խարոյկահանդէսներէն եւ տողանցքներէն։
Իւրաքանչիւր վեթերան սկաուտ նկարներուն մէջ գտաւ անցեալի յուշեր ու վերապրեցաւ յիշատակի պահեր իր պատանեկան օրերէն։
Հակառակ օդի աննպաստ տեւողութեան, սկաուտները ակումբի մարզադաշտը վերածած էին լրիւ սկաուտական աշխատանոցի մը։ Տպաւորիչ էին ձեռակերտ բոլոր շինութիւնները՝ փայտով ու չուանով, որոնք իսկապէս հիացում պատճառեցին բոլորին։ Աչքի զարնող դրօշի արարողութեան պատուանդանը արդէն կը սպասէր ներկաները, որպէսզի իրենց ուխտը կատարեն հայ ազգի խորհրդանիշերուն հանդէպ։ Բոլորը միասնաբար, տուին իրենց սկաուտական բարեւը Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշներու պարզումին, մինչ ոգերգները իրար յաջորդելով լեցուցին դաշտի միջավայրը։
Երեկոյի հանդիսավարներն էին եղբ. Արամ Փիլաֆեան եւ եղբ. Վիգէն Մինասեան, որոնք ձեռնհասօրէն կատարեցին իրենց պարտականութիւնը եւ լման յայտագիրը կարգով գործադրեցին։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ բացման խօսքով հանդէս եկաւ քոյր Արշա Սամուէլեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, անդրադարձաւ Միութեան նշանաբանին ու անոր ուժին, որ կը համակէ իւրաքանչիւր հայորդի։ Ան նշեց, թէ հաւաքը պարզ համախմբում մը չէ, այլ առիթ՝ դարձեալ վերյիշելու հին օրերը եւ միախառնուելու նոր սերունդին հետ, որոնք հպարտ քայլերով կը շարունակեն վառ պահել «Բարձրանալու» եւ «Բարձրացնելու» խորհուրդը, հաւատարիմ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գաղափարներուն ու փառապանծ պատմութեան։
Յուզիչ էր պահը, երբ անցեալի վեթերան սկաուտներ ու փոքրիկ գայլիկներ, որպէս խորհրդանիշ անցեալին ու ներկային, զոյգ առ զոյգ վառեցին մարզադաշտին մէջ զետեղուած ջահերը։ Ապա, ծայր առաւ խանդավառող յայտագիր մը, համեմուած երգերով ու կանչերով, սկաուտական զաւեշտական երկխօսութիւններով ու անակնկալներով։
Ամենէն յատկանշական պահերն էին երբ հին սկաուտները, վերյիշելով իրենց ակմբային օրերը, խումբ առ խումբ երգեցին երգեր, բանակումի քայլերգը, խօսեցան հին օրերու յիշատակներուն մասին, դարձեալ յիշողութեան մէջ բերին հին խմբապետներ, հարազատ անձեր ու դրուագներ բանակումներէն ու արշաւներէն։ Արտայայտութեան բոլոր պահերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ոգին էր տիրապետողը, հայ սկաուտի դաւանանքին հզօր ներկայութիւնը, հայապահպանումի մղումը ու հայօրէն զգալու յուզումը, այն բոլոր յատկանիշները, որոնցմով ապրեցան ու գործեցին յաջորդական սերունդներ, վառ պահելով Եռագոյն դրօշի խորհուրդը, հայրենիքի ներգործող ուժը, հայու հպարտ գոյատեւումը, մեսրոպաշունչ բարբառումը։
Երեկոն տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր, տեսանելի յուզական պատկերներով, անցեալի տաքուկ օրերու ներկայութեամբ ու մանաւանդ՝ դէպի ապագան նայող խոստումով, որուն կենդանի եւ խօսուն վկաները կը հանդիսանան այսօրուան սերունդները, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հայակերտ ընտանիքէն ներս։
Վարձքը կատար բոլոր կազմակերպիչներուն, գործին յաջողութեան հաւատացող նուիրեալ եղբայրներուն եւ քոյրերուն։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգին ոգին կը թելադրէ երթալ «Յառա՛ջ անսասան, յառա՛ջ անթեթեւ» դէպի նոր նուաճումներ։










