Յունահայ գաղութի պատմութեան մէջ նուիրումի ու գաղափարական անսակարկ հաւատարմութեան կաղնի մը եւս, իր կեանքի գրեթէ մէկդարեայ տեւողութեամբ, ճամբան առաւ դէպի անդենական։
Դժուար է ամբողջութեամբ արտայայտուիլ բոլորէն յարգուած ու սիրուած ընկերուհի Մարօ Օննիկեանին մասին, որ իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց Երեքշաբթի, 12 Մայիս 2026-ի օրը, մինչեւ խոր ծերութիւն վայելած ըլլալով ընտանիքի ջերմ գուրգուրանքն ու խնամքը։
Լեցուն եղաւ կեանքը Մարոյին, այն ալ միշտ կապուած յունահայ գաղութի իրականութեան հետ, որուն սառ օրերուն ականատեսն ու դառն ճաշակողը դարձաւ, սակայն իր հետագայ անսպառ կորովը, վերապրումի ոգին, ցաւն ու վիշտը կեանքի բարիքի վերածելով, զանոնք դրոշմեց գաղութի ու հայութեան ամէն քայլափոխին վրայ, ցոյց տալով զօրաւոր անհատականութեան, իմացական կարողութեան, բարձր արժէքներու եւ նուիրական կեանքի անխոնջ զինուորի մը բացառիկ յատկանիշերը։
Մարօ Օննիկեան մտաւորական կազմաւորման, հայ միտքի ու գիրի համեստ սպասարկու մը ըլլալով, ցոյց տուաւ սերունդի մը այն բոլոր առաքինութիւնները, որոնք ուղենշային յատկութիւններն էին բոլոր անոնց, որ անդիմադրելի կիրքով իրենց ձեռքերուն մէջ առին սոսկալի ցնցումներէն ետք հիւծած գաղութի մը վերակենսաւորման պարտականութիւնը։
Իսկապէս, պարտականութեան գիտակից անձ մըն էր հանգուցեալը։ Թերեւս, ներկայ սերունդները նուազ տեղեկութիւններ ունին Մարոյին մասին, — կեանքի թաւալումը, հիներու մեկնումը միասին կը տանին նաեւ ապրումներ ու յիշողութիւններ – սակայն, կը մնայ անջնջելի հետքը երախտաւորին, որ յամառ տոկունութեան մարմնացումը եղաւ գաղութահայ կեանքին։
Մարօ Օննիկեան ծնած էր Աթէնք, 1929-ին, մտաւորական ընտանիքէ մը ներս։ Իր հայրն էր վաստակաշատ ուսուցիչ եւ կուսակցական հանրային գործիչ, տարաբախտ Մանուկ Մանուկեանը, որ իր կեանքի թելը միանգամընդմիշտ խոցուեցաւ անսպասելի պահու մը, քստմնելի ոճրագործութեան մը հետեւանքով, որ իր մռայլ ու մութ շուքը թողեց Մարոյի նրբազգաց պատանեկան կեանքին վրայ։
Մանուկ Մանուկեան, յունահայ գաղութի ղեկավար գործիչ Միհրան Փափազեանի, անոր կնոջ Արշալոյս Փափազեանի եւ զաւկին Սերգօ Օնպաշեանին հետ զոհը կը դառնար անարգ մարդասպանութեան մը, որ ծայր առաւ 1944-ի Դեկտեմբերին, Յունաստանի եղբայրասպան կռիւներուն ժամանակ, կռնակէն հարուած ստացած ըլլալու տմարդի չարագործութեամբ։
Որքան ալ այդ անհաւատալի արարքը իր սեւ բիծերը թողեց յունահայ գաղութի պատմութեան վրայ, կարելի չէ նկարագրել մարդկային ցաւը, դառնութեան վիշտը, խորունկ վերքի ձգած սպին, որ յատկանշեց Մարոյին բովանդակ կենցաղը։ Կ՚ըսուի, թէ 15-ամեայ Մարոյին վրայ ինկաւ պարտականութիւնը ստուգելու հօր անշնչացած մարմինին ինքնութիւնը, մէկ անգամէն ճաշակելով պատանեկան կենսուրախ ու փխրուն տարիքի տապալումը, մինչեւ վերջ յիշելով նահատակ հօր ու մտաւորական մարդուն գազանային շիջումը։
Մարոն իր ամբողջ ուժով նետուեցաւ գաղութի հանրային կեանքին մէջ, լուռ խոստում մը տուած ըլլալով իր հօր, որ պիտի շարունակէ նուիրումի ճամբան, հօր անաւարտ գործին հետքերէն քալելու պատրաստակամութեամբ, վերապրելու հաւատքով, դարձեալ ստեղծագործելու եւ հաւատաւոր զինուոր մը դառնալու գիտակցութեամբ։
Զինուոր մըն էր Մարոն, բառին բուն իմաստով ու տարողութեամբ։ Գործեց յունահայ գաղութի զանազան բնագաւառներէն ներս, մանաւանդ իր մէջ արմատաւորած ունենալով Հ.Յ.Դաշնակցութեան ազգային եւ գաղափարական վսեմագոյն իտէալները, որոնց առաջին սերմերը արդէն իր մանկական էութեան մէջ ցանած էր եղերաբախտ հայրը։
Տակաւին պատանի էր ան, երբ ամբողջական նուիրումով մտաւ «Ազատ Օր»-ի ընտանիքէն ներս, որպէս գրաշար ու աշխատող, հայակերտումի ու հայ միտքի մեծ դարբնոցին մէջ թրծուելու համար գաղափարական պաշարով, որուն շտեմարանը գուրգուրանքով պահեց մինչեւ վերջ։ Թերթը դարձաւ իր կռուանը, շնչեց կենդանի ոգին Անտոն Կազէլին, Սեդրակ Գոհարունիին, Վազգէն Եսայեանին ու Ահարոն Ստեփանեանին, որոնք Մարոյին հոգեմտաւոր կազմուածքին մէջ տեսան հօր նայուածքը, անոր բոցաշունչ միտքը։ Մարոն մինչեւ իր կեանքի վերջին կաթիլները մնաց թերթի հաւատարիմ հետեւորդը։ Շարեց անոր տառերը, զգաց մեսրոպեան ոգիին սփոփանքը, յօդուածներ ստորագրեց, նոյնիսկ չվարանեցաւ հետագային իր ուղղամիտ թելադրանքներով օգտակար դառնալ իրերայաջորդ սպասաւորներուն, միշտ «Ազատ Օր»-ի անունին մէջ տեսնելով ու զգալով թերթի անփոխարինելի դերն ու նշանակութիւնը սերունդներուն վրայ։
Գաղութի բոլոր բնագաւառներէն անցաւ հանգուցեալ Մարոն։ Այդ օրերու Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց Միութեան անդամ, կուսակցական երդումին գիտակից, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան նուիրական աշխատող, հայ կեանքի ամէն դարձին ներկայ, ամուսնոյն կուսակցական եւ ազգային պարտականութիւններուն զօրավիգ, զաւակներուն հայեցի կազմաւորում տալու բարձր ըմբռնում։ Հաւանաբար, քիչերու վիճակուած ըլլայ ցաւէն դէպի ստեղծագործութիւն տանող ճամբաներու ակոսումը, որուն ետին ցանած սերմերը դարձան պտղատու ծառեր։
Մարոն իր առաքինութիւնները եւս ծաւալեց մշակութային բնագաւառէն ներս։ Երբ յունահայ կեանքի մշակութային նուաճումները իրենց պտղաբեր օրերը կ՚ապրէին, թիւերով կարելի չէ համրել Մարոյին ներկայութիւնը բեմին վրայ, թատերական եւ գրական ներկայացումներով, ուր իր յատկանշական ձայնը, դերերը ամբողջապէս մարմնաւորելու յատկութիւնը, բոցավառող արտայայտութիւնները կը զարդարէին Համազգայինի արգասաբեր գործունէութեան տարբեր երեսները։
Իր կեանքը իմաստաւորեց յունահայ գաղութի երախտաշատ սպասարկու եւ նուիրեալ ղեկավար Օննիկ Օննիկեանին հետ։ Բախտաւորուեցան երկու դուստրերով, Լուսին եւ Անին, որոնց կանուխէն մղեցին պատանեկան, երիտասարդական, մշակութային եւ ազգային գործունէութեան, հաւատարիմ ըլլալու պահանջով հայ ազգին նուիրաբերելու պարտականութեան դիմաց։
Երբ այլեւս տարիներու ծանրութիւնը սկսաւ կքել Մարոյի ուսերը, ան աստիճանաբար կորսնցուց իր տեսողութիւնը եւ առանձնացաւ իր ընտանիքի ջերմ խնամքին տակ։ Նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ այլեւս «Ազատ Օր»-ը իր ձեռքը առնելու ֆիզիքական տկարութեան մէջ սահեցաւ, պահանջեց, որ իր շուրջինները կարդան թերթը, ու ան գէթ լսելով միայն, ապրի ու շնչէ տառերու ուժը, հայ լեզուի ցայտող քամին, նոյնիսկ թերթին անհրաժեշտ թելադրանք մը ընելու պարտականութիւնը պահելով իր հոգեմտային խառնուածքին մէջ։
Յուզումով կը վերյիշենք այն պահը, երբ «Ազատ Օր»-ի 80-ամեակի հանդիսաւոր նշումին օրը, իր դուստրը՝ Լուսին, ստացաւ մօր յիշատակի նուէրը, արձագանգելով երախտապարտ յուզիչ ձայնը թերթի սպասաւորին, որպէս արժան եւ իրաւ հատուցում։
Մարօ Օննիկեանի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 15 Մայիսի առաւօտուն, Նէոս Գոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր, որ պատշաճ քարոզով մը վեր առաւ հանգուցեալի բազմաբնոյթ արժանիքները։ Գաղափարի ընկերներուն կողմէ դամբանական խօսեցաւ ընկ. Սերգօ Գափլանեան։ Ապա, մարմինը թաղուեցաւ Նէա Զմիռնիի ընտանեկան դամբարանին մէջ, ընկերներու եւ ժողովուրդի ներկայութեան, «Վէրքերով լի» երգի կշռութաւոր հնչիւնին տակ, որպէս վերջին հրաժեշտ գաղափարական նուիրումի տէր՝ Մարոյի անմոռաց յիշատակին։
Սակաւաթիւ տողերը բաւարար չեն բնորոշելու Մարօ Օննիկեան սոսկական մարդն ու հաւատաւոր նուիրեալը։ Սակայն, ետին թողած յիշատակի հետքերը կը մնան անջնջելի, որպէս կենդանի օրինակ շարունակուող երթին համար։
Հանգիստ՝ իր տառապած աճիւնին։
Ք.Է.










