­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 111-ա­մեա­կի ո­գե­կոչու­մը յու­նա­հայ գա­ղու­թէն ներս հան­դի­սա­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կերպ­չա­կան եր­կա­րա­մեայ փոր­ձա­ռու­թեան ար­դիւնք եւ միա­ժա­մա­նակ՝ յատ­կան­շո­ւե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին լայն մաս­նակ­ցու­թեամբ, ցոյց տա­լով, թէ հա­յու­թեան ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւունք­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ա­ռանց­քա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­նալ մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­մազ­գա­յին օ­րա­կար­գին մէջ։
­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը եւս, կուռ եւ հա­մա­խումբ շար­քե­րով, ա­պա­ցու­ցեց, թէ ո­գե­կո­չու­մը ան­գամ մը եւս ե­ղաւ ինք­նու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման եւ ազ­գա­յին կամ­քի դրսե­ւոր­ման հար­թակ մը, ուր յի­շո­ղու­թիւ­նը մեր գո­յա­տեւ­ման հիմքն է, իսկ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ միա­ւո­րել սե­րունդ­նե­րը։ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րը հա­մազ­գա­յին ներ­կա­յու­թեան կեն­դա­նի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցան, ուր պատ­մա­կան գի­տակ­ցու­թիւ­նը ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեամբ կը փո­խան­ցո­ւի ա­պա­գայ սե­րուն­դին։

* * *

­Կա­րե­լի չէ պարզ հա­յեաց­քով մը դի­տել հայ նո­րա­հաս սե­րուն­դի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ապ­րի­լեան ե­լոյթ­նե­րու ի­րա­գործ­ման մէջ։ ­Ցու­ցա­կան ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան ա­մէն տե­սա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րէն մին­չեւ Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շա­դամ­բա­նին առ­ջեւ գլուխ խո­նար­հե­լու յու­զիչ պա­հե­րուն, ե­րի­տա­սար­դու­թեան ո­գին ա­ռաջ­նոր­դող ուժն էր հա­յու­թեան ար­դար դա­տի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն։
Հ.Յ.Դ Ե­րիտ. միու­թեան Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի տե­ղե­կա­տո­ւա­կան կրպակ­նե­րուն առ­ջեւ ան­թիւ ժա­մեր տրա­մադ­րե­լով, յոյն եւ օ­տար ան­ցորդ­նե­րուն հա­ւատ­քի կիր­քով զրու­ցե­լու պատ­կեր­նե­րէն, մին­չեւ թրքա­կան դես­պա­նա­տան ու հիւ­պա­տո­սա­րա­նին առ­ջեւ բո­ղո­քի ձայ­նը բարձ­րաց­նե­լով ի վեր, յու­նա­հայ նոր սե­րուն­դը ա­պա­ցու­ցեց, թէ ըստ ար­ժան­ւոյն պի­տի շա­րու­նա­կէ այն եր­կար ճամ­բան, զոր վի­ճա­կո­ւած է ճեղ­քել, գա­ղա­փա­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան կազ­մա­ւոր­ման հա­րա­զատ մթնո­լոր­տին մէջ, պա­հան­ջա­տէր եւ ի­րա­ւա­տէր դառ­նա­լու գի­տա­կից յանձ­նա­ռու­թեամբ։ Ապ­րի՛ն՝ մեր աչ­քին լոյ­սը հան­դի­սա­ցող բո­լոր տղա­քը։

* * *

­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չու­մի ծի­րէն ներս, յոյ­զե­րը ցնցող ու հո­գիին թե­լե­րը դպչող ար­տա­յայ­տու­թիւնն է ­Նէա Զ­միռ­նիի հայ­կա­կան յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ բա­րե­խօ­սա­կան կար­գի ու յար­գան­քի հա­ւա­քը։ 1979-էն ի վեր, հրա­պա­րա­կին վրայ հպար­տօ­րէն կանգ­նած «­Զան­գակ»-ը ան­վերջ կը ղօ­ղան­ջէ ու կը յի­շեցնէ ի­րա­ւա­տէր մնա­լու մեր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը։ Ա­նոր առ­ջեւ կը միա­խառ­նո­ւին եւ ի­րար կը յա­ջոր­դեն յուշն ու յու­զու­մը, բո­ղո­քի ձայնն ու պայ­քա­րի մար­տահ­րա­ւէ­րը, ա­ղօթք­նե­րով եր­կինք բարձ­րա­ցող ա­ղա­չան­քը, ու նոյն պա­հուն՝ հա­յու գո­յա­տեւ­ման ան­դի­մադ­րե­լի ու­ժին կան­չը։ Ա­մէն գնով պէտք է պահ­պա­նել յու­զա­կան պա­հե­րու վե­րա­ցա­կան զօ­րու­թիւ­նը, իբ­րեւ հրա­ւէր՝ դէ­պի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւն տա­նող ու­ղիին։
­Պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր սրտի «­Զան­գակ»-էն լսո­ւող իւ­րա­քան­չիւր զար­կը դարձ­նել կեան­քի տրո­փիւն, հա­ւա­քա­բար գլուխ խո­նար­հե­լով ա­նոր դէ­պի դուրս խո­յա­ցող սու­րին առ­ջեւ։

* * *

Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ ­Գա­վա­լա­յի քա­ղա­քա­կան ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րը պէտք չէ դի­տել որ­պէս յա­ւուր պատ­շա­ճի սոսկ հա­ւաք­ներ։ Ա­նոնք մեր դա­տին քա­ղա­քա­կան եւ ի­րա­ւա­կան ե­րե­սը ար­տա­յայ­տող պա­հերն են, հոն ուր զգա­ցա­կա­նը այ­լեւս տեղ կու տայ քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն հա­սուն­ցած հա­յու­թեան ար­դար պա­հան­ջին։ Այս տա­րո­ւան ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րը նո­ւի­րո­ւած էին հել­լէն պե­տու­թեան կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղասպա­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ճա­նաչ­ման 30-ա­մեա­կին, ո­րոնց ըն­թաց­քին ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ն. ­Տեն­տիա­սի եւ ­Յու­նաս­տա­նի սպա­յա­կոյ­տի բարձ­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ցոյց տո­ւաւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ի­րա­կան բա­րե­կա­մու­թեան եւ պատ­մա­կան հա­մա­գո­յակ­ցու­թեան ար­ժէ­քը։
Իսկ խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գա­հին՝ ա­լե­հեր Ա. ­Քաք­լա­մա­նի­սի ներ­կա­յու­թիւ­նը, իր իսկ վկա­յու­թեամբ՝ հա­յու սե­փա­կան ար­մատ­նե­րուն կառ­չե­լու ան­գին խո­նար­հում մըն էր։ ­Տա­կա­ւին, նախ­կին վար­չա­պետ Ա. ­Սա­մա­րա­սի մարդ­կա­յին մէկ վկա­յու­թիւ­նը ցոյց տո­ւաւ, թէ հա­յը եր­բեք մո­ռա­ցու­թեան չի տար ի­րեն հան­դէպ թան­կա­գին նո­ւի­րում կա­տա­րած բա­րե­կամ­նե­րը։ ­Վեր­ջա­պէս, հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­ժա­նա­գոյն բա­րե­կա­մին՝ կիպ­րա­ցի Է. ­Թէո­խա­րու­սի ե­լոյ­թը ­Գա­վա­լա­յի մէջ, ար­ցա­խեան նոր խի­զա­խու­թեան մը հրա­ւէրն էր, ուղ­ղո­ւած հա­մայն հա­յու­թեան։
­Քա­ղա­քա­կան ե­լոյթ­նե­րուն յա­ջոր­դած քայ­լար­շաւ­նե­րը դէ­պի կեդ­րո­նա­կան յու­շա­դամ­բան­նե­րը, ի­րենց հան­դի­սա­ւո­րու­թեան մէջ, բո­վան­դակ հայ եւ յոյն քա­ղա­քա­կան ու հա­սա­րա­կա­կան ու­ժե­րու միա­ւո­րու­մը ե­ղան։
­Յու­զու­մի ա­լիք­նե­րով հա­մա­կո­ւե­ցան հա­րիւ­րա­ւոր մեր ա­րիւ­նա­կից­ներն ու պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րը, ո­րոնք քա­լե­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ­նե­րու կշռու­թա­ւոր ու հպարտ եր­թին ե­տե­ւէն։ Ան­նա­խա­դէպ է պատ­կե­րը սփիւռ­քեան տա­րածք­նե­րուն վրայ, ուր երկ­րի մը բա­նա­կը եւ ա­նոր նուա­գա­խում­բը պա­տո­ւի կը կանգ­նին յու­շա­դամ­բա­նին առ­ջեւ, հայ­կա­կան ո­գեր­գը կը հնչեց­նեն, ո­րուն մե­ղե­դին հպար­տօ­րէն կը լեց­նէ սիրտն ու հո­գին՝ յու­շի, խո­նար­հու­մի ու լռու­թեան այն­քա՛ն զգա­յա­ցունց պա­հե­րուն։

* * *

­Քա­նի մը հա­կիրճ մտա­ծում­նե­րու եւ հա­մա­ռօտ նկա­րագ­րու­թեան մը պատ­կեր­նե­րը բա­ւա­րար են յի­շեց­նե­լու, թէ այ­լեւս յու­նա­հա­յու­թիւ­նը պէտք է վե­րա­դառ­նայ ան­ցեա­լի իր կեն­սա­փոր­ձին, երբ կազ­մա­կերպ բո­լոր հա­տո­ւած­նե­րը, ի­րար ձեռք ձեռ­քի տո­ւած, միաս­նա­կան կամ­քով կը յար­գէին մեր ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը։
Ժա­մա­նա­կը հա­սած է այ­լեւս վերջ տալ կա­մա­յա­կան ա­ռանձ­նու­թեան, ա­նի­մաստ պատ­րանք­նե­րուն եւ ար­հես­տա­կան բա­ժա­նա­րար գի­ծե­րուն, գի­տակ­ցա­բար տեղ տա­լով հա­մազ­գա­յին մեր ուխ­տին առ­ջեւ միաս­նա­կան ներ­կա­յու­թեան ու յար­գու­մին։ Ա՛յդ կը պա­հան­ջեն ժա­մա­նակ­նե­րը։

* * *

­Վե­րը նկա­րագ­րո­ւած ա­ռինք­նող մթնո­լոր­տին դի­մաց, տգեղ տե­սա­րան մը կը պար­զէր ­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նին կա­մա­յա­կան ու ա­նըն­դու­նե­լի բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը՝ ­Յու­նաս­տա­նի պե­տու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կրող պաշ­տօ­նա­կան ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րէն։
Այս բա­ցա­կա­յու­թեան քա­ղա­քա­կան ըն­թեր­ցու­մը յստակ է. ան չի սահ­մա­նա­փա­կո­ւիր միայն հայ-յու­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կին, այլ կը վե­րա­բե­րի ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ հար­ցի մը, թէ այ­սօ­րո­ւան պաշ­տօ­նա­կան ­Հա­յաս­տա­նը ինչ­պի­սի տեղ եւ նշա­նա­կու­թիւն կը վե­րա­պա­հէ պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեան՝ մաս­նա­ւո­րա­բար ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մար, պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օ­րա­կար­գին մէջ։
­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը պար­զա­պէս ան­ցեա­լի դէպք մը չէ, այլ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան, պա­հան­ջա­տի­րա­կան դիր­քո­րոշ­ման եւ մի­ջազ­գա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թեան ա­ռանց­քա­յին բա­ղադ­րիչ մը, ո­րուն հան­դէպ վե­րա­բե­րու­մը չի կրնար ըլ­լալ ա­նո­րոշ կամ երկ­դի­մի։