­Համ­բարձ­ման տօ­նին ա­ռի­թով միօ­րեայ պտոյտ

0
10

Հ.Կ.­Խա­չի ­Ֆիք­սի «­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը ­Հինգ­շաբ­թի 21 ­Մա­յիս 2026-ին ­Համ­բարձ­ման տօ­նին ա­ռի­թով կը կազ­մա­կեր­պէ միօ­րեայ պտոյտ, դէ­պի Ս­թե­նի Է­վիաս:
Օ­րը պի­տի սկսինք այ­ցե­լու­թեամբ ­Նէա Ար­թա­քիի ծո­վա­փը, ուր մաս­նա­կից­նե­րը ա­ռիթ պի­տի ու­նե­նան պտտե­լու, հանգստա­նա­լու եւ վա­յե­լե­լու սուր­ճի դա­դար մը։ Այ­նու­հե­տեւ պի­տի ու­ղե­ւո­րո­ւինք դէ­պի Ա­յիա ­Քի­րիա­քի կա­նա­չա­պատ ե­կե­ղե­ցին։
Ա­պա պի­տի բարձ­րա­նանք Ս­թե­նի Է­վիա­սի ծա­ռա­խիտ շրջա­նը, ուր նա­խա­տե­սուած է ճաշ՝ գե­տի մօտ գտնո­ւող գե­ղե­ցիկ ճա­շա­րա­նին մէջ։
­Ճա­շէն ետք պի­տի պահ­պա­նենք ­Համ­բարձ­ման տօ­նի գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թիւ­նը՝ օ­րը ա­ւար­տե­լով ըն­կե­րա­յին, ու­րախ մթնո­լոր­տի մէջ։
­Մեկ­նում՝ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի մեթ­րո­յի կա­յա­րա­նին առ­ջե­ւէն (Ի­լիա Ի­լիու), ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 8-ին.
Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ան­կիւ­նէն՝ առաւօտեան ժա­մը 8:30-ին­:
Երթ ու դարձ՝ 25 եւ­րօ:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ