­Քա­ղա­քա­կան եւ ցու­ցա­կան ո­գե­կո­չում­նե­րու շար­քին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­յու­թիւ­նը յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցեց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին, մաս­նակ­ցե­լով տեղ­ւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած հե­ծե­լար­շա­ւին։
Ե­ղեռ­նի յի­շա­տակ­ման ծի­րէն ներս, մար­զա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը նպա­տակ ու­նէր նաեւ յար­գել պոն­տա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը, որ­պէս բախ­տա­կից ժո­ղո­վուր­դի մը կրած տառա­պանք­նե­րը մո­ռա­ցու­թեան չեն­թար­կե­լու տուրք։ Այս պատ­ճա­ռով եւս, հե­ծե­լար­շա­ւը ներգ­րա­ւեց մօտ 70 հայ եւ յոյն մար­զիկ­ներ, ո­րոնք նաեւ ներ­կայ բազ­մու­թեան հետ միաս­նա­բար յար­գե­ցին եւ գլուխ խո­նար­հե­ցին քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բնաջնջ­ման ան­մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րուն հա­մար։
­Շա­բաթ, 25 Ապ­րիլ 2025-ին, «­Յու­շի երթ» կար­գա­խօ­սով հե­ծե­լար­շա­ւը ներգ­րա­ւեց բազ­մա­թիւ հայ եւ յոյն հայ­րե­նա­կից­ներ, ո­րոնք բո­լո­րո­ւե­ցան Մեծն Ա­ղեք­սանդ­րի տպա­ւո­րիչ ար­ձա­նին շուրջ, ուր­կէ ճամ­բայ ե­լաւ վազ­քը։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վար­չու­թիւ­նը կա­տա­րած էր անհ­րա­ժեշտ դա­սա­ւո­րում­նե­րը, որ­պէս­զի նա­խա­պէս գոր­ծադ­րո­ւի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յա­տուկ յայ­տա­գիր, նախ­քան մար­զիկ­նե­րու մեկ­նու­մը։
­Պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րու եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բե­րը տպա­ւո­րիչ պա­րե­րով զար­դա­րե­ցին ե­լոյ­թը, ցոյց տա­լով, թէ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­սա­րա­կաց ա­ղէտ­նե­րը, դար­ձան վե­րապ­րու­մի եւ գո­յա­տեւ­ման ազ­դակ­ներ, ընդ­միշտ յի­շե­լու եւ յար­գե­լու հա­մար ջար­դի ու տա­րագ­րու­թեան ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը եւ միա­ժա­մա­նակ վառ պա­հե­լու քա­ղա­քակր­թա­կան հարս­տու­թիւ­նը, որ կը յատ­կան­շէ հայ եւ յոյն ազ­գե­րը։
­Բո­լոր մար­զիկ­նե­րը ճեղ­քե­ցին 200 քի­լո­մեթ­րի հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը, հաս­նե­լու հա­մար վերջ­նա­կան կէ­տին՝ պոն­տա­կան «­Սու­մե­լա» վան­քը։ ­Յու­զիչ էր պա­հը, երբ իւ­րա­քան­չիւր մար­զիկ կանգ ա­ռաւ քա­ղա­քի կեդ­րո­նը գտնո­ւող հայ­կա­կան խաչ­քա­րին առ­ջեւ եւ ծա­ղիկ խո­նար­հեց ի յի­շա­տակ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն։ ­Յար­գան­քի նմա­նօ­րի­նակ տուր­քով, յու­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ խո­րա­նին առ­ջեւ մար­զիկ­նե­րը ծա­ղիկ­նե­րով զար­դա­րե­ցին պա­տո­ւան­դա­նը։ ­Յու­զիչ եւ միա­ժա­մա­նակ գօ­տեպն­դիչ հա­ւա­քը տո­գո­րեց բո­լոր ներ­կա­նե­րը, ո­րոնք վառ պա­հե­ցին յու­շը, յար­գան­քը եւ հա­ւա­քա­կան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը ազ­գո­վին ապ­րե­լու եւ գո­յա­տե­ւե­լու հա­մար։