Տասնամեակներ առաջ, երբ հայութիւնը տակաւին ինքզինք կը փորձէր վերագտնել եղեռնեան արհաւիրքէն ետք, Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցներու նշումը կը ստանար յուշի բնոյթ, յաճախ միայն հոգեւոր կամարներուն տակ հնչող աղօթքներու ու օրուան խօսքերու արտայայտութեամբ։ Գաղութահայ կեանքը տակաւին կը մնար իր ինքնամփոփ միջավայրին մէջ, յատկապէս Միջին Արեւելքի ու Միջերկրականի գաղութներէն ներս ստեղծուած հայաւաններու թշուառ իրավիճակներուն ներքեւ։
Առաջին տասնամեակներուն՝ յուշը անհրաժեշտ հանգրուան մըն էր։ Ազգ մը, որ կը փորձէր վերակազմակերպուիլ գոյաբանական աղէտէն ետք, կարիքը ունէր ինքնութեան վերագտնումին, հոգեւոր ամրացման եւ պատմական գիտակցութեան պահպանման։ Սակայն, այդ փուլը չէր կրնար մնայուն ըլլալ։
Եղեռնի յիշողութիւնը պէտք էր դառնար քաղաքական գիտակցութեան եւ պահանջատիրական պայքարի շարժիչ ուժ, որ իրականութիւն դարձաւ յատկապէս քսաներորդ դարու երկրորդ կէսին։
Հայոց Եղեռնի 50-ամեակին, Հայաստանի ժողովուրդի աննախընթաց պոռթկումն էր, որ նոր շունչ եւ թափ պարգեւեց հայու պահանջատիրական ոգիին, զայն վերածելով քաղաքական զարթնումի, եւ լայն հորիզոններ բացաւ հայութեան քաղաքական, իրաւական եւ ցուցական արտայայտութիւններուն համար, դուրս բերելով Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը համայնքային նեղ շրջագիծէն։
Համազգային պոռթկումը կոտրեց լռութեան պատը եւ յուշը վերածեց քաղաքական պահանջի։ Հայ դատը սկսաւ իր ձեւաւորումը ստանալ՝ անցնելով յուշի հանգրուանէն դէպի իրաւական եւ քաղաքական հարցադրում՝ ուղղուած միջազգային ընտանիքին։
Այդ փուլին յաջորդող տասնամեակներու ընթացքին արձանագրուած ճանաչումները, խորհրդարաններու եւ պետութիւններու կողմէ ընդունուած որոշումները վկայեցին, թէ հետեւողական աշխատանքը կրնայ Հայ դատի իրաւական ուժը զետեղել միջազգային օրակարգի սեղանին վրայ։
Հայ դատի նուաճման իրերայաջորդ հանգրուանները, ազգերու ընտանիքին կողմէ հետզհետէ բազմացող ճանաչումներու ալիքը ցոյց տուաւ, թէ արդար պահանջատիրութեան եւ հատուցման իրաւունքը կը պահէ իր անժամանցելիութիւնը եւ կը շարունակէ մնալ համազգային օրակարգին առաջնակարգ իրագործումը։
Աւելին՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հնչեղութիւնը, համահայկական հռչակագիրը, ազգերու եւ պետութիւններու ճանաչողական բազմաթիւ որոշումները իրաւական ուժի մէջ պահեցին միջազգային դատապարտման հարթակը, Օսմանեան Թուրքիոյ ոճիրը եւ արդի թրքական պետութեան մերժումի հետեւողական քաղաքականութիւնը։
Սակայն, 2020-ի ողբերգական իրադարձութիւնները եւ անոր հետեւած Արցախի կորուստը շրջադարձ մը եղան հայ ժողովուրդի պահանջատիրական դիմագիծին համար։
Թուրք-ատրպէյճանական յարձակողականութիւնը եւ անոր յաջորդած աղէտը ոչ միայն տարածքային կորուստներու ու հայաթափման պատճառ դարձան, այլեւ ծանր հարուած հասցուցին մեր բովանդակ ժողովուրդի ազգային ինքնավստահութեան եւ քաղաքական կամքին։ Աւելի վտանգաւորը՝ Հայաստանի իշխանաւոր մակարդակին վրայ յայտնուած հայութեան համազգային օրակարգի մերժումին ու նսեմացման հետեւողական դիրքաւորումները, որոնք փաստօրէն կը թուլացնեն ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցին շուրջ տարիներով կուտակուած քաղաքական դրամագլուխը։ Այս մթնոլորտը անխուսափելիօրէն ծանր կ՚ազդէ նաեւ սփիւռքին վրայ, ուր աստիճանաբար կը տարածուի հիասթափութիւն եւ նպատակի արժեզրկում։
Հայ քաղաքական միտքը անկարող կը թուի ըլլալ ձեւակերպելու միասնական օրակարգ մը, որ պիտի համակարգէ պետական, դիւանագիտական եւ սփիւռքեան ջանքերը, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումներու ալիքէն ետք, հատուցման օրակարգի ճշդումը եւ միջազգային զօրաշարժը դառնայ համահայկական մտածողութեան առաջնակարգ սեւեռում։
Այս պայմաններուն տակ, յուշը դարձեալ կը գրաւէ տիրական դիրք, փոխարինելով պայքարի եւ պահանջատիրութեան ոգին։ Ոգեկոչումները կը բազմանան, խօսքերը կը հնչեն, սակայն կը պակսի համազգային ռազմավարական հորիզոնը։ Յիշողութիւնը, որ պիտի ծառայէր որպէս պայքարի հիմք, կը վերածուի մեզ բաւարարող նպատակի։
Ա՛յս իրականութեան մէջ կը նշմարուի հիմնական վտանգը՝ յուշի գերակայութիւնը կ՚առաջնորդէ քաղաքական եւ պահանջատիրական նահանջի։
Հրամայական կը դառնայ շրջանցել այս ետդարձը, ստեղծել համահայկական պահանջատիրութեան նոր ալիք մը, որ պիտի առաջնորդուի համազգային մէկ եւ ամբողջական քաղաքական ու պահանջատիրական օրակարգի մշակումով։ Շարժումը կը պահանջէ իր մէջ ամփոփել հայրենի եւ սփիւռքեան քաղաքական միտքի միասնական մշակումը, իսկ հայրենի պետութիւնը պէտք է դառնայ առաջնորդող մղիչ ուժը այդ շարժումին, որ համահայկական հռչակագիրի ուժգնութեամբ նոր մղում պիտի տայ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման գործընթացին։
Անհրաժեշտ է ձեւակերպել համազգային նոր բանաձեւ մը, որ պիտի շրջանցէ այս փակուղին եւ պիտի վերակազմակերպէ պահանջատիրական պայքարը։ Բանաձեւը պէտք է հիմնուի քանի մը առանցքային սկզբունքներու վրայ։
ԱՌԱՋԻՆ՝ յստակօրէն տարբերութիւն սահմանել յուշի եւ քաղաքական պահանջի միջեւ։ Յուշը պէտք է պահէ իր իմաստը իբրեւ ինքնութեան բաղկացուցիչ, սակայն չի կրնար փոխարինել քաղաքական գործունէութիւնը։ Իւրաքանչիւր ոգեկոչում պէտք է ուղեկցուի յստակ նպատակներու եւ գործողութիւններու ծրագրումով, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան Հայ դատի հիմնախնդիրի արծարծումին միջազգային հարթակներուն վրայ։
ԵՐԿՐՈՐԴ՝ հատուցման օրակարգի ճշդում։ Ճանաչումները կարելի չէ դիտել որպէս Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական հաստատման վերջնական հանգրուան։ Անհրաժեշտ է վերատեսել ու մշակել քաղաքական, դիւանագիտական եւ իրաւական համապարփակ ծրագիր մը, որ պիտի սահմանէ պահանջներու բնոյթը՝ տարածքային, նիւթական եւ մշակութային իրաւունքներու վերականգնումի տեսանկիւնէն։ Այս աշխատանքը կը պահանջէ մասնագիտական ներուժի համախմբում եւ երկարաժամկէտ ռազմավարական մտածողութիւն։
ԵՐՐՈՐԴ՝ պետականութեան դերակատարութեան վերարժեւորում։ Առանց ուժեղ եւ նպատակասլաց պետութեան, պահանջատիրական պայքարը կը զրկուի իր հիմնական յենարանէն։ Պետութիւնը պէտք չէ դառնայ խոչընդոտ, այլ շարժիչ ուժ՝ միջազգային դիւանագիտութեան, իրաւական նախաձեռնութիւններու եւ քաղաքական միջոցներու գործիքակազմի ամբողջական օգտագործումով։
ՉՈՐՐՈՐԴ՝ համահայկական համակարգում։ Առանց միասնական կեդրոնական ուղղութեան, առանձին նախաձեռնութիւնները կը մնան մասնատուած եւ սահմանափակ ազդեցութիւն ունեցող։ Պէտք է ստեղծուի համահայկական քաղաքական հարթակ մը, ուր հայրենի պետութիւնը եւ սփիւռքեան կառոյցները պիտի աշխատակցին գործնական մակարդակի վրայ։ Այս համակարգումը պէտք է հիմնուի հաւասար պատասխանատուութեան եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ։
ՎԵՐՋԱՊԷՍ՝ նոր սերունդի ներգրաւում։ Պահանջատիրական պայքարը իր գոյատեւման ուժը պէտք է տեսնէ նոր սերունդի իմացական վերազարթնումին մէջ, հայոց ազգային իրաւունքներու ձեւակերպման մէջ դեր ու մասնակցութիւն ապահովելու անհրաժեշտութեամբ։ Հրամայական կը դառնայ հայրենի եւ սփիւռքեան ենթահողին վրայ վերստեղծել համահայկական ազգային կրթութեան, մշակութային եւ քաղաքական դաստիարակութեան նոր համակարգ մը, որուն ընդմէջէն պիտի ձեւաւորուի արդի մտածողութիւն, միաձուլելով պատմական յիշողութիւնը ժամանակակից քաղաքական պահանջներուն հետ։
Այս բոլոր սկզբունքները միասին, ի վիճակի են կազմել այն նոր բանաձեւը, որ պիտի կասեցնէ հայութեան նահանջը դէպի սոսկ յուշի աշխարհը։ Խնդիրը այլեւս յիշել կամ չյիշել չէ։ Անհրաժեշտ է այլեւս սահմանել, թէ ինչպէս յիշել՝ իբրեւ պայքարի միջոց, այլ ո՛չ թէ իբրեւ ինքնանպատակ արարողութիւն։
Եթէ այս վերարժեւորումը չկատարուի, վտանգը յստակ է. Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը պիտի վերածուի սոսկ խորհրդանիշի մը, իսկ պահանջատիրութիւնը՝ անցեալի հանգրուանի մը պատմական արձանագրութեան։
Հայութիւնը կանգնած է ընտրութեան առջեւ. կամ շարունակել յուշի ծիսական կրկնութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքեան ոստաններուն մէջ, կամ վերածել զայն կազմակերպուած քաղաքական կամքի արտայայտութեան։
Հրամայական է խզել մեզ բաւարարող յուշի ներկայ ժամանակաշրջանը եւ հաստատել պայքարի նոր փուլ մը։ Ամէն ոգեկոչում պէտք է դառնայ քայլ՝ դէպի իրաւունքներու վերատիրացում։
Ամէն խօսք պէտք է վերածուի քաղաքական յանձնառութեան։ Հայ նոր սերունդը պէտք է վերածուի պատասխանատուութիւն կրող ուժի։
Հայութիւնը դարձեալ ի վիճակի է վերահաստատել իր կամքը, որպէսզի յուշը վերարժեւորուի իբրեւ նոր մեկնակէտ՝ արդարութեան հասնելու ճանապարհին։










