ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

­Շատ դժո­ւար է իմ սե­րուն­դիս հա­մար, որ ա­ռանց վրէժխնդ­րա­կան զգա­ցու­մի հան­դարտ խորհր­դա­ծէ տա­րե­դար­ձի մը մա­սին, որ յի­շո­ղու­թեան կը բե­րէ ամ­բողջ ազ­գի մը վրայ գոր­ծադ­րո­ւած ա­հա­ւոր ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը եւ հայ­րե­նա­հա­նու­թիւ­նը՝ ծրագ­րով մը, որ կը մի­տէր ոչն­չաց­նել հայ ազ­գը: ­Ցե­ղաս­պանն էր, որ յայ­տա­րա­րած էր, թէ յի­սուն տա­րի վերջ նոյ­նիսկ թան­գա­րան­նե­րու մէջ պի­տի չգտնո­ւի հայ բա­ռը…:
Այս էր թրքա­կան պե­տու­թեան մշա­կած քա­ղա­քա­կան ծրա­գի­րը, որ­պէս­զի բնաջն­ջէ թրքա­ցեղ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու օ­ղա­կու­մին բնա­կան ար­գելք հան­դի­սա­ցող ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը…:
­Բայց ա­հա­ւա­սիկ, որ 111 տա­րի վերջ ու­նինք ան­կախ հայ­րե­նիք եւ շուրջ տա­սը մի­լիոն հա­շո­ւող պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թիւն:
­Հի­մա, տա­րի­նե­րը ան­ցած են, ի­րա­րու յա­ջոր­դած են չորս-հինգ սե­րունդ­ներ, ո­րոնք այ­սօր պի­տի դժո­ւա­րա­նան պատ­կե­րա­ցումն իսկ ու­նե­նա­լու գաղ­թա­կա­նու­թեան դառ­նու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ թշո­ւա­ռու­թիւն­նե­րու մատ­նո­ւած գաղ­թա­կան հա­յե­րու զա­ւակ­նե­րուն աղ­քա­տու­թեան մէջ հա­սակ առ­նող վի­ճա­կին:
­Հա­ւա­նա­բար նոր սե­րունդ­նե­րէն ո­մանք հարց տան, թէ մին­չեւ ե՞րբ պի­տի յի­շենք ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ պայ­քա­րինք ա­նոր հա­մար: ­Կա­րե­լի չէ՞ ան­յի­շա­չար ըլ­լալ, չա­րի­քը չյի­շել եւ բա­րի դրա­ցիու­թիւն հաս­տա­տել ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­կից ­Թուր­քին եւ նոյ­նա­ցեղ ու նոյն­պէս սահ­մա­նա­կից ա­զե­րիին հետ:
­Յա­ճախ ի­րա­ւա­ցիօ­րէն դա­տա­պար­տած ենք մենք զմեզ այն բա­նին հա­մար, որ հա­յերս պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ընդ­հան­րա­պէս մեր թշնա­մի­նե­րը ըն­դու­նած ենք իբ­րեւ յա­ւի­տե­նա­կան թշնա­մի­ներ եւ բա­րե­կամ­նե­րը՝ իբ­րեւ մնա­յուն բա­րե­կամ­ներ, հա­կա­ռակ որ միշտ կրած ենք այդ դա­տո­ղու­թեան վնաս­նե­րը։ Քն­նա­դա­տած ենք մենք զմեզ ան­ցեա­լի դառն փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը ա­պա­գա­յին մէջ կի­րար­կած չըլ­լալ­նուս հա­մար։
­Ճիշդ է, որ պատ­մու­թեան մէջ պա­րա­գա­յա­բար կամ քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րով ազ­գեր թշնա­մա­ցած են ի­րա­րու, կո­տո­րած են զի­րար, ա­պա դէպ­քե­րու յե­ղաշր­ջու­մով ու ժա­մա­նա­կի թա­ւա­լու­մին հետ մոռ­ցո­ւած են քէ­նե­րը, չքա­ցած են ա­տե­լու­թիւն­նե­րը, հաշ­տո­ւած են ու դար­ձած ան­յի­շա­չար ի­րա­րու հան­դէպ…:
Եզ­րա­կաց­նե՞նք ու­րեմն, որ յա­նուն բա­րի դրա­ցու­թեան ըլ­լանք ան­յի­շա­չա՞ր, որ մոռ­նա՞նք 111 տա­րի ա­ռաջ թուր­քին գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ո­րով ամ­բողջ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը վե­րա­ծո­ւած էր հա­մա­տա­րած գե­րեզ­մա­նի:
Ա­հա տրա­մա­բա­նու­թիւն մը, ո­րուն կը հե­տե­ւին ­Հա­յաս­տա­նի այժ­մու վար­չա­պետն ու ա­նոր շուրջ խմբո­ւած իշ­խա­նա­ւոր­նե­րը: ­Տա­կա­ւին ա­ւե­լին՝ ի­րենց թե­զին մէջ այն­քան կը խո­րա­նան, որ կը հաս­նին անլր­ջու­թեան: ­Կը պա­հան­ջեն՝ ամ­բող­ջո­վին թօ­թա­փել ազ­գի յի­շո­ղու­թիւ­նը, այ­սինքն չյի­շել, որ Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը մեր պատ­մա­կան հայ­րե­նիքն է, մոռ­նալ թէ Ա­րա­րա­տը մեր ինք­նու­թիւ­նը խորհրդան­շող լեռն է ու մեր պայ­քա­րի ուխ­տը եւ այս կար­գի ան­հե­թե­թու­թիւն­ներ:
«Ի­րա­կան ­Հա­յաս­տա­նը այ­սօ­րո­ւանն է», կ­՚ը­սեն ա­նոնք, եւ մեր քա­ղա­քա­կան ու­ղե­գի­ծը բա­րե­կա­մա­նալն է թուր­քին ու ա­զե­րիին հետ, ո­րու գի­նը պի­տի ըլ­լայ յի­շո­ղու­թեան կո­րուս­տը ան­բողջ ազ­գին: Այ­սինքն, պարզ խօս­քով՝ ա­նոնք կը պա­հան­ջեն եւ կը յու­սան, որ ազ­գո­վին ալ­հայ­մըր հի­ւան­դու­թե­նէ վա­րա­կո­ւինք…: Կ­՚ա­ռար­կեն, թէ յա­նուն ներ­կա­յի դադ­րինք այ­լեւս ան­ցեա­լի պա­տան­դը մնա­լէ…:
­Պահ մը ե­թէ փոր­ձենք բա­րեա­ցա­կամ տրա­մա­բա­նու­թեամբ մեկ­նա­բա­նել «ան­յի­շա­չար» ըլ­լա­լու ա­ռա­ջար­կը, կը նշա­նա­կէ ը­սո­ւա­ծը լռե­լեան նե­րել է ­Թուր­քիոյ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը: Ն­ման մտա­ծու­մի մը հա­մար սա­կայն, պայ­ման է նախ, որ յան­ցա­ւո­րը իր յան­ցա­գոր­ծու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նայ, զղչում ար­տա­յայ­տէ ու իր յան­ցան­քը սրբագ­րե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նէ, եւ երկ­րորդ՝ զօ­րեղն է, որ կը նե­րէ տկա­րին: Եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն մէջ ալ ան­հե­թեթ է նե­րու­մի մա­սին խօ­սիլ: ­Մենք տկար ենք, ո­րով նե­րե­լու մա­սին մտա­ծե­լը պար­զա­պէս ծի­ծա­ղե­լի է, երբ մա­նա­ւանդ զղչու­մը չկայ: ­Թուր­քիան զօ­րա­ւոր է եւ ու­ժեղ պե­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց կար­գին յատ­կա­պէս ­Թուր­քիան, եր­բեք չեն շե­ղիր ի­րենց գերն­պա­տակ­նե­րէն, եր­բեմն կ­՚ու­նե­նան նա­հանջ­ներ կամ ա­ռաջ­խա­ղացք­ներ, բայց չեն հրա­ժա­րիր ի­րենց մեծ նպա­տակ­նե­րէն: Եւ վե­րը նշուած թրքա­ցեղ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու միա­ցու­մի գա­ղա­փա­րը ­Թուր­քիոյ գերն­պա­տակ­նե­րէն ե­ղած է ան­ցեա­լին, է՛ նաեւ այ­սօր: ­Նոյն նպա­տա­կին հա­մար Ար­ցա­խի կո­րուս­տին ու հա­յա­թա­փու­մին մէջ ­Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թեան մա­սին քա­նի՞ ան­գամ պի­տի յո­խոր­տայ Էր­տո­ղան, որ Հ.Հ..ի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը անդ­րա­դառ­նան չոր ի­րա­կա­նու­թեան:
Ա­ւե­լորդ չէ յի­շեց­նել նաեւ, որ 1918-ին ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ճանչ­ցող պե­տու­թիւ­նը ­Թուր­քիան ե­ղաւ, ո­րուն հետ փո­խա­դարձ դի­ւա­նա­գի­տա­կան պատ­շաճ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ալ հաս­տա­տած էր ­Հա­յաս­տան դես­պա­նա­կան մա­կար­դա­կով: ­Սա­կայն, հա­կա­ռակ այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, եր­կու տա­րի վերջ, երբ ­Թուր­քիոյ հա­մար ձեռն­տու պայ­ման­ներ ստեղ­ծո­ւե­ցան, թրքա­կան բա­նա­կը խու­ժեց ա­րիւ­նա­քամ ե­ղած մեր եր­կի­րը եւ այդ օ­րո­ւան «ի­րա­կան ­Հա­յաս­տա­նին» կէ­սը գրա­ւեց ու կցեց իր երկ­րին:
Հ.Հ.-ի վար­չա­պե­տին ու հե­տե­ւորդ­նե­րուն չխոս­տո­վա­նո­ւած չքմե­ղան­քը. «պար­տուած ենք, ելք չու­նինք, ինչ­պէս նաեւ ան­կեղծ դաշ­նա­կից չու­նինք»…:
Անձս կը հա­ւա­տայ, որ տկար ­Հա­յաս­տա­նին հա­մար ռազ­մա­վա­րա­կան հզօր ու ազ­դու զէն­քի կա­րե­լի է վե­րա­ծել հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը մի­ջազ­գա­յին սե­ղա­նին վրայ այժ­մէա­կան օ­րա­կարգ դարձ­նե­լու հե­տապն­դու­մը: ­Բայց ա­սի­կա ար­դէն այլ տա­րածք է եւ մաս չի կազ­մեր ներ­կայ խորհր­դա­ծու­թեան:
«Ելք չու­նինք…» մտա­ծող­նե­րուն հա­մար պատ­կեր մը.
1950-ա­կան թո­ւա­կան. նա­խակր­թու­թեան աղ­քա­տիկ դպրոց մը՝ աղ­քա­տիկ ա­շա­կերտ­նե­րով եւ փայ­տոր­մե­րով բաժ­նո­ւած դա­սա­րան­ներ: Ապ­րիլ 24-ի նա­խօ­րէ է:
Ու­սու­ցի­չը կը նկա­րագ­րէ Ե­ղեռ­նէն ահ­ռե­լի դրո­ւագ­ներ, ա­նա­պա­տի մէջ բռնա­գաղ­թէն տե­սա­րան­ներ ու կը պատ­մէ ապ­րո­ւած սահմռ­կե­ցու­ցիչ պա­տա­հար­նե­րու մա­սին: Ա­պա իբ­րեւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն ա­շա­կետ­նե­րուն կ­՚ը­սէ. «­Թուր­քը յաղ­թեց մե­զի, բայց չհա­սաւ իր նպա­տա­կին: ­Փաս­տը ձեր գո­յու­թիւնն է, դուք պի­տի մեծ­նաք եւ ձեր պայ­քա­րով տի­րու­թիւն պի­տի ը­նէք մեր ի­րա­ւուն­քին ու ար­դա­րու­թեան…»:
­Փոքր տա­րի­քէն, ա­շա­կերտ­նե­րու մատ­ղաշ հո­գի­նե­րուն եւ են­թա­գի­տակ­ցու­թեան մէջ անջն­ջե­լի կնի­քով կը դրոշ­մո­ւէր հա­ւատ­քը, թէ թուր­քը մե­զի յաղ­թած է թէեւ, բայց մենք չենք պար­տո­ւած:
­Հա­մեստ ու աղ­քա­տիկ հայ ու­սու­ցիչ­նե­րուն գտած ել­քը՝ սե­րուն­դին մէջ­քը շի­տակ պա­հե­լու եւ ամ­րաց­նե­լու հա­մար: ­Հա­մեստ ու­սու­ցիչ­նե­րու ցոյց տո­ւած այդ ելքն էր, որ ճամ­բայ բա­ցաւ հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն, որ կազ­մա­կերպ հա­յօ­ճախ­ներ գո­յաց­նեն սփիւռ­քի տա­րած­քին:
Եր­բեք չընկ­ճո­ւիլ, ա­հա պար­տու­թե­նէն ետք ելք գտնե­լու պայ­մա­նա­կան ու­ղին:

Ա­թէնք, 21 Ապ­րիլ 2026