­Կի­րա­կի, 29 ­Մարտ 2026-ին՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մեր­գաս­րա­հի դահ­լիճ­նե­րէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ գիր­քի ցու­ցա­հան­դէս մը, որ հա­մախմ­բեց հայ հա­մայն­քի ան­դամ­ներն ու գիր­քի սի­րա­հար­նե­րը։ ­Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ՝ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ քա­ղա­քի «Աղ­քա­տախ­նամ այ­րե­րու եղ­բայ­րակ­ցու­թեան»։
­Ցու­ցա­հան­դէ­սի ա­ռանց­քը կը կազ­մէր «Η Ιστορία των Αρμενικών Κοινοτήτων Θράκης και Μακεδονίας» գիր­քը, որ հա­յե­րէ­նէ յու­նա­րէնի թարգ­մա­նո­ւած է ­Սար­գիս Ա­ղա­պա­տեա­նին կող­մէ։ ­Գիր­քին թարգ­մա­նու­թիւ­նը ու­նի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն, քա­նի որ ան իր մէջ կը պա­րու­նա­կէ խոր պատ­մու­թիւն եւ ար­ժէ­քա­ւոր վկա­յու­թիւն­ներ մեր գա­ղութ­նե­րուն ան­ցեա­լին մա­սին՝ նպաս­տե­լով այդ ժա­ռան­գու­թեան ծա­նօ­թաց­ման եւ պահ­պան­ման։
Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Հայր սուր­բը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տը, ինչ­պէս նաեւ այլ քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­ներ։ Ի­րենց խօս­քը ուղ­ղե­ցին քա­ղա­քա­պե­տը, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տը եւ հա­մա­կազ­մա­կեր­պիչ միու­թեան ա­տե­նա­պե­տը։
Պաշ­տօ­նա­կան խօս­քե­րէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան զրոյց, որ վա­րեց լրագ­րող ­Փա­նա­յո­թիս Ք­րի­նիս, գիր­քի թարգ­մա­նիչ ­Սար­գիս Ա­ղա­պա­տեա­նի, գիր­քի տպագ­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու Ան­տո­նիս Ս­թա­մու­լի­սի, ինչ­պէս նաեւ հա­մալսա­րա­նի դա­սա­խօս Ան­կե­լոս ­Սի­րի­ղո­սի եւ պատ­մա­գէտ ­Լե­ւոն ­Տիլ­սի­զեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ։
Ե­լոյ­թը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ջերմ ու բա­րե­կա­մա­կան մթնո­լոր­տի մէջ՝ վե­րա­ծո­ւե­լով նաեւ հան­դիպ­ման եւ մտեր­միկ զրոյց­նե­րու ա­ռի­թի։ Ն­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կը նպաս­տեն հայ մշա­կոյ­թի պահ­պան­ման ու տա­րած­ման, ինչ­պէս նաեւ կը խրա­խու­սեն ըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւ­նը հա­մայն­քի տար­բեր սե­րունդ­նե­րու մէջ։

ԹՂԹԱԿԻՑ