­Յա­ջո­ղու­թեամբ պ­սա­կո­ւած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը

­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­­Զա­ւա­րեան» ազգ. վար­ժա­րա­նի
«­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ­ման­կա­պար­տէ­զը
կը վե­րա­ծո­ւի ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան դարբ­նո­ցի

Ման­կու­թեան ա­ռա­ջին քայ­լե­րը միայն աշ­խար­հը ճանչ­նա­լու փոր­ձեր չեն, այ­լեւ՝ հո­գե­կան աշ­խար­հի հիմ­նա­քա­րե­րը դնե­լու ո­րո­շիչ ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը։
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէ­զին մէջ, ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան մշա­կու­մը ո՛չ միայն կրթա­կան ծրագ­րի մաս կը կազ­մէ, այ­լեւ՝ կը հան­դի­սա­նայ դպրո­ցա­կան ա­ռօ­րեա­յի կեն­սա­տու զար­կե­րա­կը։ Ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բէն իսկ, մա­նուկ­նե­րը կը սոր­վին սի­րել գիր­քը, շօ­շա­փել թուղ­թի խորհր­դա­ւո­րու­թիւ­նը եւ ունկնդ­րել հե­քիաթ­նե­րու մե­ղե­դա­յին լե­զուն։
­Յու­նո­ւար ա­մի­սէն սկսեալ, այս նո­ւի­րա­կան աշ­խա­տան­քը կը ստա­նայ ա­ռա­ւել հա­մա­կար­գո­ւած ու գործ­նա­կան բնոյթ։ ­Մեր փոք­րիկ­նե­րը, դառ­նա­լով դպրո­ցի գրա­դա­րա­նի մշտա­կան այ­ցե­լու­նե­րը, կա­նո­նա­ւոր կեր­պով կը դի­մեն գիր­քե­րու շտե­մա­րա­նին՝ ի­րենց հետ տուն տա­նե­լով հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն պատ­կե­րա­զարդ հե­քիաթ­ներ։ Այս սո­վո­րու­թիւ­նը կը դառ­նայ կա­մուրջ մը դպրո­ցի եւ ըն­տա­նի­քի մի­ջեւ, ուր ե­րե­կո­յեան ըն­թեր­ցում­նե­րը կը վե­րա­ծո­ւին ջերմ ու ի­մաս­տա­լից զրոյց­նե­րու։
­Սա­կայն այս տա­րի, ման­կա­պար­տէ­զը թե­ւա­կո­խեց նոր ու նո­րա­րա­րա­կան հանգ­րո­ւան մը։ ­Նի­քէա­յի ­հան­րա­յին գ­րա­դա­րա­նին հետ գոր­ծակ­ցա­բար ի­րա­կա­նա­ցած «­Ման­կա­պար­տէ­զի գ­րա­սէր­ներ 2025» (Νηπιο-βιβλιοσκώληκες 2025) ծրա­գի­րը՝ ե­կաւ յա­ւե­լեալ փայլ ու թափ տա­լու մեր ա­մե­նօ­րեայ ջան­քե­րուն, բա­ցա­յայ­տե­լով ման­կա­կան ե­րե­ւա­կա­յու­թեան ան­սահ­ման հո­րի­զոն­նե­րը։
Այս ծրա­գի­րը սո­վո­րա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րէն ան­դին ան­ցաւ։ Իւ­րա­քան­չիւր գիրք դար­ձաւ ներշնչ­ման աղ­բիւր՝ խա­ղե­րու, թա­տե­րա­կա­նաց­ման եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու։ Ա­շա­կերտ­նե­րը քննար­կե­ցին ըն­տա­նե­կան ար­ժէք­նե­րը, խա­ղա­ղու­թեան վե­հու­թիւնն ու բնու­թեան հրա­շա­լիք­նե­րը՝ հարս­տաց­նե­լով դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գի­րը։
­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­ցան հա­մադ­րե­լու ա­ւան­դա­կանն ու ար­դիա­կա­նը։ ­Յա­տուկ «Ար­ձա­նագ­րու­թեան ­թեր­թիկ­նե­րու» եւ ար­դիա­կան առ­ցանց յա­ւե­լո­ւա­ծի մի­ջո­ցով, դպրոց-տուն կա­պը ա­ւե­լի ամ­րապն­դո­ւե­ցաւ։
Ծ­նող­նե­րը դար­ձան ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն գոր­ծուն ըն­թեր­ցա­կից­նե­րը, ո­րոնք սա­տա­րե­ցին այս ճի­գին ոչ միայն ար­ժե­ւո­րե­լով մշա­կո­ւած նիւ­թե­րը, այ­լեւ հարս­տաց­նե­լով ծրագ­րին գիր­քե­րու ցան­կը՝ ի­րենց սե­փա­կան գրա­դա­րան­նե­րու գիր­քե­րով։
­Սոյն ծրագ­րին ա­ւար­տը նշո­ւե­ցաւ ա­ռանձ­նա­կի շու­քով եւ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Իւ­րա­քան­չիւր ա­շա­կերտ, որ­պէս իր հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան եւ ըն­թեր­ցա­սի­րու­թեան վկա­յա­կան, ստա­ցաւ յա­տուկ մրցա­նակ մը։
Այս պար­գե­ւատ­րու­մը լոկ մրցա­նակ­նե­րու բաշ­խում չէր, այլ՝ ե­րե­խա­նե­րու մտա­ւոր զար­գաց­ման եւ աշ­խա­տա­սի­րու­թեան ար­ժե­ւո­րում, ինք­նավս­տա­հու­թեան եւ գիր­քի հան­դէպ սի­րոյ հաս­տա­տում։ ­Փոք­րիկ­նե­րուն աչ­քե­րուն մէջ փայ­լող հպար­տու­թիւ­նը լա­ւա­գոյն ա­պա­ցոյցն էր, որ «­Փոք­րիկ գ­րա­սէր­նե­րը» ար­դէն իսկ սկսած են ի­րենց կեան­քի մե­ծա­գոյն ճամ­բոր­դու­թիւ­նը։
Սր­տա­գին շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ՝
— ­Մեր մր­ցա­նա­կիր ա­շա­կերտ­նե­րուն, ի­րենց անս­պառ հե­տաքրք­րու­թեան հա­մար։
— Ծ­նող­նե­րուն, ո­րոնք միշտ կը զօ­րակ­ցին մեր կրթա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան։
— Հ.Կ.­Խ-ի «­Զա­ւա­րեան»­նա­խակր­թա­րա­նի տ­նօ­րէ­նու­թեան եւ «­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ­ման­կա­պար­տէ­զի ու­սուց­չա­կան ­կազ­մին, ո­րոնք սի­րով եւ նո­րա­րա­րա­կան շուն­չով կը քա­ջա­լե­րեն ըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւ­նը եւ ան­մար կը պա­հեն մա­նուկ­նե­րուն հե­տաքրք­րու­թիւ­նը։
­- Նի­քէա­յի ­հան­րա­յին գ­րա­դա­րա­նի անձ­նա­կազ­մին, այս հրա­շա­լի նա­խա­ձեռ­նու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար։
Այս ձեռ­նար­կը վերս­տին կը հաս­տա­տէ թէ՛ ըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւ­նը կեան­քի կե­ցո­ւածք է, որ կը մշա­կո­ւի սի­րով, հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան մի­ջո­ցով։ ­Թող այս մրցա­նակ­նե­րը դառ­նան այն ա­ռա­ջին քայ­լե­րը, ո­րոնք մեր փոք­րիկ­նե­րուն պի­տի ա­ռաջ­նոր­դեն դէ­պի գի­տու­թեան եւ ի­մաս­տու­թեան ան­ծայ­րա­ծիր հո­րի­զոն­նե­րը:

­Հ.­­Կ.­­Խ.-ի «­­Զա­ւա­րեան» ազգ. վար­ժա­րա­նի
«­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէ­զի
­վա­րիչ ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի՝ Ա­նի Ա­բի­կեան