Գարէայի եւ շրջակայքի մեր հայրենակիցներուն ի գիտութիւն կը հաղորդենք, թէ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Շաբաթ, 24 Յունուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Գարէայի ազգապատկան սրահին մէջ զետեղուած «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» Ս. Խորանին, սուրբ եւ անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի, որուն պիտի հանդիսապետէ եւ իր հայրական պատգամը փոխանցէ Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ Ս. եպս. Եմիշեան
Պիտի պատարագէ շրջանիս հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեան
Պիտի յաջորդէ գաթայի կտրում եւ բաշխում՝ Գարէայի Հ.Կ. Խաչի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան գործակցութեամբ:
Այսու կը հրաւիրուին շրջանի մեր հայրենակիցները, մասնակցելու այս հոգեպարար արարողութեան, ապա աւանդական գաթայի կտրումին։
ԳԱՐԷԱ-ԿԵՍԱՐԵԱՆԻԻ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ
ԳԱՐԷԱՅԻ Հ. Կ. ԽԱՉԻ «ԱՂԹԱՄԱՐ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ










