Մեր սիրելի ժողովուրդին կը ծանուցանենք, թէ Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 130-ամեակին առիթով Կիրակի, 30 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտուն, պիտի մատուցուի հանդիսաւոր սուրբ պատարագ եւ մատաղօրհնութիւն:
Պիտի պատարագէ ու յաւուր պատշաճի քարոզէ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս. Եմիշեան:
Սկիզբ սուրբ պատարագի առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարուի եկեղեցւոյս «Այվազեան» վոկալ խումբին կողմէ խմբավարութեամբ պրն. Մկրտիչ Գրիգորեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ տիկին Տիրուհի Աշրեան-Գրիգորեանի:
Անոնք որոնք կը փափաքին մատաղի պատրաստութեան համար նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին հեռաձայնել տիկին Թշխուհի Պօզիկեանին (6978892493), ինչպէս նաեւ հատուցում կատարել եկեղեցւոյ դրամատան հաշիւին
ALPHA BANK IBAN: GR9701401050105002002027684
Մեր սրտագին փափաքն է, որ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից դառնայ սուրբ պատարագին եւ տոգորուի օրուան խորհուրդով:
Հոգաբարձութիւն









