Հ.Կ.Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը հրաւիրէ իր բոլոր անդամուհիները անդամական Ընդհանուր ժողովի, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս։
Ժողովի օրակարգ՝
1) Վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագրի ընթերցում եւ քննարկում
2) Առաջարկներ Հ.Կ.Խաչի 85-րդ Պատգամաւորական ժողովի
3) Պատգամաւորներու ընտրութիւն
Կը հրաւիրուի Շրջանային Վարչութիւնը։
Բոլոր անդամներու մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է։
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ