­Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ եւ ըն­կե­րու­հի­ներ,

Ու­րա­խու­թեամբ կը յայտ­նենք, թէ ­­Հայ Օգ­նու­թեան ­­Միու­թիւ­նը այս տա­րի կը նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան եւ ան­դուլ գոր­ծու­նէու­թեան 115-ա­մեա­կը։
Այս ա­ռի­թով, Հ.Օ.Մ.-ի ­­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը նա­խա­ձեռ­նած է դրա­մա­հա­ւա­քի, ո­րուն նպա­տակն է ստեղ­ծել 115-ա­մեա­կի ­­Հիմ­նադրամ մը։
­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թիւ­նը կը դի­մէ բո­լո­րին՝ գա­ղու­թի ան­դամ­նե­րուն, մեր միու­թեան հա­մա­կիր­նե­րուն եւ իւ­րա­քան­չիւր միու­թե­նա­կան ան­դա­մին։
­­Մաս­նակ­ցե­լով վե­րոն­շեալ դրա­մա­հա­ւա­քին, բո­լորս միա­սին ջա­հա­կիր­նե­րը դառ­նանք ազ­գա­նո­ւէր մեր բա­րե­սի­րա­կան եւ հա­յակր­թա­կան նպա­տակ­նե­րուն։
­­Գաղտ­նիք չէ, թէ ­­Հայ Օգ­նու­թեան ­­Միու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար կա­րի­քը կայ նիւ­թա­կան մեծ աղ­բիւր­նե­րու։
Ե­թէ Հ.Օ.Մ.-ի գոր­ծօն ու­ժը կը հան­դի­սա­նան իր նո­ւի­րեալ ան­դա­մու­հի­նե­րը ի­րենց կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քով, ա­պա, ծրագ­րե­րու ի­րա­գործ­ման ե­րաշ­խա­ւոր կը կանգ­նին միու­թեան բա­րե­րար­նե­րը եւ նո­ւի­րա­տու­նե­րը, ո­րոնք ազ­գա­յին ու մար­դա­սի­րա­կան բարձր գի­տակ­ցու­թեամբ եւ յանձ­նա­ռու­թեամբ, ի­րենց նիւ­թա­կան ներդ­րու­մով, տնտե­սա­կան նե­ցուկն են հա­մա­հայ­կա­կան մեր մեծ կազ­մա­կեր­պու­թեան։

Հ.Օ.Մ.-ի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Վար­չու­թեան ո­րո­շու­մով, 115 $-ի / 100 €­-ի ու ա­ւե­լի բարձր գու­մար­նե­րու նո­ւի­րա­տու­նե­րու ա­նուն­նե­րը պի­տի յի­շա­տա­կո­ւին
«­­Ջա­հա­կիր» կո­չու­մով՝ յա­տուկ հրա­տա­րա­կու­թեամբ։

­­Ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կրնաք տես­նել, դրա­մա­հա­ւա­քին ա­ռի­թով Հ.Օ.Մ.-ի ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Վար­չու­թեան պատ­րաս­տած՝ միու­թեան խորհր­դա­նի­շը պատ­կե­րաց­նող նկա­րին մէջ։
Ե­րախ­տա­գէտ ենք բո­լոր նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րուն հա­մար եւ շնոր­հա­կա­լու­թեամբ ըն­դու­նե­լի է ա­մէ­նէն հա­մեստ լու­ման ալ։

* ­­Ձեր նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու հա­մար կը խնդրենք որ կա­պի մէջ մտնէք Հ.Կ.Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան հետ, մին­չեւ 7 ­­Սեպ­տեմ­բեր 2025։
Ի մաս­նա­ւո­րի հնա­րա­ւոր է հե­ռա­ձայ­նել ըն­կե­րու­հի ­­Շո­ղիկ ­­Պա­պօղ­լեա­նին՝ 694 5222550։

­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի
Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թիւն