Հայ երգի ու պարի աննախընթաց պահեր ապրեցաւ Ալեքսանտրուպոլսոյ եւ շրջակայքի հայկական համայնքը, ուր հայրենի մշակոյթը փառաբանուեցաւ հայ եւ յոյն հանդիսատեսներուն առջեւ։ Անոնք ոգեւորիչ արտայայտութիւններով եւ գրառումներով ընկերային ցանցերուն վրայ, խօսեցան հայ ժողովուրդի իւրայատուկ յատկանիշներուն մասին, ընդգծելով անոր հազարամեայ մշակութային հարստութիւնը, որուն մէկ նմուշը անմահացաւ Թրակիոյ հայահոծ քաղաքին մէջ։
Ալեքսանտրուպոլսոյ Թաղային խորհուրդը գեղեցիկ յղացումը ունեցաւ մշակութային փառատօնով մը պատուել տեղւոյն հայկական Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ շինութեան մեկնարկի 150-ամեակը, որուն համար կազմակերպեց հայկական պարային համոյթ մը Հայաստանէն հրաւիրուած խումբով, ինչպէս նաեւ Թրակիոյ մէջ գործող հայկական պարախումբերու մասնակցութեամբ։
Այսպէս, Հայաստանի Ստեփանաւան քաղաքէն ժամանեց «Անի պարային սթուտիօ»-ի պատանիներու երկսեռ խումբը, գեղարուեստական տնօրէնուհի Տաթեւիկ Իսպիրեանի եւ պարուսոյց Արթուր Միրզոյեանի պատասխանատուութեամբ, իսկ Թրակիոյ համայնքներուն կողմէ մասնակցեցան Գոմոթինիի մշակութային միութեան «Ուրարտու» խումբը՝ Ռուզաննա Զօհրապեանի պարուսութեամբ, ինչպէս նաեւ Ալեքսանտրուպոլսոյ «Նռենի» խումբը, ղեկավարութեամբ Նարինէ Շահզատեանի։
Շաբաթ, 12 Յուլիս 2025-ի երեկոյեան, մօտ 1500 հայ եւ յոյն հանդիսականներ ողողեցին Ալեքսանտրուպոլսոյ «Ալթինալմազի» կեդրոնական բացօթեայ թատերասրահը, վայելելու համար հայ աշխարհի պարն ու երաժշտութիւնը, միաժամանակ յարգելով հայկական համայնքի դարաւոր պատմութիւնը եւ անոր ներդրումը քաղաքի կեանքին։
Իրենց ներկայութեամբ ելոյթը պատուեցին Ալեքսանտրուպոլսոյ մետրոպոլիտ Անթիմոս, քաղաքապետական խորհուրդի ատենապետը, քաղաքի համայնքային վարչութեան ատենապետը, մշակութային հարցերու փոխքաղաքապետը, տեղական զինուորական կարգերու ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ մարզպետութեան եւ քաղաքապետութեան բազմաթիւ խորհրդականներ։ Հայկական կողմէն ներկայ եղան Յունաստանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան անդամ Զապէլ Այվազեան, Հ.Յ.Դ. «Արշակեան» կոմիտէի անդամ ընկ. Հայկ Չիչէքեան, Հ.Հ. պատուոյ հիւպատոս Սարգիս Տանկազեան, Թաղային խորհուրդի եւ Հ.Գ.Խաչի ներկայացուցիչներ։
Բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Արմենուհի Գուրպանեան, ապա գործադրութեան դրաւ յայտագիրը։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին մետրոպոլիտը, քաղաքապետական խորհուրդի ատենապետը, Հ.Հ. պատուոյ հիւպատոսը եւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Մարուքեան, որոնք անդրադարձան քաղաքի հայ համայնքի պատմութեան եւ կարեւոր ներկայութեան շրջանին մէջ։ Օրուան խօսքը տուաւ պատմութեան ոլորտի գիտաշխատող եւ գիրքերու հեղինակ Լեւոն Տիլսիզեան։ Յարգելի բանախօսը ուրուագծեց Ալեքսանտրուպոլսոյ համայնքի պատմական շրջագիծը, ակնարկ ընելով 19-րդ դարէն հոն հաստատուած հայ զանգուածներուն եւ համայնքային սկզբնական կեանքին։
Ան նշեց քաղաքի աշխարհագրական կարեւորութիւնը, ներգրաւելով հայկական ներկայութիւնը:
Ապա անդրադարձ կատարեց Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք համայնքի կազմաւորման, որ ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն եւ մշակութային ծաղկում։ Յետպատերազմեան շրջանի դէպի Հայաստան ներգաղթն ու դէպի Արեւմուտք արտագաղթը նօսրացուցին համայնքի թիւը, որ վերստին բազմացաւ Հայաստանի անկախացումէն ետք ժամանած հայրենակիցներու հոսանքով։ Բանախօսը կատարեց նաեւ ներկայ համայնքի եւ հայութեան ընկերային ու մշակութային դիմագիծի վերլուծումը։
Յաջորդաբար, գեղարուեստական յայտագիրը հայկական երաժշտութեան ու պարի երանգաւորում մըն էր, որ հմայեց ներկաները եւ խլեց շարունակական ծափահարութիւններ։ Իսկապէս, հեռաւոր այդ հայաւանին մէջ հնչեց հայրենի մեղեդին, իսկ մեր երիտասարդներու պարերը մէկ առ մէկ հայաշխարհի մշակոյթի հեղեղ մը եղան, որուն ամէն մէկ արտայայտութիւն հպարտութեան, յուզումի եւ խանդավառութեան ալիքներ տարածեց բազմահարիւր ներկաներուն մօտ։
Յայտագիրի առաջին մասին, յաջորդաբար բեմ ներկայացան «Ուրարտու» եւ «Նռենի» պարային խումբերու անդամները, որոնք չորս պարերով ցոյց տուին իրենց տաղանդն ու սէրը հայ պարին հանդէպ, մանաւանդ հայրենիքէն հեռու հասակ նետած երիտասարդները, որոնց հաւատարմութիւնը հայկական արժէքներուն համար իր լաւագոյն պատկերը տուաւ բեմին վրայ։
Յայտագիրի գլխաւոր բաժինը վերցուց Ստեփանաւանի «Անի» խումբը, որ 18 տարբեր պարերով հմայեց բոլորին։ 14-17 տարիքը ունեցող հայրենի մեր բալիկները ծաւալեցին իրենց բացառիկ տաղանդը, առոյգ կամ հեզաճկուն շարժումներով, պարուսոյցի արհեստավարժ յաջող ցուցմունքներով։ Իւրաքանչիւր պար, հայկական զգեստներու գունագեղ ճոխութեամբ եւ համադրուած շարժուձեւերով, հմայիչ հոգեզուարճութիւն մը եղաւ հանդիսականներուն համար, իսկ խանդավառ ծափողջոյնները անվերջ հնչեցին յայտագիրի ամբողջ տեւողութեան։
Մէջընդմէջ, տուտուկահար Միշա Աթաբէկեան յուզումով մեկնաբանեց հայկական գեղեցիկ մեղեդիներ, նաեւ տեղական ուժերէն՝ Գայեանէ Դաւթեան ապրումով արտասանեց Գէորգ Էմինի «Սասուն» ոգեւորիչ բանաստեղծութիւնը։ Իրապէս, կախարդական ներկայացում մըն էր, որ արժանավայել կազմակերպութեամբ պատուեց հայ եկեղեցւոյ պատմական յոբելեանը եւ անմահացուց հայ մշակոյթի գանձարանը Յունաստանի սահմանամերձ քաղաքին մէջ։
Հայրենի պատանի տաղանդաւոր պարողներու խանդավառութիւնը եւ ոգեւորիչ ներկայացումները շարունակուեցան յաջորդ օր եւս, այս անգամ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ դարձեալ հրամցնելով հայկական պարեր, յոյն եւ հայ ժողովուրդի ինքնաբուխ ներկայութեան, որոնցմէ շատեր տեղադրեցին տեսանիւթեր եւ հայութեան մասին դրուատական խօսքեր ընկերային ցանցերուն վրայ։
Երկուշաբթի, 14 Յուլիսին, Թաղային խորհուրդը ճաշկերոյթով մը պատուեց բոլոր դերակատարները հայկական եկեղեցւոյ սրահին մէջ. հոն եւս հայկական մթնոլորտը, երգն ու պարը լեցուցին սրահը եւ հոգեկան ապրումի պահեր պարգեւեցին բոլոր ներկաներուն։
Կ՚արժէ գնահատանքի խօսքերով զարդարել կազմակերպիչները. անոնք տքնաջան աշխատանքով եւ հաւատարմութեան զգացումով հայկական բացառիկ մթնոլորտի նախաձեռնողները եղան։ Վարձքը կատար բոլորին, հայրենի եւ տեղական պարախումբերու պատանիներուն, որոնց մէջ հայկականութիւնը տեւաբար կը բոցավառէ, հայ ոգին կ՚ապրի ու կը ստեղծագործէ։ Մաղթենք, որ նորանոր նախաձեռնութիւններ նոր շունչ եւ որակ պիտի տան հայութեամբ տրոփող Թրակիոյ շրջանի հայկական համայնքներուն։









