Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութեան Բ. փուլը տեղի ունեցաւ երէկ, Կիրակի, 4 Մայիս 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 14:00, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս։
Մեր հայրենակիցները ներկայ եղան Գոքինիոյ ակումբը, ընդառաջելով Հ.Կ.Խաչի կոչին:
Կարելի եղաւ 30 հոգիէ արիւն ստանալ, հակառակ որ ներկաներու թիւը աւելի բարձր էր, սակայն տարբեր պատճառներով՝ մաս մը մերժուեցաւ: Ստացուած արեան քանակը տրամադրուեցաւ «Էվանկելիզմոս» հիւանդանոցի համակարգի՝ Հայ Կապոյտ Խաչի անունին պահք դրուած արեան պահեստանոցին։
Արեան նուիրաբերումը թանկագին գործընթաց մըն է, որ Հ.Կ. Խաչը, գիտակցելով անոր անհրաժեշտութիւնը, իր մարդասիրական գործունէութեան ծրագիրին մէջ կը ներառնէ ամէն տարի:
Այս նախաձեռնութեամբ կարելի կ’ըլլայ օգնութեան հասնիլ արեան կարիք ունեցող մեր հայրենակիցներուն:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Կ.Խաչի արիւնատուութեան արշաւի Բ. փուլը տեղի ունեցաւ Գոքինիոյ մէջ