Աթէնք
— Քարոզչական կրպակ պիտի տեղադրուի Սինտաղմայի հրապարակը, Երեքշաբթի, 22 Ապրիլէն մինչեւ Կիրակի, 27 Ապրիլ:
— Բողոքի ցոյց դէպի թրքական դեսպանատուն Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 18:30-ին: Հաւաքավայր՝ Սինտաղմայի հրապարակը, կրպակին առջեւ: Ցոյցը պիտի սկսի ժամը 19:15-ին:
Թեսաղոնիկէ
— Քարոզչական կրպակ պիտի տեղադրուի, Այ. Սոֆիա (թիւ 21) մայթին վրայ Երեքշաբթի, 22 Ապրիլէն մինչեւ Կիրակի, 27 Ապրիլ:
— Երեքշաբթի, 22 Ապրիլին «Ծաղկաձոր» դպրոցի աշակերտական երգչախումբը պիտի երգէ կրպակին դիմաց, ինչպէս նաեւ աշակերտները պիտի արտասանեն:
— Երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Համազգայինի «Կիլիկիա» պարախումբը պիտի պարէ սուգի պարը, ապա՝ պիտի զետեղուի մոմերով կազմուած 110 թուանշան մը:
— Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 18:30-ին, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան անդամ էլէնի Քազարեան, պիտի երգէ յեղափոխական երգեր, քարոզչական կրպակին առջեւ:
Ցոյցը դէպի թրքական Հիւպատոսարան պիտի սկսի ժամը 19:15-ին:
— Շաբաթ, 26 Ապրիլ 2025-ին Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները պիտի տողանցեն կրպակէն մինչեւ յուշարձան-խաչքար եւ դափնեպսակ պիտի զետեղեն Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին:









