Գոքինիոյ եւ շրջակայքին մէջ
«Զաւարեան» կեդրոնին մէջ գործող միութիւնները (Հ.Կ.Խաչ, Հ.Մ.Ը.Մ., Համազգային եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւն) կը ծանուցանեն, թէ Կիրակի, 5 Յունուարի գիշերը, պիտի կատարեն Աւետիսի շրջագայութիւնը միացեալ խումբերով՝ Նիքէա, Քորիտալոս, Փալէա Գոքինիա, Փիրէա, Քիֆիսիա, Էքալի, Նէա Էրիթրէա, Տրոսիա, Անիքսի, Այիոս Սթեֆանոս շրջաններուն մէջ:
Ֆիքսի եւ շրջակայքին մէջ
Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ գործող միութիւնները կը ծանուցանեն, թէ Կիրակի, 5 Յունուարի գիշերը, պիտի կատարեն Աւետիսի շրջագայութիւնը միացեալ խումբերով՝ Նէոս Գոզմոս, Նէա Զմիռնի, Անօ Նէա Զմիռնի, Անօ Տաֆնի, Պրախամի, Քալիթէա, Փալէօ Ֆալիրօ, Ալիմոս, Վուլա, Վարքիզա շրջաններուն մէջ:
Գարէայի եւ շրջակայքին մէջ
Մեր հայրենակիցներու ուշադրութեան կ‘ուզենք յանձնել թէ, 2025-ի Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան «Աւետիս»ի շրջագայութիւնը պիտի կատարուի Կիրակի 5 Յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, Գարէայի, Վիրոնայի, Կեսարեանիի, Իլիուբոլիի եւ Արղիրուբոլիի շրջաններէն ներս։
Շրջանիս Թաղային Խորհուրդի, Հ. Կ. Խաչի եւ գործող Միութիւններուն անդամներէն կազմուած երգեցիկ խառն խումբեր պիտի այցելեն մեր հայրենակիցներուն բնակարանները Քրիստոսի Ս. Ծնունդը աւետելու, «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ Ս. ԾՆՈՒՆԴ Ուրախ պիտի ըլլանք ձեզի տալու Ս. Ծննդեան Օրհնաբեր Աւետիսը։









