Ե­րեք­շաբ­թի ուշ գի­շե­րին, ­Պե­լո­ռու­սիա Ատր­պէյ­ճա­նին ար­տա­յանձ­նեց պլո­կըր Ա­լեք­սանտր ­Լափ­շի­նը: ԱՓԱ լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թեան փո­խան­ցու­մով` ­Լափ­շին ­Պա­քո­ւի օ­դա­կա­յա­նէն տե­ղա­փո­խած են Ատր­պէյ­ճա­նի ազ­գա­յին անվտան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րը:
­Նոյն ե­րե­կո­յեան, ­Պե­լո­ռու­սիոյ ­Գե­րա­գոյն ­Դա­տա­րա­նը մեր­ժած էր պլո­կը­րին բո­ղո­քար­կու­մը: ­Բո­ղո­քար­կու­մի մերժ­ման ո­րո­շու­մին յա­ջոր­դած է այդ­պի­սով ­Լափ­շի­նը Ատր­պէյ­ճա­նին յանձ­նե­լու մա­սին ո­րո­շու­մը:

­Պե­լո­ռու­սիոյ ­Գե­րա­գոյն ­Դա­տա­րա­նը մեր­ժեց Լափ­շի­նի բո­ղո­քար­կու­մը

­Պե­լո­ռու­սա­կան «Ս­փութ­նիք»ը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Պե­լո­ռու­սիոյ ­Գե­րա­գոյն ­Դա­տա­րա­նը մեր­ժած է ­Ռու­սիոյ քա­ղա­քա­ցի, յայտ­նի պլո­կըր Ա­լեք­սանտր ­Լափ­շի­նի բո­ղո­քը` զինք Ազր­պէյ­ճա­նին ար­տա­յանձ­նե­լու ­Պե­լո­ռու­սիոյ գլխա­ւոր դա­տա­խա­զու­թեան ո­րո­շու­մին դէմ:
­Պե­լո­ռու­սիոյ ­Գե­րա­գոյն ­Դա­տա­րա­նը ­Լափ­շի­նի բո­ղո­քար­կու­մը քննած է կէս ժա­մէն նո­ւազ տե­ւո­ղու­թեամբ:
­Լափ­շի­նի փաս­տա­բան ­Նա­թա­լիա ­Շե­քի­նա յայտ­նած է, որ իր պաշտ­պա­նեա­լը դա­տա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ չէ ե­ղած: Ան յայտ­նած է, որ ­Լափ­շի­նի կի­նը դի­մած է ­Մինս­քի ներ­քին գոր­ծոց գլխա­ւոր վար­չու­թեան քա­ղա­քա­ցիու­թեան եւ գաղ­թա­կան­նե­րու բա­ժան­մունք` պա­հան­ջե­լով յա­ւե­լեալ պաշտ­պա­նու­թիւն տրա­մադ­րել:
­Բա­ցի ատ­կէ, ան բո­ղոք ներ­կա­յա­ցու­ցած է Մ.Ա.Կ.ի մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու յանձ­նա­խում­բին, որ ար­դէն ըն­դու­նած է քննար­կել բո­ղո­քը:
­Պե­լո­ռու­սիոյ ­Գե­րա­գոյն ­Դա­տա­րա­նին կող­մէ ­Լափ­շի­նը ­Պա­քո­ւին ար­տա­յանձ­նե­լու մա­սին ո­րո­շու­մը օ­րի­նա­կան նկա­տե­լու պա­րա­գա­յին, ա­նի­կա ու­ժի մէջ կը մտնէ հրա­պա­րակ­ման պա­հէն սկսեալ:
Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ­Լափ­շի­նի կը սպառ­նայ քրէա­կան հե­տապնդում թիւ 281.2 (երկ­րին դէմ ուղ­ղո­ւած հրա­պա­րա­կա­յին կո­չեր) եւ 318.2 (Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան սահ­մա­նի ա­նօ­րի­նա­կան հա­տում) յօ­դո­ւած­նե­րով:
Եր­կու յօ­դո­ւած­նե­րուն հի­ման վրայ՝ ­Լափ­շին կրնայ մին­չեւ հինգ տա­րո­ւան բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տո­ւիլ: Ան Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ կը փնտռուի Ապ­րիլ 2011ին, ­Հոկ­տեմ­բեր 2012ին եւ ­Յու­նիս 2016ին ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բաղ այ­ցե­լե­լու, ինչ­պէս նաեւ՝ իր պլո­կին մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը քննա­դա­տե­լու հա­մար: Ատրպէյ­ճան 2011ին զինք նե­րա­ռած էր իր կող­մէ փնտռո­ւող ան­ձե­րու ցու­ցա­կին մէջ:
Ատր­պէյ­ճան ­Պե­լո­ռու­սիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն կը պա­հան­ջէ ­Լափ­շի­նը ար­տա­յանձ­նել ի­րեն: