­Ռու­սիա կրնայ հինգ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տա­նին մա­տա­կա­րա­րել մօտ 10 «Sukhoi SuperJet 100» օ­դա­նաւ, 2019 թո­ւա­կա­նին ա­ռա­ջին մա­տա­կա­րա­րում­նե­րը կրնան կազ­մել եր­կու­քէն մին­չեւ չորս օ­դա­նաւ: Այդ մա­սին լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նած Է Ռ.Դ. ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան եւ ա­ռեւ­տու­րի նա­խա­րար ­Տե­նիս ­Ման­թու­րով:
«­Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի հինգ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ընդ­հա­նուր առ­մամբ տա­սէն ոչ ա­ւե­լի օ­դա­նա­ւե­րու մա­տա­կա­րար­ման: Ս­կիզ­բը պի­տի մա­տա­կա­րա­րո­ւի եր­կու­քէն մին­չեւ չորս օ­դա­նաւ: Ե­թէ այս տա­րի մենք կազ­մենք հա­մա­պա­տաս­խան ծրա­գիր, ա­տոր հա­մար լու­ծում գտնենք, ա­պա՝ հա­շո­ւի առ­նե­լով ար­տադ­րու­թեան ծի­րը, մա­տա­կա­րա­րու­մը լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին պի­տի սկսի 2018 թո­ւա­կա­նի վեր­ջին ¬2019ի սկիզ­բը:
­Կը կար­ծեմ` ա­ւե­լի ի­րա­տե­սա­կան է 2019 թո­ւա­կա­նը, ո­րով­հե­տեւ թէ՛ 2017ին, թէ՛ 2018ին ծրա­գիր­նե­րը կա­տա­րո­ւած են պա­տո­ւէր­նե­րու եւ հա­մալ­րող մա­սե­րու մա­տա­կա­րար­ման տե­սան­կիւ­նէ»,- պատ­մած Է նա­խա­րա­րը:
Sukhoi SuperJet 100ը ռու­սա­կան մերձ-մայ­րու­ղա­յին մար­դա­տար օ­դա­նաւ Է 98 ու­ղե­ւոր­ներ տե­ղա­փո­խե­լու հա­մար մին­չեւ 4,4 հա­զար քի­լո­մեթր: Օ­դա­նա­ւը ա­ռա­ջին թռիչ­քը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած Է 2008 թո­ւա­կա­նի ­Մա­յի­սին, ա­ռեւտ­րա­յին շա­հա­գործ­ման յանձ­նո­ւած է 2011 թո­ւա­կա­նին: Օ­դա­նա­ւը կը կազ­մո­ւի Ա­մու­րի ­Քոմ­սո­մոլսք քա­ղա­քին մէջ,- կը հա­ղոր­դէ ՌԻԱ ­Նո­վոս­թին: