Կը հա­ւա­տանք մեր
ամ­բող­ջա­կան
նե­րու­ժին

Պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կենք
մին­չեւ վերջ­նա­կան յաղ­թա­նակ

 

27 ­Սեպ­տեմ­բե­րէն ի վեր Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած դա­ժան յար­ձա­կու­մը Ար­ցա­խի եւ ­Հա­յաս­տա­նի դէմ, ան­նա­խա­դէպ ճգնա­ժա­մի մը առ­ջեւ բե­րաւ հա­մայն հա­յու­թիւ­նը, որ իր բո­լոր ու­ժե­րով հա­մախմ­բո­ւե­ցաւ հայ­րե­նի պե­տու­թիւն­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան սրբա­զան գոր­ծին շուրջ։
­Հայ­կա­կան բա­նա­կի խի­զախ դի­մադ­րու­թիւ­նը ատր­պէյ­ճա­նա-թրքա­կան յար­ձա­կում­նե­րուն դէմ եւ մեր քա­ջա­րի զի­նո­ւոր­նե­րու սխրանք­նե­րը՝ ան­հուն հպար­տու­թեամբ կը լեց­նեն հայ մար­դու հո­գին, նոր ուժ հա­ղոր­դե­լով բո­լո­րին։
Անց­նող 20-օ­րեա­կին ըն­թաց­քին, ան­մի­ջա­կան ե­ղան սփիւռ­քի բո­լոր գա­ղութ­նե­րու ար­ձա­գանգ­նե­րը, հայ­րե­նի հո­ղէն հնչած կո­չե­րուն։ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռոյ­ցը իր ամ­բող­ջա­կան կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցուց, սա­տար հան­դի­սա­նա­լով մեր ազ­գի գո­յա­պահ­պա­նու­մը ե­րաշ­խա­ւո­րող հա­յոց բա­նա­կին ու զոյգ պե­տա­կա­նու­թեանց։ Այս­պէս՝ քա­նի մը ա­ռիթ­նե­րով բո­ղո­քի ցոյ­ցեր, քայ­լար­շաւ­ներ եւ հան­րա­հա­ւաք­ներ ու դրա­մա­հա­ւաք­ներ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի մե­ծա­գոյն քա­ղաք­նե­րուն մէջ, քա­րոզ­չա­կան լայն աշ­խա­տանք տա­րո­ւե­ցաւ երկ­րի պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն, խորհր­դա­րա­նա­կան, քա­ղա­քա­պե­տա­կան ու հա­սա­րա­կա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն մօտ, ա­պա­հո­վե­լով յոյն ժո­ղո­վուր­դի միա­հա­մուր զօ­րակ­ցա­կան կե­ցո­ւած­քը, որ դրսե­ւո­րո­ւե­ցաւ նաեւ պե­տա­կան-կա­ռա­վա­րա­կան մա­կար­դա­կի խօ­սուն նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով։ Այս գոր­ծին մէջ, Հ.Յ.Դ. կա­ռոյց­նե­րուն կող­քին, ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­ցան մեր գա­ղու­թի հո­գե­ւոր-ազ­գա­յին ու միու­թե­նա­կան բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը, միաս­նա­կան կե­ցո­ւածք դրսե­ւո­րե­լով հա­յու­թեան հա­մար ճա­կա­տագ­րա­կան այս պա­հե­րուն։
­Ներ­կա­յիս, հա­կա­ռակ եր­կու ան­գամ հա­մա­ձայ­նո­ւած զի­նա­դա­դա­րին, պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կը կը շա­րու­նա­կէ մնալ թէժ, ա­չա­լուրջ հսկո­ղու­թիւն պար­տադ­րե­լով մեր բո­լո­րին կող­մէ։ Ար­ցա­խի ու ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րուն վրայ կանգ­նած հայ զի­նո­ւո­րը, պա­հես­տա­ւոր ու­ժե­րը, խա­ղաղ բնակ­չու­թիւ­նը պէտք է ա­մէն վայր­կեան զգան, թէ մի­նակ չեն, այլ ամ­բողջ հա­յու­թիւ­նը ի­րենց թի­կուն­քին կանգ­նած է, լա­րո­ւած ու­ժե­րով։ Իսկ ­Թուր­քիա եւ Ատր­պէյ­ճան պէտք է զգան հա­յու­թեան կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ան­նա­խա­դէպ զօ­րա­շար­ժը, որ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան առ­ջեւ միշտ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ ի­րենց վայ­րագ յան­ցա­գոր­ծու­թեանց մերկ ե­րե­սը։
­Մեր ազ­գի լի­նե­լիու­թեան խնդիրն է մեր առ­ջեւ։ ­Հա­ւա­տանք մեր ամ­բող­ջա­կան նե­րու­ժին։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ

#յաղ­թե­լու ենք