Հ.Յ.Դ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ՝
Հայաստանի Հանրապետութեան 102րդ տարեդարձի առցանց նշում
ելոյթը կը վայելէր Հ.Հ. Յունաստանի մէջ դեսպանի հովանաւորութիւնը
Հինգշաբթի՝ 28 Մայիս 2020ի գիշերուան ժամը 9ին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի կազմակերպութեամբ, համացանցին վրայ մեկնարկեց Հայաստանի Անկախութեան 102րդ տարեդարձին նուիրուած առցանց ելոյթը, որ սփռուեցաւ «Ազատ Օր»ի եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի կայքէջերէն ու Դիմատետրի էջերէն, ինչպէս նաեւ նոյն ժամուն վերարտադրուեցաւ միութիւններու եւ անհատներու ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ, առիթը տալով յունահայ բովանդակ զանգուածին եւ Հայաստանի ու արտասահմանի տարածքին վրայ ապրող հայրենակիցներուն հաղորդ դառնալու Մայիսեան փառապանծ անկախութեան խորհուրդին՝ առցանց տօնակատարութեամբ եւ պատշաճ նշումով։
Թէպէտ, Յունաստանի մէջ «Պսակաձեւ» ժահրի պատճառած արգիլումները գրեթէ վերացած են, այսուհանդերձ հրապարակային եւ ժողովուրդի մասնակցութեամբ ելոյթ կազմակերպելու սահմանումներուն առջեւ, համացանցի վրայ ներկայացուած ելոյթը առիթը տուաւ աւելի մեծ թիւով հայորդիներու, գէթ հեռուէն, վերանորոգելու իրենց ուխտն ու հաւատարմատութիւնը հայոց պետականութեան ստեղծման անկրկնելի եւ խորհրդաւոր իտէալին։ Դարաւոր երազ մը, որ 28 Մայիս 1918ին, կենսագործուեցաւ շնորհիւ հայութեան դիմադրականութեան եւ ազատ ապրելու ձգտումին, հիմը դառնալով այսօրուան անկախ հայրենիքի գոյութեան ու բարգաւաճման։
Որոշեալ ժամուն, ելոյթի բացումը կատարուեցաւ «Համազգային»ի երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ ընկ. Մկրտիչ Գրիգորեանի, որ երգեց Յունաստանի եւ Հայաստանի ոգերգները։
Բացման խօսքը կատարեց ընկ. Արամ Գոլանեան, որ շեշտեց թէ՝ «Շնորհիւ Մայիսեան յաղթանակներուն, մենք այսօր ունինք Հայրենիք, շօշափելի եւ տեսանելի ազատ երկիր, որ ամէն գիտակից հայու հոգին ազգային ինքնութեան հպարտութեան զգացումով կը լեցնէ: Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարը կ՚ապրի հայութեան հոգիի եւ գիտակցութեան մեջ: Աժմէական է եւ անմիջականօրէն կապուած մեր պատմական տարածքներու վերատիրացման, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման, պահանջատիրութեան եւ փոխհատուցման հետ»:
Ցոյց տրուեցաւ «Երկիր Մետիա» հեռուստակայանին կողմէ պատրաստուած պատմական-վաւերագրական բովանդակութեամբ տեսաերիզ մը, որ ներկայացուց Մայիսեան անկախութեան հռչակման պատմական ենթահողը, անկախ Հանրապետութեան զարգացման փուլերը, Սեւրի դաշնագիրի պատմական եւ իրաւական նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ այն բոլոր նուաճումները որոնք ուղենշային են այսօրուան անկախ մեր հայրենիքի զարգացման համար։
Յաջորդաբար, կարդացուեցաւ անկախութեան նուիրուած ելոյթի հովանաւորութիւնը կրող՝ Հ.Հ. Յունաստանի մէջ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պ. Ֆադէյ Չարչօղլեանի ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ դեսպանը շեշտեց՝ «Այսօր վերստին անկախ է մեր Հայրենիքը: Մայիսեան փառապանծ յաղթանակներով փրկուած հայրենի փոքրիկ հողի վրայ մեր ժողովուրդն ապրում է եւ շէնացնում Հայրենիքը:
Մեզ համար պատիւ է անկախութիւնն ամրապնդող սերունդը լինելը։
Մենք պատասխանատուութիւն ենք կրում միասնաբար հանդէս գալու, միասին աշխատելու, նոր մարտահրաւէրներին ընդառաջ միասնաբար առաջ ընթանալու հարցում, մենք կարող ենք, առանձին-առանձին կորցնելու փոխարէն, միասնաբար յաղթել։ Մենք պատասխանատուութիւն ենք կրում իրեն հայ կոչող իւրաքանչիւր սփիւռքահայի ողջունելու եւ գրկաբաց ընդունելու հարցում»։
Օրուան բանախօսն էր ընկ. Միհրան Քիւրտօղլեան որ կատարեց անկախութեան արժեւորումը, նշելով թէ, նոյնիսկ անկախութեան կորուստէն ետք՝ Դաշնակցութիւնն էր, որ սերունդներուն ներշնչեց անկախութեան ու միացեալ հայրենիքի տեսլականը, եռագոյնին հպարտութիւնը, «մեր հայրենիք» ոգերգին յուզումը եւ կուրծքի զարդ դարձուց կորուսեալ պետութեան զինանշանը:
Իր խօսքը կեդրոնացնելով այսօրուան անկախ Հայաստանի իրականութեան վրայ, բանախօսը շեշտեց, թէ հազարամեայ մեր պատմութեան մէջ մենք չենք եղած այնքան բարգաւաճ, այնքան յառաջադէմ ու կազմակերպ, որքան այսօր: Ունինք յաղթապանծ բանակ , անկախ պետութիւն եւ ներուժ սփիւռք: Գիտենք նաեւ Մայիս 28ի սորվեցուցած դասը առ այն, որ պիտի ունենանք դէպքերու եւ իրադարձութեանց հոլովոյթը մեզի ենթարկելու կամքն ու վճռականութիւնը:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Յունաստանի Երիտ. միութեան ուղերձը տուաւ ընկ. Սամուէլ Սամուէլեան, շեշտելով թէ՝ «Դաշնակցական երիտասարդութիւնը, ինչպէս միշտ, այդպէս ալ այսօր, ներկայ է մեր Դատի հետապնդման աշխատանքներու առաջին շարքին, տալով իր լաւագոյնը ու միշտ հաւատարիմ մնալով մեր ժողովուրդի արդար պահանջներուն: Մեր գաղափարներով առաջնորդուելով, պիտի գտնուինք մեր Հայրենիքի կողքին, այս թանգարժէք «նուէրին», որ մեզի փոխանցուեցաւ Մայիս 1918ի եւ Արցախի հերոսական սերունդէն, որպէսզի ան յառաջդիմէ եւ զարգանայ»:
Յունահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան՝ Ազգային իշխանութիւններու անունով, յղեց իր հայրական խօսքը, ընդգծելով թէ՝ 1918ի Մայիսեան հերոսամարտերը եւ Հայաստանի անկախ պետականութեան հաստատումի տարեկան տօնակատարութիւնը իրենց թելադրական կարեւոր հետեւեալ իմաստը ունին՝ նոր սերունդներուն յիշողութեան մէջ վառ պահել հրաշալի յաղթանակի մանարամասնութիւնները եւ հայրենասիրութեան ներշնչման ոգեւորող աղբիւր դառնալ։
Յայտագիրի տեւողութեան, մէջ ընդ մէջ, ցուցադրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներէն՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի, Սիմոն Վրացեանի, Ռուբէնի, Աւետիս Ահարոնեանի եւ Նիկոլ Աղբալեանի խօսքերէն բաժիններ, նուիրուած հայոց անկախութեան կերտումի փառաւոր օրերուն։
Գեղարուեստական յայտագիրի գործադրութեամբ, հանդէս եկաւ ընկ. Հռիփսիմէ Կարապետեան, որ ապրումով ասմունքեց Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը։ Համազգայինի «Յ. Փափազեան» երգչախումբը, ընկ. Մկրտիչ Գրիգորեանի խմբավարութեամբ, ոգեւորութեամբ երգեց յեղափոխական երգերու շարան մը եւ «Մուշ» երգը։ Համազգայինի «Նայիրի», «Նանօր» եւ «Մարալօ» պարախումբերը, ընկ. Էտկար Էկեանի եւ Աննա Պօղոսեան պարուսուցութեամբ, ներկայացուցին հայկական պարերու տպաւորիչ շարք մը։
Յայտագիրի վերջին մասին, երիտասարդ ընկերներ Երուանդ Մանուկեան, Թամար Պարսամեան եւ Անդօ Նաճարեան նուագեցին եւ ոգեւորութեամբ երգեցին «Անուշ հայրենիք» ու «Գետաշէն» երգերը։
Հայաստանի Անկախութեան նուիրուած առցանց ելոյթը իր աւարտին հասաւ, «Սարդարապատ» երգի ներկայացումով՝ Հայաստանի ֆիլարմոնիք նուագախումբի եւ երգչախումբի կատարողութեամբ, որ տեղի ունեցած էր 2018ին, Երեւանի մէջ, անկախութեան 100ամեակին առիթով շքեղ ելոյթի ընթացքին։
Ելոյթը կարելի է դիտել «Ազատ օր»ի կայքէջին վրայ, հետեւեալ յղումով՝ https://azator.gr/?p=15904։