Սիրելի հայրենակիցներ,
Սիրելի ընկերուհիներ,

Համաշխարհային առողջապահական տագնապ կ՚ապրի մարդկութիւնը COVID-19 «Քորոնա» ժահրի պատճառած հիւանդութեան հետեւանքներով: Պետութիւնները արտակարգ միջոցառումներու դիմած են կասեցնեու համար համաճարակի տարածումը, որոնց կարգին նաեւ Յունաստանը:
Հայ Կապոյտ Խաչը անմիջապէս միութենական աշխատանքները յարմարեցուց ներկայ պայմաններուն եւ իր ծրագիրները յետաձգեց, հետեւելով իշխանութիւններուն կոչերուն:
Այս դժուար օրերուն, Հայ Կապոյտ Խաչին համար կարեւոր է մեր ազգակիցներուն առողջութիւնը, ապա նաեւ՝ կարելի եւ խոհեմ  ձեւով գաղութային կեանքին  պահպանումը:
Հայ Կապոյտ Խաչը միշտ պատրաստ է օգտակար հանդիսանալու օգնութեան եւ խնամքի կարիքը ունեցող հայրենակիցներուն: Մեր գաղութի միայնակ, տարեց կամ հիւանդ անձեր, որոնք հարազատներ չունին իրենց աջակցելու համար այս դժուար օրերուն, պիտի գտնեն հարազատ օգնութեան ձեռք մը Հ.Կ.Խ.ին մօտ: Եթէ մեր ուշադրութենէն վրիպած են այսպիսի պարագաներ, կը խնդրուի տեղեակ պահել Շրջանային Վարչութեան կամ մեր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն՝ հեռաձայնի հետեւեալ թիւերուն.-
— 210 9574973` Երկուշաբթի-Ուրբաթ, ժամը 10:00-13:00
— 6937147293` ամէն օր
Յոյսով որ այս ցաւալի մարտահրաւէրը պիտի յաղթահարուի արագօրէն, մինչ այդ՝ բոլորս մնանք միացած, զիրար ոգեւորող եւ առողջ:

Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչ