Ար­տա­կարգ դրու­թիւ­նը ո­րու մատ­նո­ւած է ամ­բողջ աշ­խար­հը՝ «­Քո­րո­նա» ժահ­րի ստեղ­ծած ի­րա­վի­ճա­կին պատ­ճա­ռով, հե­ռան­կա­րա­յին լուրջ հե­տե­ւանք­ներ կը նա­խա­տե­սէ եր­կիր­նե­րու ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն եւ տնտե­սու­թիւն­նե­րուն վրայ։
Այս տագ­նա­պին ըն­դա­ռաջ զգօն գտնո­ւե­լու եւ կա­ցու­թիւն­նե­րը լա­ւա­գոյնս դի­մագ­րա­ւե­լու նպա­տա­կով, ­Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը իր կար­գին, ա­րա­գօ­րէն ար­ձա­գան­գեց ­Յու­նաս­տա­նի պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն կող­մէ շա­րու­նա­կա­բար ա­հա­զան­գո­ւող մի­ջոց­նե­րուն։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէն եւ իր ամ­բողջ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րը՝ Հ.Կ. ­Խաչն ու Հ.Գթ. ­Խա­չը, ­Հա­մազ­գա­յինն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ը, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ու ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րը, առ­ժա­մա­բար կա­սե­ցու­ցին կամ փո­փո­խե­ցին ի­րենց ծրա­գիր­ներն ու աշ­խա­տանք­նե­րը, յա­ռա­ջա­նա­լով վար­ժա­րան­նե­րու եւ ա­կումբ­նե­րու ա­ռօ­րեայ գոր­ծու­նէու­թեան դադ­րեց­ման, միու­թե­նա­կան ընդ­հա­նուր աշ­խա­տանք­նե­րու ձե­ւա­փոխ­ման՝ նա­խազ­գու­շու­թեան բարձ­րա­գոյն մա­կար­դա­կը որ­դեգ­րե­լով ա­մէ­նու­րեք։
­Յու­նաս­տա­նի մար­զա­յին-քա­ղա­քա­պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ յա­ճա­խա­կի ցուց­մունք­նե­րուն հե­տե­ւե­լով՝ մա­մու­լով ու հա­մա­ցան­ցով ուղ­ղու­թիւն­ներ ու թե­լադ­րանք­ներ կը փո­խան­ցո­ւին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, վա­րա­կի շուրջ ի­րա­զեկ­ման ար­շաւ մը ի­րա­գոր­ծե­լով ու կան­խար­գիլ­ման մի­ջոց­նե­րը բա­ցատ­րե­լով։
Ար­տա­կարգ այս դրու­թեան պայ­ման­նե­րը մեզ բո­լորս կը պար­տադ­րեն զգոյշ վա­րո­ւե­լու բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րուն վրայ, գի­տակ­ցե­լով տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին լուրջ հե­տե­ւանք­նե­րուն շուրջ։ Ան­շուշտ, նոյն այս տագ­նա­պը, մեզ բո­լորս կ­՚ուղ­ղէ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան նոր մի­ջոց­ներ որ­դեգ­րե­լու, հա­մա­ցան­ցը լայ­նօ­րէն օգ­տա­գոր­ծե­լով, անհ­րա­ժեշտ ժո­ղով­ներն ու խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը կա­յաց­նե­լու հա­մար։
­Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,
Այս ծանր մար­տահ­րա­ւէ­րի պա­հուն, մեր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը փոր­ձու­թեան մատ­նո­ւած ըլ­լա­լով հան­դերձ, պար­տի մնալ գի­տա­կից, պա­տաս­խա­նա­տու ու կար­գա­պահ, լա­ւա­տե­սու­թեամբ ըն­կա­լե­լով իր առ­ջեւ եր­կա­րող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէ
Ա­թէնք, 18-3-2020